Երեքշաբթի, 02. 09. 2025

spot_img

«Մաքուր Պահենք Մեր Միջավայրը»

Տեսանկիւն

Հայանուն եւ սկզբունքով հայաբոյր Վանաձորի մէջ կը քալէի, երբ հետեւեալ տեսարանին առջեւ յայտնուեցայ.

Հայու խանութի դրան առջեւ աղբաման մը, որ մաքրասիրական տեսանկիւնէ, սկզբունքով ողջունելի  բան է: Սակայն եկուր տես, որ վրան թրքերէնով գրուած էր «çevremizi temiz tutalım» (Մաքուր պահենք մեր միջավայրը):

Ինձ համար բաւական խորթ եւ ընդվզեցուցիչ երեւոյթ մը ըլլալուն պատճառով կանգ առի եւ ուզեցի նկարել, յետագային սոյն սիւնակով  անդրադառնալու համար անոր մասին:

Խանութի տիրուհին, որ դուրսն էր, զարմացած, քիչ մըն ալ բարկացած հարցուց ինչո՞ւ կը նկարեմ: Բացատրեցի երեւոյթին տգեղութիւնը՝ թարգմանելով թրքերէն տողը: Նաեւ շեշտեցի, որ վիճակը աւելի եւս ողբերգական կը դառնայ երբ ան զետեղուած է «Տիգրան Մեծ» փողոցի անունը կրող ցուցանակի մը տակ:  Տիկինը չհասկցաւ պարզուած հակասութիւնը…:

Փորձեցի խնդիրը իր հետ խորքային, սակայն պարզաբանուած ոճով քննարկել: Բացատրեցի, որ երբ ոեւէ արտադրութիւն մը կը գնենք, քաջալերած կ՛ըլլանք զայն արտադրողը, որ իր հերթին իր արտադրութեան վաճառքէն յառաջացած շահին համեմատ հարկեր կը վճարէ իր պետութեան: Իսկ եթէ այդ ապրանքը արտադրուած է Թուրքիոյ մէջ, ապա հարկէն օգտուող պետութիւնը մեր ժողովուրդի թշնամին՝ Թուրքիան  է: Թրքական պետութիւնը, իր հերթին նման հարկերէ գոյացած իր պետական պիւտճէէն կը տրամադրէ իր սպառազինման: Ան  օրինակ կ՛արտադրէ «Պայրաքտար» անօթաչու սարքեր, որոնք կ՛արտածէ կամ կը տրամադրէ Ազրպէյճանին: Ահաւասիկ այդ զէնքերուն զոհը գացին մեր լոյս տղաքը, որոնք ինկան Արցախի մարտերուն ընթացքին: Աւարտին հարցուցի, թէ ինք նահատակ հարազատներ չունի՞: Ցաւով յիշեց, որ ունի: Ինքզինքս աւելի չկարենալով զսպել բացագանչեցի, որ ահա այդ հայորդիին զոհուելուն մէջ ինքը եւ իր նման բոլոր այն հայերը, որոնք նման արտադրութիւններ կը գնեն կամ կը ծախեն պատասխանատուութեան բաժին ունին:

Հոգեկան հարուածը ծանր էր: Անմիջապէս ձեռնարկեց թրքերէն այդ տողը ջնջելու աղբամանին վրայէն: Մինչ այդ, ուրիշ խումբ մը «հանդիսատեսներու» կարգին մարդ մը մօտեցաւ կնոջ (ենթադրաբար ամուսինը), ու բարկացաւ կնոջ վրան պոռալով. «պրախի»: Համբերութեանս բաժակը յորդած էր: Մօտեցայ մարդուն եւ ըսի. «Հայրենակից, կնոջդ տուած հրահանգդ գոնէ հայերէնով տուր»: Զարմանալով չորս կողմիններուն հարցուց. «բա պրախի հայերէն չէ՞»: Ո՛չ մէկը պատասխանեց: Վստահ չեմ եթէ չուզելով, թէ չիմանալով…: Բացատրելէ ետք, որ իր օգտագործած բառն ալ թրքերէն է ինչպէս նշեալ տողը, շեշտեցի, որ այդ տողը՝ ափսոս, որ  պրախի թէ ոչ, խորքային հարց մը չէր լուծեր, սակայն գոնէ երեւոյթ կը փրկէր…: Ոչ մէկ բան արտայայտող աչքերով նայեցաւ ինծի, գուցէ նաեւ մտածելով, որ այս նեղ մաճալին այս տարօրինակ մարդը ուրտեղէն բուսաւ այսօր…:

Հեռացայ վայրէն մտածելով, որ ինչպէ՞ս կարելի է նման տարրական հայրենասիրութիւն սորվեցնել հինաւուրց Նայիրեան մեր ժողովուրդին մնացորդածին տակը մնացած այս դասակարգին, որ սորվելու ալ տրամադրութիւն չունի:

Հիմա նստած կը մտածեմ, որ հեգնանքը կրկնակի է երբ նկատի ունենանք, որ թուրքերն է, որ մեզի պէտք է մաքրութիւն սորվեցնեն, յուշելով, որ մեր քաղաքը՝ այս պարագային Վանաձորը, մաքուր պահենք:

Կը մնայ հարց տալ, որ մաքրութենէ, վեր եւ անդին ե՞րբ պիտի սորվինք մաքուր պահել մեր լեզուն եւ ազգային ոգին: Բան մը, որ բնականաբար թուրքերը չէ, որ պիտի ընեն…. Պարզ է, որ անոնք կը ձգտին եւ պիտի ձգտին ճիշտ հակառակին:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img
Նախորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին