Շաբաթ, 28 Յունիս 2025-ին, մեր դպրոցին Յակոբ Պարսամեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ Վահան Թէքէեան վարժարանի ընթացաւարտ Նախ. Զ. եւ շրջանաւարտ Միջնակարգ Գ. դասարաններու ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը:
Նախակրթարանի եւ Միջնակարգի աշակերտներու կողմէ գործադրուեցաւ գեղարուեստական կոկիկ եւ պատշաճ յայտագիր մը։
Այս առիթով ջերմապէս կը շնորհաւորենք Վահան Թէքէեան վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչական կազմը, ընթացաւարտ Նախ. Զ. եւ շրջանաւարտ Միջնակարգ Գ. դասարաններու աշակերտներն ու անոնց ծնողները։



