Երկուշաբթի, 21. 07. 2025

spot_img

Հայկազեան Համալսարանի Տէրեան Հայագիտական Գրադարանին Նուիրաբերուած Հայաստանեան Հրատարակութիւններու Առթիւ

Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Տէրեան հայագիտական գրադարանը խորին գոհունակութեամբ կը տեղեկացնէ, որ վերջերս բազմաթիւ արժէքաւոր հրատարակութիւններու նուիրատուութիւն ստացած է Հայաստանի գիտամշակութային ու գիտահետազօտական հետեւեալ կառոյցներէն.-

  1. «Մատենադարան» Մեսրոպ մաշտոցի անուան հին ձեռագիրերու ինստիտուտ,
  2. Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտ (ՀՑԹԻ),
  3. Հայաստանի ազգային գրադարան (ՀԱԳ),
  4. Հայաստանի պատմութեան թանգարան (ՀՊԹ),
  5. Հայաստանի ազգագրութեան թանգարան (ՀԱԹ), ինչպէս նաեւ գրահրատարակչատուներէ եւ անհատ հեղինակներէ:

Սոյն հրատարակութիւնները յատկանշական ներդրում են գրադարանի ճոխ հաւաքածոյի համալրման ու այժմէականացման աշխատանքին մէջ:          

Տէրեան հայագիտական գրադարանը կը միտի շարունակաբար ձեռք բերելու ո՛չ միայն Սփիւռքի, այլ նաեւ Հայաստանի տարածքին հրատարակուող գիրքեր՝ անոնց արժանաւորապէս յատկացնելով պատշաճ անկիւն մը աւելի քան 42.000 հայերէն ու անգլերէն հատորներ եւ տեսա-լսողական նիւթեր բովանդակող իր հաւաքածոյին մէջ:      

Տէրեան հայագիտական գրադարանի անձնակազմս զգացուած է ազնիւ ուշադրութեան համար եւ մասնայատուկ շնորհակալութիւն կը յայտնէ բոլոր նուիրատուներուն՝ այս գնահատելի ներդրումին առիթով:

Կոչ կ’ուղղենք կրթա-մշակութային հաստատութիւններու, գրահրատարակչատուներու, անհատ հրատարակիչներու եւ հեղինակներու՝ ի սփիւռս եւ ի հայրենիս, որ շարունակեն մասնակից դառնալ գրադարանի հաւաքածոյի հարստացման մեր յարատեւ ձգտումին՝ ի խնդիր հայերէն գրաւոր ժառանգութեան պահպանման ու տարածման:

Այսուհետեւ պարբերաբար պիտի ծանուցենք եւ տարեկան դրութեամբ հանրութեան պիտի ներկայացնենք մեր ստացած ու ձեռք բերած գիրքերուն ցանկը:

Նշենք, որ գրադարանը բաց է բոլոր գիտահետազօտողներուն առջեւ՝ հայ թէ օտար:

ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ
                                                                                                         ՏԷՐԵԱՆ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԳՐԱԴԱՐԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին