Հիւսթընեան Պրիսմակ
ՅՈՎՍԷՓ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Վերոյիշեալ խորագիրը փոխ առնուած է հայրենի գրող Արամաշոտ Պապայեանէն (1911-1998) որուն «Աշխարհն, այո շու՛ռ է եկել» թատերական գործը լոյս տեսած է 1967-ին Երեւանի մէջ։ Այդ թատերախաղին մէջ Պապայեան իւրայատուկ երգիծանքով եւ նրբութեամբ կը պարզաբանէ այդ օրերու սովետական հասարակարգի եւ անոր ընկերային կառոյցի պարզած դժուարութիւնները` յարմարելու աշխարհի փոխուող ընթացքին։
Ի դէպ այս թատերախաղը սփիւռքի մէջ առաջին անգամ ըլլալով բեմ բարձրացած է 23 Մարտ 1973ին, այդ շրջանին Լիբանանի մէջ գործող «Վարդան Աճէմեանի անուան Թատերախումբ»ի ջանքերով, եւ բեմադրութեամբ Օննիկ Գանթարճեանի եւ մասնակցութեամբ դերասան Լութֆի Թապագեանի։ Երկուքն ալ շրջանաւարտ ըլլալով Երեւանի Թատերական Ինստիտուտէն Պէյրութ վերադարձած էին նուիրուելու իրենց նախասիրած արուեստին։ Թատերախումբը այդ գործը պատշաճեցնելով եւ յարմարցնելով Լիբանանահայ կեանքին, Պապայեանի այդ գործը «Հայկական Հարսանիք» անունով բեմ հանած էր Գալուստ Կիւլպէնկեան սրահի բեմին վրայ, լայն ժողովրդային ընդունելութիւն մը գտաւ Պէյրութահայ հասարակութեան մօտ ։
ՅԱՐԱՏԵՒ ՓՈՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ՕՐԷՆՔԸ
Ամէնքս կը գիտակցինք որ ամէն դար ու ժամանակաշրջան իր անխուսափելի փոփոխութիւնները կը բերէ իր հետ, երբեմն մտահոգիչ նոր տագնապներու եւ մարտահրաւէրներու աշխարհ մը ստեղծելով երկրագունդի բնակիչներուն համար թէ՛ անհատական եւ թէ՛ հաւաքական գետնի վրայ։ Ամէնքս խորապէս կ՛ազդուինք այդ փոփոխութիւններու մթնոլորտէն եւ կը կրենք անոնց ջլատիչ հետեւանքները։ Այսպիսի պարագաներուն կը դառնանք անզօր եւ բնականաբար այն տպաւորութիւնը կ՛ապրինք որ «Աշխարհը շուռ է եկել» ու մենք կը գտնուինք ճգնաժամի մը սեմին։
Աշխարհին «շուռ եկած» ըլլալու տպաւորութիւնը եւ այդ կապակցութեամբ անհատի ապրած մտավախութեան փորձառութիւնը նոր երեւոյթ չէ մարդկային հասարակական կեանքին մէջ։ Արդարեւ, Յունական դասական շրջանին պատկանող փիլիսոփաներէն Հէրաքլիթիւս (Heraclitus BCE 540-480) Քրիստոսէ թուականէն հինգ դար առաջ նշած է որ աշխարհ յարատեւ փոփոխութեան մէջ կը գտնուի։ «Կարելի չէ գետի նոյն ջուրին մէջ երկու անգամ ոտք կոխել» գրած է ան «քանի որ գետի ջուրը տեւական հոսքի մէջ է»։ Անոր ակնոցով «միակ անփոփոխելին փոփոխութեան անխուսափելի գոյութիւնն է մարդկային կեանքին մէջ»։
Հետեւաբար, հակառակ այս պատմական գիտակցութեան ուրկէ՞ յառաջ կու գայ մարդու այս մտավախութիւնը , որ աշխարհի կարգուսարքը տակն ու վրայ եղած է, ու «աշխարհ շուռ է եկել», ըստ Պապայեանի համանուն բացատրութեան։
