Տեսանկիւն
Լիբանանցի փիլիսոփայ-երաժիշտ, իր սկզբունքներուն մէջ անզիջող՝ Զիատ Ռահպանի… որ տասնամեակներ շարունակ ցնցեց զինք լսողներուն խիղճը:
Քանի մը օր առաջ, անոր անժամանակ մահը իր մարդկային հազուագիւտ քննադատական զգացողութեան և ներկայութեան կորուստն է, որ հեռու էր սովորական երեւոյթ մը ըլլալէ:
Հակառակ, որ մահուան անխուսափելիութիւնը կեանքի համար անծանօթ խորհուրդ մը չէ, անոր մահուան անակնկալ բօթը ապտակի մը ուժգնութիւնը ունեցաւ զինք սիրողներուն հոգիներուն վրայ:
69 տարեկան հասակին, Զիատ Ռահպանիի մահը կարելի է նմանցնել լիբանանեան եւ արաբական խիղճին կարեւոր մէկ ամբողջ էջի մը մէկ հարուածով շրջուելուն։ Ան աւելին էր, քան պարզապէս արուեստագէտ մը: Ան իրարայաջորդ սերունդներու համար կը ներկայացնէր կենդանի յիշողութիւն մը, որոնցմէ շատերուն զգացումները ձևաւորուած էին անոր ըմբոստ նկարագրի ազդեցութեամբ, վրդովանքի կատակներով և ապստամբ մեղեդիներով: Անոր խորիմաստ խօսքերուն մէջ կարելի էր գտնել զայրոյթի, կարօտի եւ հիասթափութեան հայելին: Զիատ Ռահպանիի մահով կը նշանաւորուի արուեստի փուլի մը աւարտը, որուն առաքելութիւնն էր բարձրաձայն խօսիլ եւ ցնցել մարդոց հոգիները:
Ան Լիբանանեան արուեստի աշխարհի մէջ երախտաշատ՝ Ասի_Ռահպանիի եւ մեծանուն Ֆէյրուզի որդին էր, սակայն ան իր պատանեկութեան տարիներէն արդէն յայտնի էր, որ ինք հրաժարած է իր ծնողներուն ստուերը կամ հետեւորդը ըլլալէ: Զիատ ինքն իր համար գծեց ինքնուրոյն ճանապարհ մը, որ ոչ մէկուն նման էր:
Շատ կանուխ հասակէն յայտնուեցաւ լիբանանեան եւ արաբական արուեստի աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնին մէջ գուցէ ուրոյն գիծ մը տալու իր հօր եւ հօրեղբօր՝ Ռահպանի եղբայրներու արուեստին եւ իր ձեւով վերակառուցելու զայն: Ան բեմ բարձրացաւ դեռահաս հասակին, ներկայացնելով իր տարիքին համապատասխան կարելիութիւններէն շատ աւելի բարձր ստեղծագործութիւններ: Ան հանդիսատեսին ներկայացուց իւրայատուկ ոճով՝ հեգնանք և դառնութեամբ լի թատերագրութիւն և երաժշտութիւն որ դասականը յիշեցնելով հանդերձ անոր հետ միախառնած էր ճազային ապստամբութիւնը մեծ տպաւորութիւն գործելով պատերազմներէ եւ անհեթեթութենէ յոգնած ժողովրդին հոգիներուն մէջ:
Զիատ Ռահպան ծնած է 1956-ին Պէյրութի մէջ։ Ռահպանի ընտանիքի միջավայրին մէջ ան սորված է բարձրորակ երաժշտութիւն լսելը աւելի շուտ քան իր խօսիլը: Սակայն անոր փոխակերպումը ժառանգորդէ մը դէպի նորարարը սկսած է 1973-ին, երբ իր հօր հիւանդութեան պատճառով ստիպուած եղած է ստանձնել «Կայարան» թատրերգութիւն-ստեղծագործութեան բեմադրման պարտականութիւնը։ Նոյն թուականին ան իր մօր համար յօրինած է «Սաալունի Էլ Նաս Աննաք Եա Հապիպի» (Մարդիկ ինձ կը հարցնեն քու մասիդ սիրելիս ) երգը՝ վաղաժամ ազդարարելով այն տաղանդի ծնունդը, որ չուներ ընդօրինակելու մտադրութիւն։
Ան չէր գերեվարուած Ռահպանիները ներշնչող երազային գիւղերու և երգող գիւղացիներու երազներով։ Ան քաղաքի և պատերազմի որդին էր, հետեւաբար ան ուղիղ գիծով գնաց դէպի կրակին կիզակեդրոնը: Ան Լիբանանի պատերազմը վերածեց երգիծական թատրոնի նիւթի։ Անոր թատրերգութիւնները՝ ինչպէս օրինակ, «Ամերիկեան Երկար Ֆիլմ», «Ինչ-որ բան ձախողած է» կամ «Արժանապատուութեան մասին», հիւծուած սերունդի ճիչն էին, որոնք Զիատի կողմէն վերածուեցան կենդանի պատկերներու, որոնք կը տատանէին դառն ծիծաղի և հետաձգուած արցունքներու միջև: Ան ակրեսիւ թատրոնի սիրահարն էր, որ կը խախտէր իր ժամանակներու բոլոր թապուները:
Ինչ կը վերաբերի իր երաժշտութեան, ան կը հակէր այն ամէն ինչին, որ անսովոր էր: Ան միաձուլած էր արևմտեան և արեւելեան մեղեդիները՝ առանց կորսնցնելու իր տեղական բնոյթը: Ան կը գրգռէր հանրային ճաշակը առանց հանդարտեցնելու զայն: Անոր երաժշտութիւնը զարթնեցնող էր: Ան հաւատացած էր, որ արուեստը աւելին է քան իրականութեան հայելին: Ան կարծրատիպներ կտրելու մուրճն էր: Հետևաբար, իր ձայնը կը ջղագրգռէր իշխանութիւնները, ոգեւորելով լուսանցքի վրայ յայտնուած մարդոց:
Չէզոքութիւնը իրեն համար տարբերակ մը չէր: Մինչ լռութիւնը իր բնութագրիչներէն մէկը չէր: Անոր ճիչը, ծիծաղը, խոժոռումները, նահանջը և նոյնիսկ որոշակի պահերու լռութիւնը՝ իր գոյաբանական անհանգստութեան և դիմակներէ հրաժարելու արտայայտման ձևերն էին:
Զիատը բացակայ է այսօր բայց ան չի կրնար անհետանալ: Անոր ձայնն ու գործը պիտի շարունակեն արձագանգել, հրապարակներուն վրայ, սրճարաններուն, թատրոններուն եւ զինք սիրողներուն սիրտերուն այն փոքրիկ անկիւններուն մէջ, որ կը մերժէ մոռացութիւնը:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