Պէյրութի մէջ վերջերս, Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Սիրտ եւ Օճախ» համայնքային Խոհանոցի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը։
Բացումը կատարուեցաւ ներկայութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Միացեալ Նահանգներու արեւելեան թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանի, Տ․ Սարգիս Աւգ․ Քհնյ․ Սարգիսեանի, նախկին նախարար եւ «Vresso» հաստատութեան սեփականատէր տիար Վրէժ Սապունճեանի, բժիշկներ Գարլօ եւ Օրորա Պայրագտարեաններու, պատուելի Նշան Պաքալեանի, Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկի խորհուրդի նախագահին, Խորհրդատու յանձնախումբի ատենապետին եւ «Ճինիշեանի» անձնակազմին։
Արարողութիւնը սկսաւ վերանորոգուած խոհանոցային բաժանմունքի օրհնութեամբ, զոր կատարեց Գերաշնորհ Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան։ Օրհնութենէն ետք, հիւրերը հաւաքուեցան մեծ սրահին մէջ, ուր Ճինիշեան հաստատութեան Լիբանանի բաժնի տնօրէնուհի Քրիսթին Դանիէլեան ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց համայնքային խոհանոցի գաղափարին ծագման ու իրագործման ոգեշնչող պատմութիւնը։ Ան երախտագիտութիւն յայտնեց Տիար Վրէժ Սապունճեանին՝ անոր տեսլականին, քաջալերանքին եւ անսասան աջակցութեան համար, որոնք եղան վճռորոշ իրագործելու այս կարեւոր ծրագիրը։ Այնուհետեւ, առ ի երախտագիտութիւն, Դանէլեան Սապունճեանին յանձնեց յատուկ յուշանուէր մը:
Բժշկուհի Օրորա Պայրագտարեան իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Ճինիշեան հաստատութեան բարեսիրական բոլորանուէր գործունէութիւնը՝ նշելով իր խոր երախտագիտութիւնը եւ հպարտութիւնը, որ մաս կը կազմէ այս նախաձեռնութեան։
Իր կարգին խօսք առնելով, բժիշկ Գարլօ Պայրագտարեան բարձր գնահատեց Ճինիշեան հաստատութեան առաքելութիւնը՝ ընդգծելով անոր բերած դրական փոփոխութիւնը համայնքին մէջ։ Ան անդրադարձաւ նաեւ այն իրողութեան, որ հայ համայնքը միշտ զօրավիգ կանգնած է իրեն իր ուսանողական տարիներուն, եւ այսօր պարտաւորուած կը զգայ փոխադարձելու՝ աջակցելով կարիքաւորներուն «Ճինիշեան» հաստատութեան միջոցաւ։
Գնահատելով անոնց երկարամեայ յանձնառութիւնն ու առատաձեռն աջակցութիւնը, տնօրէնուհի Քրիսթին Դանիէլեան բժիշկներ Գարլօ եւ Օրորա Պայրագտարեաններուն եւս յանձնեց գնահատանքի յատուկ յուշանուէր մը։
Պատուելի Նշան Պաքալեան եւս իր երախտագիտութեան խօսքը ուղղեց՝ գնահատելով Ճինիշեան հաստատութեան շարունակական ու հետեւողական ծառայութիւնը հայ համայնքին։
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Ճինիշեան Յիշատակի հիմնարկին՝ ընդգծելով անոր իմաստալից ներկայութիւնը հայ համայնքին մէջ եւ այն խոր հետքը, որ թողած է կարիքաւորներու կեանքերուն մէջ։ Ան վստահեցուց, որ Արեւելեան Ամերիկայի թեմը միշտ պիտի կանգնի Ճինիշեան հաստատութեան առաքելութեան եւ գործունէութեան կողքին։


















