Ուրբաթ, 04. 07. 2025

spot_img

Պէտք է Դադրի Հայաստանի Ներկայ Քաոսային Վիճակը – Պրն. Վարչապետ. Անձեռնմխելի է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնայ Տարածքը

ՌԱԿ-ի Համադրուած Մամուլի Յայտարարութիւնը

Հայաստանաբնակ թէ Սփիւռքաբնակ գիտակից հայը ապշած՝ ափսոսելով եւ զզուանքով կը հետեւի այս օրերուն իր հայրենիքին մէջ, յանկարծ ստեղծուած, կատարեալ քաոսային ամօթալի վիճակին:

Այս պայմաններուն մէջ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան համադրուած մամուլը իր կարգին, ինչպէս հանդարտ մտածողութեան տէր այլ շրջանակներ, ստիպողաբար հարց կուտայ նախ թէ ուր են այս ահաւոր կացութեան պատասխանատուները, եւ յետոյ մանաւանդ՝ ինչպէ՞ս կարելի է մարեցնել եւ կասեցնել տառացիօրէն ազգակործան այս վիճակը հայրենիքին մէջ:

Որոշ է թէ ներկայ արդէն իսկ խառնակ համաշխարհային քաղաքական շատ բարդ վիճակին մէջ, Հայաստան՝ իր ամբողջական ոչնչացումը կանխելու համար, պարտաւոր է առաջին հերթին, իր դիմադրողականութեան բոլոր միջոցները, ահազանգային ջանքերով, եւ որքան կարելի է համազգային միասնականութեամբ, հզօրացնել: Սակայն, փոխարէնը, Հայաստանը անհաւատալիօրէն ինք իր ձեռքով, ընդհակառակը, ձեռնարկած է իր դիմադրողականութեան կառոյցին հզօրագոյն ազդակները ոչնչացնելու աշխատանքին:

Հետեւաբար, այսօրուան ազգային անյետաձգելի հրամայականն է սառ դատողութեամբ՝ դիտելով կատարուածները իրենց ամբողջութեանը մէջ, բնորոշել նախ հիմնական պատճառները որոնք հասցուցած են երկիրը մինչեւ այս վիճակին, եւ յետոյ բանաձեւել այն պահանջները որոնց անյետաձգելի գործադրութեամբ է որ Հայաստան աշխարհը կրնայ դուրս գալ այս ամօթալի վիճակէն:

Մօտ անցեալին թէ ներկային կարեւորագոյն իրարայաջորդ իրադարձութեանց վերլուծման իբրեւ հետեւանք մեր ախտաճանաչումը կ’առաջնորդէ այն հակիրճ եզրակացութեան թէ Սահմանադրական յօդուածներով, եւ նոյն կարեւորութեամբ ալ մեր բազմադարեան պատմութեան հայրենասիրական հրաշալի աւանդութիւններով ամրագրուած յստակ կարմիր գիծեր, որոնք կը բնորոշեն Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ երկրի իշխանութեանց համակեցութեան պայմանները, հատուած են վերջերս, եւ այսօր կը շարունակեն  հատուիլ ամենակոպիտ ձեւերով:

Մեր ազգային ինքնութիւնը եւ տոկունութիւնը ապահովող այս երկու կարեւորագոյն բեւեռներուն խաղաղ եւ հակակշռուած համակեցութիւնը ու լիարժէք գործակցութիւնը անհրաժեշտութիւն են  մեր ժողովուրդին համար: Մեր պահանջն է անյապաղ վերահաստատել այդ առողջ համակեցութիւնը:

Այս յայտարարութեամբ կը վերյիշեցնենք վերոյիշեալ կարմիր գիծերը եւ կը պահանջենք անմիջական վերադարձ անոնցմով բնորոշուած կարգ ու կանոնին:

Ազգային Սահմանադրութիւնը ամրագրած է թէ Պետութիւն եւ Եկեղեցի անջատ են այսինքն անոնցմէ ոչ մէկը արտօնուած է միջամուխ ըլլալու միւսին վերաբերող բնագաւառներուն:

Հետեւաբար պրն. Վարչապետ Փաշինեան Ձեզի արտօնուած չէ Ձեր զբաղեցուցած պետական դիրքը եւ պաշտօնը  օգտագործելով որեւէ  կերպով միջամուխ ըլլալ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ ներքին հարցերուն եւ մինչեւ իսկ պահանջելու Ամենայն Հայոց Հայրապետին հրաժարականը: Վերջակէտ:

Ձեր իրաւասութիւնը, այդ եւ նման բացարձակօրէն եկեղեցւոյ պատկանող հարցերու կապակցութեամբ, առաւելագոյնը հաւասար է Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մէջ իր պարտականութիւնը կատարող համեստագոյն հայորդիի մը իրաւասութեան, այն ալ, միայն եթէ անոր նման դուք եւս կը կատարէք, եկեղեցւոյ կանոնագրութեանց համաձայն Ձեր, եկեղեցւոյ նկատմամբ ունեցած պարտականութիւնները: Մենք նախանձախնդրօրէն պաշտպան ենք Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան, Հայրապետին և մեր Եկեղեցւոյ անկախութեան:

Նոյն ժամանակ ,պրն. Վարչապետ, ամօթ կզգանք տեսնելով թէ Ձեր գռեհիկ և ամօթալի հրապարակային գրառումները հասած են մինչեւ թլփատուած ըլլալու փաստը իբրեւ վկայութիւն առաջարկելու մակարդակին, եւ այդպիսով ի վերջոյ ուշադրութիւնը գրաւելու BBC, Euronews, CBC եւ այլ միջազգային մամուլի հարթակներուն, ինչ որ դժբախտաբար չկրցաք կամ չուզեցիք ընել նոյնիսկ Արցախեան համազգային աղէտին առիթով:

Միւս կողմէ, այս անգամ ակնարկելով հոգևորական դասին վերաբերմունքին, և անդրադառնալով մօտ տարի մը առաջ կարեւոր ծաւալ ստացած այսպէս կոչուած «Սրբազան Պայքար»ին  որ գլխաւորուած էր աւագ եկեղեցականի մը կողմէ, կը մատնանշենք թէ այդ ժամանակ, Մայր Աթոռը պարտէր յստակօրէն անջատել զայն եկեղեցւոյ կառոյցէն:

Այդ եւս կը նկատենք կարմիր գծի անընդունելի հատում:

Այստեղ յաւելեալ յստակացման համար սակայն, կը մատնանշենք թէ կարմիր գիծի հատում չէ երբեւէ եւ ընդհակառակը ակնկալելի է որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին հրապարակաւ յայտնէ իր մտահոգութիւնը, յորդորը եւ բարոյական պահանջները հայրենիքի գոյութենական տագնապներուն ընթացքին: Այդպիսի պարագաներու մէջ ողջունելի է նոյնիսկ որ ան Սարտարապատի ոգիով մասնակից դառնայ սկզբունքային տեսակէտներու կապակցութեամբ համազգային փոխանակումներուն եւ հակախօսութեանց:

Եկեղեցին սակայն պէտք է միշտ դուրս մնայ զուտ ներքին քաղաքական եւ կուսակցական հակամարտութիւններէն:

Միւս կարմիր գիծը պրն.Վարչապետ , որ կոպտօրէն հատուած է, Միածնաէջ Սուրբ Էջմիածնայ եւ Մայր Աթոռի տարածքն է որուն անձեռնմխելիութիւնը ամրագրուած է մեր դարաւոր պատմութեան աւանդութեամբ և օրինակներով եւ նոյնպէս Սարդարապատի անմար ոգիով:

Եթէ Վատիկանը ունի իր սեփական պաշտպանութեան բանակը, Մայր Աթոռի պահապանը, պրն. Վարչապետ, Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ աշխարհատարած բազմամիլիոն հաւատացեալներու հաւաքականութիւնն է:

Մի քանի օրեր առաջ Մայր Աթոռի տարածքը խուժած դիմակաւորուած ոստիկանութեան խորշելի պատկերը պժգանքով պատեց ողջ գիտակից հայութեան սրտերը:

Կը պահանջենք պրն. Վարչապետ որ Մայր Աթոռի տարածքին այդ կարմիր գիծը չհամարձակիք հատել կրկին անգամ որեւէ պատճառաբանութեամբ:

Վերջապէս կը մատնանշենք, նոյնպէս վերջին օրերուն, հայոց բարձրաստիճան հոգեւորականներուն կալանաւորմանց պատկերները: Անոնք ևս մեր պատմութեան մէջ աննախադէպ խորշելի երեւոյթներ են:

Յստակ է բոլորիս համար թէ աշխարհական կամ հոգեւորական ամէն անհատ պատասխանատու է իր երկրին օրէնքներուն դէմ կատարած արարքներու համար: Առաջին հերթին սակայն, պէտք է բծախնդրօրէն յարգել բոլոր քաղաքակիրթ երկիրներու շարքին Հայաստանի մէջ եւս գործադրելի ենթակայ մեղադրեալներուն անմեղութեան նախավարկածը մինչեւ անկախ եւ արդար դատական գործողութիւններով անոնց նկատմամբ տրուած վճիռներու կայացումը:

Այստեղ եւս կ’ակնկալենք որ պատշաճօրէն յարգուին մեր դարաւոր պատմութեամբ նուիրագործուած՝ հոգեւորականներու հանդէպ յարգանքի աւանդութիւնները:

Ներկայիս, գլխաւորութեամբ Շիրակի Թեմի երկար վաստակ ունեցող Առաջնորդ Գերշ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի, կղերականներու կալանաւորման ցնցիչ երեւոյթը պէտք էր խնայել մեր ժողովուրդին: Մինչեւ ենթադրաբար անոնց դէմ կատարուած ամբաստանութեանց դատական կանոնաւոր միջոցներով հաստատուիլը կ’ակնկալենք որ ըստ պատշաճութեան պահանջուի իրենցմէ մնալ Մայր Աթոռի, կամ իւրաքանչիւրը իր թեմին եկեղեցապատկան շրջապատի սահմաններէն ներս:

Կեզրականացնենք այս կոչը պահանջելով որ պրն. Վարչապետը եւ օրուան իշխանութիւնները բծախնդրօրէն յարգեն վերեւը յիշուած կարմիր գիծերը եւ բծախնդրօրէն գործեն համաձայն ՀՀ Սահմանադրութեան եւ մեր ազգային աւանդութիւններով ձեւաւորուած գործելակերպին: Նոյնպէս կ’ակնկալենք Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ սպասաւորներէն եւ յատկապէս աւագ եկեղեցականներէն, որ իրենք եւս յարգեն վերոյիշեալ նկատումներով բնորոշուած իրենց վերաբերեալ վարքագիծը:

Մայր Աթոռը եւ հայոց հայրենիքը կը վայելեն աշխարհասփիւռ ամբողջ հայութեան գուրգուրանքը:

Մենք, ինչպէս ամբողջ գիտակից հայ ժողովուրդը, այսու կը պահանջենք որ անմիջապէս դադրի Հայաստանի մէջ ստեղծուած ներկայ ամօթալի և ազգակործան քաոսային վիճակը:

                                                                   ՌԱՄԿԱՎԱՐ ԱԶԱՏԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԵԱՆ

ՀԱՄԱԴՐՈՒԱԾ ՄԱՄՈՒԼ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին