Շաբաթ, 26. 07. 2025

spot_img

Վէպ մը՝ Ցաւի, Յոյսի Եւ Տոկունութեան Մասին. «The Cedars Whispered» Գիրքին Շնորհահանդէսը Հայկազեան Համալսարանին Մէջ

Վերջերս, Հայկազեան համալսարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Քրիսթին Դանիէլեանի The Cedars Whispered («Մայրիները շշնջացին») վէպին շնորհահանդէսը՝ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միացեալ Նահանգներու արեւելեան թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի, Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի եւ մշակութասէր հոծ բազմութեան մը։

Ձեռնարկի հանդիսավարութիւնը ստանձնած էր հեղինակին որդին՝ Գեղամ Սարգիսեանը, որ երիտասարդական խանդով տուաւ իր վկայութիւնը գիրքի ծննդոցին, ապա ներկայացուց օրուայ յայտագիրը՝ խօսք առնողներն ու գեղարուեստական յայտագրին մասնակցողները: ։

Գիրքը ներկայացուց Միացեալ Նահանգներէն այս առիթով յատուկ Լիբանան հրաւիրուած՝ Նիւ Եորքի Ուայթ Փլէյնզ հոգեբուժական բժշկական կեդրոնի (WPP PLLC) տնօրէն տոքթ. Գարլօ Պայրագտարեանը։ Իր ելոյթին ընթացքին, տոքթ. Գարլօ Պայրագտարեան բարձր գնահատեց Քրիսթին Դանիէլեանի «Մայրիները շշնջացին» վէպը՝ նկարագրելով զայն որպէս խորաթափանց պատմութիւն մը, որ կը ներկայացնէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմով ձեւաւորուած ցաւի, յոյսի եւ տոկունութեան միախառն իրականութիւնները։

Տոքթ. Պայրագտարեան ընդգծեց, որ վէպը ոչ միայն մարդկային տառապանքի, այլեւ կարեկցանքի եւ գործնական քայլերու հրաւէր մըն է։ Ան դիտել տուաւ, որ Թէոտորայի եւ Անժելայի կերպարներու միջոցով ընթերցողը կը մխրճուի գոյատեւումի, հաւատքի եւ սիրոյ ուժով լեցուն պատմութեան մը ծալքերուն մէջ։ Ան նշեց, որ գիրքը ընթերցողը կ’առաջնորդէ դէպի Լիբանանի պատմութեան, մշակոյթի եւ խոհանոցի հարուստ ժառանգութեան աշխարհը, միաժամանակ դառնալով հրաւէր մը՝ լսելու լռեցուած ձայները եւ արձագանգելու ի խնդիր համամարդկային արժէքներու։ Իր խօսքը աւարտելով, Տոքթ. Պայրագտարեան ողջունեց Դանիէլեանը ոչ միայն որպէս հեղինակ, այլ որպէս պատմութիւններու վկայ եւ յոյսի պատգամաբեր՝ շեշտելով, որ «Մայրիները շշնջացին» վէպը հրաւէր մըն է յիշելու պատմութիւններու բուժիչ եւ ոգեշնչող զօրութիւնը։

Սրտի խօսքով հանդէս եկան նաեւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան տնօրէն Յակոբ Հաւաթեանն ու Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ գերշ. Տէր Անուշաւան արք. Դանիէլեանը։

Յակոբ Հաւաթեան բարձր գնահատեց Քրիսթին Դանիէլեանի «Մայրիները շշնջացին» վէպը՝ նշելով, որ այն լոկ գրական գործ մը չէ, այլ մարդկային ողբերգութիւններու խորազնին ու իրապաշտ ներկայացում մը։ Ան շեշտեց, որ գիրքը կը լուսաբանէ մեր իրականութեան մէջ գոյութիւն ունեցող անարդարութիւնները, լռեցուած ցաւերը եւ այն յոռի երեւոյթները, որոնց դէմ անհրաժեշտ է հաւաքական զգաստութիւն եւ պատասխանատու քայլեր։ Հաւաթեան մատնանշեց, որ այս վէպը ընթերցողը կը դնէ կեանքի հայելիին դիմաց՝ ինքնաճանաչողութեան եւ իրազեկման հրաւէրով, իսկ անոր խորքը կոչ մըն է կանխարգիլման, ընկերային բարեփոխութեան եւ հաւաքական գիտակցութեան զօրացման։

Հաւաթեան անհրաժեշտ նկատեց, որ այս գիրքին հայերէն լեզուով պարզացուած տարբերակը տարածուի պատանի սերունդին մօտ, նկատի ունենալով անոր շահեկան եւ դաստիարակիչ բնոյթը:  Այս մեկնակէտով  ան յայտնեց թէ Համազգայինի հրատարակչատունը պատրաստ է ստանձնելու պատանեկան այդ հրատարակութեան իրագործումը եւ հովանաւորութիւնը:

Իր սրտայոյզ խօսքին մէջ, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Անուշաւան արք. Դանիէլեան, որ միաժամանակ հեղինակին հօրեղբայրն է, իր խորազգաց մտածումներն ու հպարտութիւնը յայտնեց Քրիսթին Դանիէլեանի ձեռքբերումներուն մասին՝ թէ՛ որպէս ընկերային ծառայող, եւ թէ՛ այժմ որպէս գրող։ Ան շեշտեց, որ իբրեւ հոգեւորական՝ միշտ կարեւոր նկատած է ծառայութեան գաղափարը ըլլա՛յ եկեղեցիին ճամբով, ըլլա՛յ որպէս ընկերային ծառայող. Բոլոր անոնք, որոնք իրենց կարողութիւնները կը դնեն մարդուն ու ընկերութեան օգտին, Աստուծոյ ծառաները կը նկատուին։ Սրբազանը նշեց նաեւ, թէ ինչպէ՛ս անոնց մանկութեան տարիներուն իր եղբօրորդիներուն միշտ կը յորդորէր ըսելով․ «Չփորձէք հպարտանալ ինձմով, այլ այնպէս ըրէք, որ ես հպարտանամ ձեզմով»։ Քրիսթինը, ընդգծեց ան, այսօր այդ հպարտութեան կենդանի օրինակն է։

«Մայրիները շշնջացին» շնորհահանդէսի վերջին խօսքը արտասանեց հեղինակը՝ տիկին Քրիսթին Դանէլեան-Սարգիսեան: Իր խօսքին մէջ ան ներկաներուն հետ կիսեց իր անձնական յուշերն ու ապրումները՝ իբրեւ Հայկազեան համալսարանի շրջանաւարտ, ընկերային ծառայող եւ գրող։ Ան յիշեց, թէ ինչպէ՛ս իր կեանքին մէջ վճռական դարձած էր զրոյց մը իր հօրեղբօր՝ Գերշ. Տէր Անուշաւան Արք. Դանիէլեանի հետ, որ զինք պիտի ուղղէր դէպի ընկերային ծառայութեան ասպարէզը։ Դանիէլեան շեշտեց, որ Հայկազեան համալսարանը հիմնական դերակատարութիւն ունեցած է իր մէջ ձեւաւորելու ծառայութեան, քննական մտածողութեան եւ արդարամտութեան արժէքները։

Ան անդրադարձաւ իր մասնագիտական առաջին փորձառութիւններուն, մարդկային ցաւին դիմաց կանգնելու հոգեբանական ծանրութեան, եւ թէ այս փորձառութիւնները ինչպէ՛ս դարձան իր վէպին հիմնական մղիչ ուժը։ «Մայրիները շշնջացին» վէպը՝ ոգեշնչուած Թէոտորայի իրական պատմութենէն, լոյս կը սփռէ լռութեան մէջ մնացած բռնութիւններու, լքուածութեան եւ հոգեկան ցնցումներու ենթարկուած անձերու ողբերգութեանց վրայ։ Դանիէլեան, այս վէպով, ձայն կու տայ լռեցուածներուն եւ կոչ կ’ուղղէ քանդելու լռութեան այն փակ օղակները, որոնք յաճախ կը պատեն նման պատմութիւններ։

Ան անդրադարձաւ նաեւ գրելու ընթացքին իր դիմագրաւած խմբագրական մարտահրաւէրներուն եւ այն անգնահատելի աջակցութեան, զոր ստացած էր զինք քաջալերողներէն, իր բարեկամներէն, խմբագիրներէն ու ընտանիքէն։

Իր խօսքը աւարտելով, Դանիէլեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայկազեան համալսարանին, Վերապատուելի դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանին եւ բոլոր անոնց, որոնք այս կամ այն ձեւով նպաստած էին իր կեանքի ուղիի ձեւաւորման՝ վէպը նուիրելով իրական Թէոտորային եւ լռեցուած բոլոր ձայներուն, որոնք լսուելու իրենց կարգը կը սպասեն։

Տեղին է նշել, որ այս Քրիսթին Դանէլեանի առաջին վէպն է այս եւ, հետեւաբար, անցած է խիստ մասնագիտական խմբագրական աշխատանքի շրջանէ մը՝ Stephanie Havens-ի եւ Elisabeth Chretien-ի կողմէ։ Հեղինակը ընտրած է անգլերէն լեզուն՝ նկատի ունենալով, որ գիրքը կը շօշափէ համամարդկային խնդիրներ, որոնց մասին ան պարտաւոր կը զգայ խօսելու միջազգային լսարանին։

Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական կոկիկ յայտագիր մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Արին Մարգարեան, Գէորգ Յովհաննէսեան, Գեղամ Սարգիսեան եւ Եզնիկ Յովհաննէսեան՝ դաշնամուրի եւ երգեցողութեան գեղեցիկ կատարումներով։

Աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն համալսարանի բացօթեայ բակին մէջ, ուր ներկաները առիթ ունեցան ստանալու գիրքի իրենց օրինակները։

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին