Տեսանկիւն
Հայանուն եւ սկզբունքով հայաբոյր Վանաձորի մէջ կը քալէի, երբ հետեւեալ տեսարանին առջեւ յայտնուեցայ.
Հայու խանութի դրան առջեւ աղբաման մը, որ մաքրասիրական տեսանկիւնէ, սկզբունքով ողջունելի բան է: Սակայն եկուր տես, որ վրան թրքերէնով գրուած էր «çevremizi temiz tutalım» (Մաքուր պահենք մեր միջավայրը):
Ինձ համար բաւական խորթ եւ ընդվզեցուցիչ երեւոյթ մը ըլլալուն պատճառով կանգ առի եւ ուզեցի նկարել, յետագային սոյն սիւնակով անդրադառնալու համար անոր մասին:
Խանութի տիրուհին, որ դուրսն էր, զարմացած, քիչ մըն ալ բարկացած հարցուց ինչո՞ւ կը նկարեմ: Բացատրեցի երեւոյթին տգեղութիւնը՝ թարգմանելով թրքերէն տողը: Նաեւ շեշտեցի, որ վիճակը աւելի եւս ողբերգական կը դառնայ երբ ան զետեղուած է «Տիգրան Մեծ» փողոցի անունը կրող ցուցանակի մը տակ: Տիկինը չհասկցաւ պարզուած հակասութիւնը…:
Փորձեցի խնդիրը իր հետ խորքային, սակայն պարզաբանուած ոճով քննարկել: Բացատրեցի, որ երբ ոեւէ արտադրութիւն մը կը գնենք, քաջալերած կ՛ըլլանք զայն արտադրողը, որ իր հերթին իր արտադրութեան վաճառքէն յառաջացած շահին համեմատ հարկեր կը վճարէ իր պետութեան: Իսկ եթէ այդ ապրանքը արտադրուած է Թուրքիոյ մէջ, ապա հարկէն օգտուող պետութիւնը մեր ժողովուրդի թշնամին՝ Թուրքիան է: Թրքական պետութիւնը, իր հերթին նման հարկերէ գոյացած իր պետական պիւտճէէն կը տրամադրէ իր սպառազինման: Ան օրինակ կ՛արտադրէ «Պայրաքտար» անօթաչու սարքեր, որոնք կ՛արտածէ կամ կը տրամադրէ Ազրպէյճանին: Ահաւասիկ այդ զէնքերուն զոհը գացին մեր լոյս տղաքը, որոնք ինկան Արցախի մարտերուն ընթացքին: Աւարտին հարցուցի, թէ ինք նահատակ հարազատներ չունի՞: Ցաւով յիշեց, որ ունի: Ինքզինքս աւելի չկարենալով զսպել բացագանչեցի, որ ահա այդ հայորդիին զոհուելուն մէջ ինքը եւ իր նման բոլոր այն հայերը, որոնք նման արտադրութիւններ կը գնեն կամ կը ծախեն պատասխանատուութեան բաժին ունին:
Հոգեկան հարուածը ծանր էր: Անմիջապէս ձեռնարկեց թրքերէն այդ տողը ջնջելու աղբամանին վրայէն: Մինչ այդ, ուրիշ խումբ մը «հանդիսատեսներու» կարգին մարդ մը մօտեցաւ կնոջ (ենթադրաբար ամուսինը), ու բարկացաւ կնոջ վրան պոռալով. «պրախի»: Համբերութեանս բաժակը յորդած էր: Մօտեցայ մարդուն եւ ըսի. «Հայրենակից, կնոջդ տուած հրահանգդ գոնէ հայերէնով տուր»: Զարմանալով չորս կողմիններուն հարցուց. «բա պրախի հայերէն չէ՞»: Ո՛չ մէկը պատասխանեց: Վստահ չեմ եթէ չուզելով, թէ չիմանալով…: Բացատրելէ ետք, որ իր օգտագործած բառն ալ թրքերէն է ինչպէս նշեալ տողը, շեշտեցի, որ այդ տողը՝ ափսոս, որ պրախի թէ ոչ, խորքային հարց մը չէր լուծեր, սակայն գոնէ երեւոյթ կը փրկէր…: Ոչ մէկ բան արտայայտող աչքերով նայեցաւ ինծի, գուցէ նաեւ մտածելով, որ այս նեղ մաճալին այս տարօրինակ մարդը ուրտեղէն բուսաւ այսօր…:
Հեռացայ վայրէն մտածելով, որ ինչպէ՞ս կարելի է նման տարրական հայրենասիրութիւն սորվեցնել հինաւուրց Նայիրեան մեր ժողովուրդին մնացորդածին տակը մնացած այս դասակարգին, որ սորվելու ալ տրամադրութիւն չունի:
Հիմա նստած կը մտածեմ, որ հեգնանքը կրկնակի է երբ նկատի ունենանք, որ թուրքերն է, որ մեզի պէտք է մաքրութիւն սորվեցնեն, յուշելով, որ մեր քաղաքը՝ այս պարագային Վանաձորը, մաքուր պահենք:
Կը մնայ հարց տալ, որ մաքրութենէ, վեր եւ անդին ե՞րբ պիտի սորվինք մաքուր պահել մեր լեզուն եւ ազգային ոգին: Բան մը, որ բնականաբար թուրքերը չէ, որ պիտի ընեն…. Պարզ է, որ անոնք կը ձգտին եւ պիտի ձգտին ճիշտ հակառակին:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