Հոգեբաններ, ընկերաբաններ, եւ պատմաբաններ մարդկային այս մտավախութեանց սկզբնաղբիւրը կը տեսնեն արագ կերպով զարգացող այն փոփոխութիւններու մէջ որոնք անորոշութիւն, ապակողմնորոշում եւ նախապէս ընկալուած կամ ընդունուած կանոններու , տիպարներու եւ ըմբռնումներու խորտակում կամ յեղաշրջում կ՛ենթադրեն։ Հիմնականին մարդ արարածը ժխտողական կերպով կը դիրքաւորուի երբ ընկերային կեանքէն ներս բեւեռացումները կը շեշտաւորուին , երբ հաստատուած եւ ընկալուած հասարակական հասկացողութիւնները, կառոյցները եւ սովորոյթները հարցադրումի կ՛ենթարկուին, երբ տնտեսական , քաղաքական տագնապներ կը ծնին եւ ընկերային կեանքը խոր ցնցումի կ՛ենթարկուի։ Մէկ խօսքով երբ այս փոփոխութիւնները գործող եւ հաստատուած հաւասարակշռութիւնը կը խախտեն։
ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԵՐԵՒՈՅ՞Թ
Ու՞ր կը տանին մեզի այս հաստատումները կամ դիտարկումները։
Ժամանակէ մը ի վեր փոփոխութեան անսպասելի եւ անօրինակ ազդակներ կը գործեն թէ՛ Եւրոպայի եւ թէ՛ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու հասարակական, քաղաքական եւ տնտեսական կեանքերէն ներս խոր մտահոգութեան ենթարկելով ո՛չ միայն այդ երկիրներու բնակիչները այլ նաեւ անոնց հետ յարաբերութիւն ունեցող այլ երկիրներու քաղաքացիները կամ հպատակները ։ Եւրոպայի մէջ մասնաւորապէս վերջին մի քանի տասնամեակներուն ծնունդ առած են նեղ, ազգայնամոլ եւ խորապէս պահպանողական, եւ կարգ մը պարագաներուն «ծայրայեղ աջակողմեան» նկատուող հոսանքներ եւ շարժումներ որոնք իշխանութեան տիրացած են եւ կամ ազդեցիկ դիրքերու հասած են Ֆրանսայի, Իտալիոյ, Հունգարիոյ, Սլովաքիոյ, Լեհաստանի եւ ընդհանրապէս Եւրոպայի տարածքին ու կը ձեւափոխելով ընկալուած եւ հաստատուած հասարակական, ընկերային կարգուսարքը եւ յարաբերութիւնները, այլամերժ հասկացողութիւններ հրմշտկելով այդ երկիրներու ներքին եւ արտաքին յարաբերութիւններու ծիրէն ներս։ Արդարեւ «հաւասարութիւն, ազատութիւն եւ եղբայրութիւն» ջատագովող երկիրներ դարձած են անհիւրընկալ, անհանդուրժող, անձնակենդրոն եւ այլոց ցաւերուն նկատմամբ անտարբեր հասարակութիւններ։ Ոմանք այս հոգեփոխութիւնը կը վերագրեն օտար եւ հեռաւոր երկիրներէ եկող գաղթականութեան ծաւալող հոսանքին որ կը սպառնայ ազգային ներդաշնակութեան ու ձեւով մը կը հանդիսանայ ցեղապաշտական արտայայտութիւն մը եկողներու արտաքին տարբերութիւններուն պատճառով ։Կասկած չի կայ թէ գաղթականութեան հարցը կնճռոտ հանգոյց մըն է որ կը կարօտի բազմակողմանի տնտեսագիտական, քաղաքական միջամտութեան եւ անկէ բխող ծրագրուած քայլերու հնարաւոր լուծումներ գտնելու համար ։ Սակայն այս երկիրները պէտք չէ անգիտանան որ եղածը պարզապէս իրենց գաղութարարական մօտիկ անցեալի եւ քաղաքականութեան հետեւանքներն են որ մէջտեղ կու գան այսօր ։ Շէյքսպիր իր «Յուլիոս Կեսար» թատերախաղին մէջ իրաւամբ ըսած է ։ «Մարդու գործած չար արարքը իրմէ ետք կ՛ապրի»։ Գաղութարարական արարքներու հետեւանքները տակաւին տեսանելի են հոն ուր ատենին «դուրսէն եկած մարդիկ» ազատ կերպով ելք ու մուտք ունեցած են գաղութներու վերածուած երկիրներուն մէջ առանց ոեւէ բնիկ արտօնութեան։ Անցեալի գործուած արարքին ուրուականը այժմ մղձաւանջ կը պատճառէ։
