Հինգշաբթի, 31. 07. 2025

spot_img

Այս Արեւին Տակ Իր ժամանակէն Առաջ Ծնած եւ Անժամանակ Մեկնած Արուեստագէտը

Տեսանկիւն

Լիբանանցի փիլիսոփայ-երաժիշտ, իր սկզբունքներուն մէջ անզիջող՝ Զիատ Ռահպանի…  որ տասնամեակներ շարունակ ցնցեց զինք լսողներուն խիղճը:

Քանի մը օր առաջ, անոր անժամանակ մահը իր մարդկային հազուագիւտ քննադատական զգացողութեան և ներկայութեան կորուստն է, որ հեռու էր սովորական երեւոյթ մը ըլլալէ:

Հակառակ, որ մահուան անխուսափելիութիւնը կեանքի համար անծանօթ խորհուրդ մը չէ, անոր մահուան անակնկալ բօթը ապտակի մը ուժգնութիւնը ունեցաւ զինք սիրողներուն հոգիներուն վրայ:

69 տարեկան հասակին, Զիատ Ռահպանիի մահը կարելի է նմանցնել լիբանանեան եւ արաբական խիղճին կարեւոր մէկ ամբողջ էջի մը  մէկ հարուածով շրջուելուն։ Ան աւելին էր, քան պարզապէս արուեստագէտ մը: Ան իրարայաջորդ սերունդներու համար կը ներկայացնէր կենդանի յիշողութիւն մը, որոնցմէ շատերուն զգացումները ձևաւորուած էին անոր ըմբոստ նկարագրի ազդեցութեամբ,  վրդովանքի կատակներով և ապստամբ մեղեդիներով: Անոր խորիմաստ խօսքերուն մէջ կարելի էր գտնել զայրոյթի, կարօտի եւ հիասթափութեան հայելին: Զիատ Ռահպանիի մահով կը նշանաւորուի արուեստի փուլի մը աւարտը, որուն առաքելութիւնն էր բարձրաձայն խօսիլ եւ ցնցել մարդոց հոգիները:

Ան Լիբանանեան արուեստի աշխարհի մէջ երախտաշատ՝ Ասի_Ռահպանիի եւ մեծանուն Ֆէյրուզի որդին էր, սակայն ան իր պատանեկութեան տարիներէն արդէն յայտնի էր, որ ինք հրաժարած է իր ծնողներուն ստուերը կամ հետեւորդը ըլլալէ:  Զիատ ինքն իր համար գծեց ինքնուրոյն ճանապարհ մը, որ ոչ մէկուն նման էր:

Շատ կանուխ հասակէն յայտնուեցաւ լիբանանեան եւ արաբական արուեստի աշխարհի ուշադրութեան կեդրոնին մէջ գուցէ ուրոյն գիծ մը տալու իր հօր եւ հօրեղբօր՝ Ռահպանի եղբայրներու արուեստին եւ իր ձեւով վերակառուցելու զայն: Ան բեմ բարձրացաւ դեռահաս հասակին, ներկայացնելով իր տարիքին համապատասխան կարելիութիւններէն շատ աւելի բարձր ստեղծագործութիւններ: Ան հանդիսատեսին ներկայացուց  իւրայատուկ ոճով՝ հեգնանք և դառնութեամբ լի թատերագրութիւն և երաժշտութիւն որ դասականը յիշեցնելով հանդերձ անոր հետ միախառնած էր ճազային ապստամբութիւնը մեծ տպաւորութիւն գործելով պատերազմներէ եւ անհեթեթութենէ յոգնած ժողովրդին հոգիներուն մէջ:

Զիատ Ռահպան  ծնած է 1956-ին Պէյրութի մէջ։ Ռահպանի ընտանիքի միջավայրին մէջ ան սորված է բարձրորակ երաժշտութիւն լսելը աւելի շուտ քան իր խօսիլը: Սակայն անոր փոխակերպումը  ժառանգորդէ մը դէպի նորարարը սկսած է  1973-ին, երբ իր հօր հիւանդութեան պատճառով ստիպուած եղած է ստանձնել «Կայարան» թատրերգութիւն-ստեղծագործութեան բեմադրման պարտականութիւնը։ Նոյն թուականին ան իր մօր համար յօրինած  է «Սաալունի Էլ Նաս Աննաք Եա Հապիպի» (Մարդիկ ինձ կը հարցնեն քու մասիդ սիրելիս ) երգը՝ վաղաժամ ազդարարելով այն տաղանդի ծնունդը, որ չուներ ընդօրինակելու մտադրութիւն։

Ան չէր գերեվարուած Ռահպանիները ներշնչող երազային գիւղերու և երգող գիւղացիներու երազներով։ Ան քաղաքի և պատերազմի որդին էր, հետեւաբար ան ուղիղ գիծով գնաց դէպի կրակին կիզակեդրոնը:  Ան Լիբանանի պատերազմը վերածեց երգիծական թատրոնի նիւթի։ Անոր թատրերգութիւնները՝  ինչպէս օրինակ, «Ամերիկեան Երկար Ֆիլմ», «Ինչ-որ բան ձախողած է» կամ «Արժանապատուութեան մասին», հիւծուած սերունդի ճիչն էին, որոնք Զիատի կողմէն վերածուեցան կենդանի պատկերներու, որոնք կը տատանէին դառն ծիծաղի և հետաձգուած արցունքներու միջև: Ան ակրեսիւ թատրոնի սիրահարն էր, որ կը խախտէր իր ժամանակներու բոլոր թապուները:

Ինչ կը վերաբերի իր երաժշտութեան, ան կը հակէր այն ամէն ինչին, որ անսովոր էր: Ան միաձուլած էր արևմտեան և արեւելեան մեղեդիները՝ առանց կորսնցնելու իր տեղական բնոյթը: Ան կը  գրգռէր հանրային ճաշակը առանց հանդարտեցնելու զայն: Անոր երաժշտութիւնը զարթնեցնող էր:  Ան հաւատացած էր, որ արուեստը աւելին է քան իրականութեան հայելին: Ան կարծրատիպներ կտրելու մուրճն էր: Հետևաբար, իր ձայնը կը ջղագրգռէր իշխանութիւնները, ոգեւորելով լուսանցքի վրայ յայտնուած մարդոց:

Չէզոքութիւնը իրեն համար տարբերակ մը չէր: Մինչ լռութիւնը իր բնութագրիչներէն մէկը չէր: Անոր ճիչը,  ծիծաղը, խոժոռումները, նահանջը և նոյնիսկ որոշակի պահերու լռութիւնը՝ իր  գոյաբանական անհանգստութեան և դիմակներէ հրաժարելու արտայայտման ձևերն էին:

Զիատը բացակայ է այսօր բայց ան չի կրնար անհետանալ: Անոր ձայնն ու գործը պիտի շարունակեն արձագանգել, հրապարակներուն վրայ, սրճարաններուն, թատրոններուն եւ զինք սիրողներուն սիրտերուն այն փոքրիկ անկիւններուն մէջ, որ կը մերժէ մոռացութիւնը:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին