ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ ԱԶԴ – ԱՌ ՈՐ ԱՆԿ Է
5 Սեպտեմբեր 2025
Յարգելի գրչակից բարեկամ,
Թուականես շուրջ երկու տարի առաջ սրտի խոր կսկիծով ԶԱՐԹՕՆՔ գուժած էր եռանդուն կուսակցական գործիչ, ՌԱԿ-ի Մամուլի՝ «ԶԱՐԹՕՆՔ»-ի, «ՊԱՅՔԱՐ»-ի, «ՆՈՐ ՕՐ»-ի եւ «THE ARMENIAN MIRROR SPECTATOR»-ի աշխատակից եւ քաջածանօթ հրապարակագիր՝ ընկ. ՆԵՐՍԷՍ ՊԱՊԱՅԵԱՆի անակնկալ մահուան բօթը: Ան իր մահկանացուն կնքած էր Նիւ Եորքի մէջ ԱՄՆ, 8 Նոյեմբեր 2023-ին:
Ինչպէս Ձեզի ծանօթ է, Ընկ. Ներսէս Պապայեան արժանաւոր շառաւիղն էր Պապայեան երախտաշատ ընտանիքին, զաւակը՝ Պէյրութի Վահան Թէքէեան Վարժարանի վաստակաշատ նախկին տնօրէն՝ Երուանդ Պապայեանին:
Մինչ անհուն կարօտով միշտ կը յիշենք հոգեհարազատ մեր ընկեր Ներսէսը, իր վաստակաւոր քրոջ՝ Դոկտ. Սիլվային եւ եղբօր՝ ժրաջան միութենական ընկեր Արային, հանգուցեալին ազնիւ տիկնոջ` Հերմինէին, իր արժանաւոր զաւակներուն՝ Երուանդին եւ Թալինին եւ իրենց ընտանիքներուն գիտակցութեամբ, «ԶԱՐԹՕՆՔ» որոշած է ընկեր Ներսէսի մահուան երկրորդ տարելիցին առիթով հրապարակել մեր սիրելի ընկերոջ նուիրուած համեստ Յաւելուած մը (երախտաշատ աշխատակիցներու եւ բարեկամներու պարագային ի գործ դրուած, մեր թերթին բարի աւանդոյթին համաձայն), յարգելու համար երախտաւորին անթառամ յիշատակը:
Այս առիթով կը դիմենք Ձեզի մինչեւ սոյն թուականի Հոկտեմբերի 15-ը, ել-նամակի միջոցաւ՝ zartonkadl@gmail.com , ընկեր Ներսէս Պապայեանին յիշատակին նուիրուած գրութեամբ մը, նկարով, յուշագրութեամբ, կամ Ձեր կողմէ պատշաճ նկատուած մասնակցութեամբ, օգտակար հանդիսանաք նշեալ Յաւելուածին բովանդակութեան հարստութեան:
Վստահ ըլլալով, որ նման բարի առաջարկի մը համար պիտի չզլանաք Ձեր սուղ ժամանակէն տրամադրել, օգտակար հանդիսանալու մեզի, լաւագոյնս իրագործելու մեր ազնիւ նպատակը՝ յարգելու համար մեր սիրելի ընկերոջ եւ աշխատակիցին անմեռ յիշատակը:
Կանխայայտ շնորհակալութեամբ,
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Գլխաւոր խմբագիր
Հեռախօս: +374 77 937 281 / Whatsapp/Viber: +961 3 824 833