Նոյնպիսի մտավախութիւններ շեշտաւորուած են այս վերջին վեց ամիսներուն Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ երբ երկրորդ անգամ երկրի նախագահ ընտրուեցաւ Տոնալտ Թրամփ ։ Արդարեւ իշխանութեան ղեկը 20 Յունուար 2025ին ձեռք առնելէ ետք Թրամփ իր ստորագրած «Գործադիր Հրամանագիր»երու շարքով եւ դաշնակցային մակարդակի վրայ նախաձեռնած քայլերով կարծէք անտեղիտալի պայքար մը շղթայազերծած յառաջդիմութեան դէմ, պատմութեան անիւը ետ դարձնելու մտադրութեամբ առանց մտահոգուելու այդ արարքի հետեւանքներով։ Մինչ մէկ կողմէ մենաշնորհեալ եւ ազդեցիկ անհատներու ի նպաստ հարկային զիջումներ կը յօժարի, միւս կողմանէ կը փորձէ ընկերային ապահովութեան եւ ծառայութեանց մատակարարման ծաւալն ու մակարդակը զեղչել եւ նուազեցնել։ Այդ ընկերային առաւելութիւնները ձեռք ձգուած են տասնամեակներու դժուարին պայքարով ու որոշ ապահովութիւն մը կ՛ենթադրեն անոնց պէտք ունեցող ժողովրդային խաւերուն։ Բնականաբար այսպիսի քայլեր խոր մտահոգութիւն կը պատճառեն անոնց որոնք կ՛ապաւինին այս ընկերային ծառայութեանց վրայ իրենց նիւթական կացութիւնը ապահովելու համար ։ Անգլերէն ասացուածք մը կ՛ըսէ։ « Աշխարհի մէկ մասը չի գիտեր թէ միւս կէսը ինչպէս կ՛ապրի» (One half of the world does not know how the other half lives)։ Այժմ փոքր սրբագրութիւն մը պէտք է կատարել ըսելու համար որ « աշխարհի մենաշնորհեալ փոքրամասնութիւնը հոգ չընէր թէ մարդոց մեծամասնութիւնը ինչպէս կ՛ապրի»։
Այս նոյն վարչակարգը պատերազմ յայտարարած է համալսարաններու, ընկերային ազատ հասկացողութիւններու ըմբռնման եւ արտայայտութեան, դէմ։ Ակներեւ փորձ մը կը կատարուի երկրի ազատ մտածողութեան հիմնաքարերը խախտելու եւ գաղափարախօսական մտածելակերպի մը հիման վրայ կաղապարելու «ազգային նոր կերպար» մը որ խոտոր կը համեմատի զարգացած ու արդի երկրի մը մտածելակերպին եւ էութեան։
Հոս ալ անգամ մը եւս կարգ մը շրջանակներու մօտ երեւան կու գան անհիւրընկալ, անհանդուրժող, անձնակենդրոն եւ այլոց ցաւերուն նկատմամբ անտարբեր հասարակական մտածողութիւն մը որ երկրի տնտեսական, ընկերային ինքնութեան եւ կազմութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական շահերուն հետ խոտոր կը համեմատի ու հարցադրումներ կը ստեղծէ անոնց մօտ որ տարբեր պատկերացում մը ունին այս երկրի կազմաւորման մասին։
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԿԱՐԾԻՔ , ԻՐԱՒՈՒՆՔ ԵՒ ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԻՒՆ
Գրեթէ երեք տարիներէ իվեր պատերազմ մը տեղի կ՛ունենայ Ուքրանիոյ մէջ։ Գրեթէ երկու տարիէ ի վեր նոյնպիսի արիւնալի եւ կործանարար զինուորական գործողութիւններ կը կատարուին Կազայի գօտիին մէջ։ Մարդիկ իրաւամբ հարց կու տան թէ մինչեւ ե՞րբ պիտի տեւեն այս խժդժութիւնները։ Խռոված հոգիով ու տագնապահար մարդիկ աշխարհի չորս ծագերուն հարց կու տան։ «Ու՞ր է Միջազգային Հանրային Կարծիքը։ Ու՞ր է Միջազգային Արդարադատութիւնը։ Ինչու՞ վերջ չեն դրուիր այս պատերազմներուն։ Ինչո՞ւ անմեղ կիներ, մանուկներ եւ տարեցներ զոհ կ՛երթան այս վայրագ արարքներուն»։
Այսպիսի ռազմական բախումներու եւ անոնց գործած աւերներուն, աղէտներուն եւ ահաւորութեան դէմ խաղաղութեան երաշխիք մը ստեղծելու նպատակով Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի աւարտին յաղթական դաշնակից 51 պետութիւններ հաւաքուեցան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու քաղաքներէն Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ, Ապրիլէն մինչեւ Յունիս 1945 երկարող ժամանակաշրջանին, հիմը դնելու Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (ՄԱԿ) այն յոյսով եւ ակնկալութեամբ որ երկիրներու համերաշխ գործակցութիւնը կրնայ ռազմական բախումներու առաջքը առնել եւ անոնց հաւանականութիւնը նուազեցնել՝ փոխադարձ հասկացողութեան եւ դիւանագիտական միջամտութիւններու շնորհիւ։
ՄԱԿ-ի հիմնադրութեան ուխտագիրի որդեգրումի սկզբնական 51 ստորագիր երկիրներու փոխարէն այժմ 193 երկիրներ մաս կը կազմեն այդ կազմակերպութեան ու անոնց ներկայացուցիչները Նիւ Եորքի եւ աշխարհի զանազան մայրաքաղաքներու մէջ հաստատուած միջազգային կառոյցային հաստատութիւններու միջոցով կը յաւակնին ՄԱԿի հիմնական ուխտի այդ նպատակները իրագործել՝ միջազգային դիւանագիտութեան ճամբով խաղաղ պայմաններ ստեղծելու մարդկութեան համար։
Փաստօրէն սակայն,հակառակ միլիառներ տոլարներու հասնող պիւտճէական եւ վարչա-տնօրինական ծախսերու, տարեկան համագումարներու ընթացքին եղած բարեմիտ ճառախօսութիւններուն եւ անթիւ դիւանագիտական ժողովներուն այնքան փնտռուած համաշխարհային խաղաղութիւնը տակաւին բացակայ է մեր համայնական կեանքերէն ներս։ Այն կազմակերպութիւնը,որ կոչուած էր ըլլալու խաղաղութեան հրեշտակը մեր կեանքէն ներս այժմ մահաքունի մէջ է որովհետեւ անոր «Ապահովութեան Խորհուրդի» ազդեցիկ անդամները իրարու ոյժը, կարողականութիւնը եւ ազդեցութիւնը ականահարելու մոլուցքէ մղուած ամէն ջանք կը թափեն դիմացի կողմի միտումները «զսպելու», «չէզոքացնելու» կամ «ամլացնելու»։ Ասոր հետեւանքով ՄԱԿը անկախ իր կամքէն բանավէճային մարմինի մը վերածուած է այսօր։
ԱՆԶՕ՞Ր ՊԱՏՐԱՆՔ
Ի տես այս մտահոգիչ զարգացումներուն մեզմէ շատեր կը տարուին մտածելու որ «Աշխարհն, այո՛ շուռ է եկել»։ Յուսալքիչ եզրակացութիւն մըն է սա որ մեր խաղաղասիրական երազներուն, ակնկալութիւններուն վրայ պարզապէս պաղ ջուր մը կը թափէ։
Սակայն կը հաւատանք, եւ պէ՛տք է հաւատանք, որ անցողակի դժուարութիւններ են ասոնք։ Թէ վերջ ի վերջոյ Հէրաքլիթիւսի հոսող գետը իր հետ պիտի բերէ թարմ, նոր եւ տարբեր ջուր մը , մտայնութիւն մը որ աւելի մօտ է մեր համոզումներուն եւ երազանքներուն։ Պէ՛տք է հաւատանք որ թէեւ պիտի չի կարենանք վերագտնել մեր կորսնցուցած պատկերները, այսուհանդերձ այս դժուարութիւններէն նոր կարելիութիւններ պիտի ստեղծուին, նոր երազներ պիտի երկնուին, ու նոր լայնարձակ պաստառներ պիտի ստեղծուին։ Ամէն ճգնաժամ իր պատեհ առիթը կը ստեղծէ։ Եթէ նոյնիսկ ժամանակաւոր կերպով «աշխարհը շուռ է եկել», մարդիկ կրնան անոր թաւալող ծիրը կրկին հաւասարակշռութեան մը մղել։
Բա՛ւ է որ փորձեն։
Բա՛ւ է որ միասնաբար փորձեն։