Շաբաթ, 06. 09. 2025

spot_img

ԳՈՅԺ – Ոչ եւս է Ռոպէր Հատտէճեանր

Այսօր, Պոլսահայ մեր բազմավաստակ երէց գործընկերն ու պաշտօնակիցը՝ Ռոպէր Հատտէճեանը իր մահկանացուն կնքած է:  

Ժամեր առաջ զինք գուժած  է «Մարմարա»-ն, որուն մէջ կը կարդանք հետեւեալը.

Մեր Խմբագրապետը, Պոլսահայ Նորագոյն Գրականութեան Ոսկեղէն Բազում Էջերու Հեղինակ Ռ. Հատտէճեան՝ Յաւերժի Ճամբորդ

………………..

Մեծ սուգ է ՄԱՐՄԱՐԱ-ի ընտանիքի համար։

Մեր երկարամեայ խմբագրապետը՝ Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ կեանքի դարադարձը նշելէ երեք ամիս առաջ, այս առտու, պատկառելի տարիքին մէջ աւարտեց իր երկրային ուղին ու բռնեց յաւերժութեան ճամբան։

Սուգ է համայնքի ու բոլոր անոնց համար, որոնք ԶԻՆՔը ճանչցան ո՛չ միայն որպէս անփոխարինելի խմբագիր, այլ որպէս ՄԱՐԴ՝ մեծատառով։

Անսակարկելի ճշմարտութիւն է որ ՄԱՐՄԱՐԱ-ն իր ոսկեդարը ապրեցաւ Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆի շնորհիւ։ 1967 թուականէն սկսեալ՝ իր խմբագրապետութեան ներքեւ, մեր թերթը միայն չհրատարակուեցաւ, այլ շնչեց, սիրեց, կերտեց, ապրեցաւ, պայքարեցաւ։

Լեզուի պահապան էր Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ, նաեւ հոգիի ջահակիր՝ անոնց համար, որոնց սրտին մէջ կենդանի է հայ ոգին եւ որոնց համար մայրենին արժէք մը չէ միայն, այլ կեանքի բաբախուն մասնիկ։

Տիպար լրագրողի մարմնացում էր Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ։ Ո՛չ մէկը վիրաւորեց, անտարբեր չգտնուեցաւ դիմացինի արժանապատուութեան նկատմամբ, իր քննադատութիւններու մէջ մնաց զուսպ ու հաւասարակշռուած. սիրեց, յարգեց, սորվեցուց։

Պոլսահայութեան վերջին 60ամեակի հզօր պատմիչներէն մէկն էր Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ, անփոխարինելի վկայագիրը այն տարիներու, երբ մեր հասարակութիւնը դեռ հայախօս էր, երբ հայ մամուլը հպարտութեամբ կը կարդացուէր տուներէն ներս։

ՄԱՐՄԱՐԱ-ն ունեցաւ բազմահազար ընթերցողներ, որոնց համար թերթը մասունք էր, իսկ Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆի յօդուածները՝ բարոյական սուրբ նշխար։

Յարգանքի ու սիրոյ արժանի մարդ էր Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ։ Ապրեցաւ ստեղծագործական կեանքի գագաթային պահերը, մեծարուելով Սփիւռքի գաղթօճախներու ու Հայաստանի պետական ու հասարակական շրջանակներէն ներս։

Բախտաւոր ծնող էր Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ։ Միշտ մնաց ընտանիքի հոգածութեան կիզակէտին վրայ։ Զոյգ որդիները մինչեւ վերջին վայրկեանները «պահակ» մնացին իր սնարին քով։ Այս առտու ժամը 8։30ի շուրջ, արժանապատիւ հեռացաւ սիրով շրջապատուած ու խաղաղ սիրտով։ Հոգին աւանդեց իր որդիներուն ձեռքերուն մէջ ու անցաւ յաւերժութեան անդորրը՝ անջնջելի հետք թողլով մեր բոլորի յիշողութեան մէջ։

Այսօր որբացաւ ՄԱՐՄԱՐԱ-ի ընտանիքը։ Որբացան նաեւ անոնք, որոնք սիրեցին հայ մամուլը, վայելեցին Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆի բեղուն գրիչէն յամեցող գրական շունչը, ոգեշնչուեցան ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԱԿԱՆ գաղափարներով։

Մեր խոնարհումը ձեզի՝ սիրելի ԽՄԲԱԳՐԱՊԵՏ։

Մեր երախտագիտութիւնը ձեր ապրած կեանքին։

Մեր խոստումը՝ անսասան հաւատքով փարած մնալու ձեր դաւանած արժէքներուն։

Թող լոյսերով ողողուի ձեր երկնային ճամբան։

ՄԱՐՄԱՐԱ-Ի ԽՄԲԱԳՐԱԿԱԶՄ

****

Այս տխուր առիթով «ԶԱՐԹՕՆՔ» խորապէս կը վշտակցի «ՄԱՐՄԱՐԱ»-ի խմբագրակազմին ինչպէս նաեւ անոր ընթերցողներու մեծ փաղանգին: Թող, որ մեր Վարպետին յիշատակը մնայ անթառամ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին