Յայտարարութիւն – ՌԱԿ-ի Համադրուած Մամուլ
Սրտագին Կոչ՝ Մասնակցելու «Ապագայ» Շաբաթաթերթի 50-րդ Տարեդարձին Առիթով, Տարեկան Դրամահաւաքին
«ԱՊԱԳԱՅ» Շաբաթաթերթը, որպէս Գանատահայ առաջին եւ եռալեզու շաբաթաթերթ այս տարի կը լրացնէ իր հրատարակութեան 50-րդ ոսկեայ տարեդարձը:
Ան իր 1975-ին լոյս տեսած առաջին թիւէն սկսեալ անփոխարինելի շաղկապը հանդիսացաւ մոնթրէալահայութեան, գանատահայութեան, հայրենիքի եւ ամբողջ հայ իրականութեան բոլոր մասնիկներուն միջեւ:
Հակառակ տարբեր ժամանակներու մէջ մեր դիմագրաւած տարբեր դժուարութիւններուն, «ԱՊԱԳԱՅ»ն անխափան կը շարունակէ իր կանոնաւոր հրատարակութիւնը եւ նոյնիսկ, զայն առցանց հասանելի դարձուցած ենք ամբողջ գանատահայութեան եւ աշխարհատարած մեր ընթերցողներուն:
Այսպիսի առաքելութիւն մը թանկագին հայրենակիցներ, անհրաժեշտօրէն պէտք ունի մեր ընթերցողներու շարունակական նիւթական ուղղակի օժանդակութեան: Մոնթրէալի Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը ըլլալով հրատարակիչը «ԱՊԱԳԱՅ» շաբաթաթերթին, նոյնպէս վեց տասնամեակներէ ի վեր կը ծաղկեցնէ մոնթրէալահայ գաղութը իր մշակութային, ընկերային եւ ազգային դաստիարակչութեան ճոխ ծրագիրներով, որոնք եւս պէտք ունին ձեր ազնիւ նիւթական նեցուկին:
Ահա ուրեմն սիրելի ընթերցողներ այս բոլորին համար ներկայ գրութեամբ կոչ կ’ընենք ձեզի, որպէսզի առատաձեռնութեամբ ձեր ազնիւ եւ գիտակից մասնակցութիւնը բերէք անոր, ինչպէս ազնուօրէն կատարած էք անցեալ տարիներուն:
Բնականաբար կրնաք ձեր փոխգիրը սովորական ձեւով ուղարկել Թէքէեան Մշակութային Միութեան հետեւեալ հասցէին՝
825 rue Manoogian, St-Laurent, QC, H4N 1Z5
Իսկ ձեր նուիրատուութիւնը ինթերնէթի միջոցաւ կատարելու համար հաճեցէք հեռաձայնել 514-747-6680 մեր գրասենեակի թիւին: Բոլոր նուիրատուութեանց դիմաց պիտի ստանաք տուրքէ զերծ մնալու համապատասխան ստացագիր:
Միասնական ջանքերով է որ պիտի կարենանք շարունակական պահել այս ազգանուէր գործունէութիւնը:
Կանխայայտ շնորհակալութիւն Ձեր բոլորին:
Թէքէեան Մշակութային Միութեան Հանգանակիչ Յանձնախումբ