Կիրակի, 29. 06. 2025

spot_img

Մարիա Վօշի՝ Ֆելիեթոններու ներգործութիւնը

Փրոֆ․ ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ

Լվովի դարաւոր հայկական մայր տաճարին մէջ ըմբոշխնած էր լեհահայ մշակոյթի երաժշտական, հոգեւոր եւ ծիսական սխրագործ ժառանգութիւնը՝ հոգեպարար պատարագներու փառաբանանքի վսեմ պահերը, որոնք բաւարար էին, որ Մարիա Վօշ հիմնովին ընկալեր հայութիւնը։ Կեանքի ուղին զինք փոխադրած էր  Եւրոպայի  19-րդ դարու մշակոյթի Փարիզը համարուող իր ծննդավայր Լվովէն դէպի այսօրուայ Լեհաստանի արեւմտեան կողմը գտնուող Վրօցլաւ քաղաքը։ Իբրեւ լրագրող, հրապարակախօս, հաղորդավար ներկայ գտնուած էր Վրօցլաւի պետական համալսարանի իրաւաբանութեան բաժանմունքի աշակերտութեան ներկայացուցած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նուիրուած իմ դասախօսութեանս, այդ առիթով բարեկամացած էինք։ Ինչպէս Լվովի մէջ, ներկայիս ան կը շարունակէ պարբերաբար ներկայ գտնուիլ Վրօցլաւի մէջ հայ կաթողիկէ ծէսին նուիրուած երբեմնի պատարագներուն։

Մ Վօշը ծնած է 22 Մարտ 1934 թուին, Լվովի մէջ: 91-ամեայ լեհ այս մտաւորականը, յառաջացած տարիքի բերումով այսօր տկար լսողութեամբ, վատուժ տեսողութեամբ, յենացուպի օժանդակութեամբ բանող իր ճղճիմ մարմնով առանց տրտնջալու, սրտապինդ կը մշակէ իր հաղորդումները արթնամիտ պրպտումներով, անկաշկանդ մտածողի խոհեմութեամբ եւ առողջ դատողութեամբ կը ներկայացնէ իր պայծառամիտ ֆելիեթոնները։


Սոյն տարուայ Ապրիլ 24-ի առաւօտ էր, լծուած էի համալսարանի դասախօսութիւններուս պատրաստութեան, երբ հեռաձայնիս զանգը խզեց գրասենեակիս անդորրութիւնը։ Հեռաձայնողը կարկառուն Մարիա Վօշն էր (Maria Woś)։ Լեհ կրթական մշակ, լրագրող, հաղորդավար, գիրքերու հեղինակ, եւ մանաւանդ ձայնային ֆելիեթոններու (ֆր. Feuilleton) հմուտ մասնագէտը։ Ֆելիեթոնը, հրապարակախօսական գրական այն ժանրն է, ուր որոշ թեմայի մը վերլուծութիւնը կը տրուի սեղմ բացատրութեամբ, քննարկումը ընդհանրապէս հարցադրումներու, գողածածկ երգիծանքի, կատակերգական եւ մանաւանդ քննադատութիւնը` ծաղրական, ուշագրաւ սրամտութեամբ կը հրամցուի։ Ժանր մը, որ կ’ենթադրէ ներկայացուելիք նիւթի խոր հմտութիւն, բազմաշերտ ու լուրջ ուսումնասիրութիւն:

Գիտական աշխատանքիս պահուն ժամանակս խնայելու եւ երկար զրոյցէ մը խուսափելու համար մտածեցի չպատասխանել վիթխարի Մարիային։ Յատկապէս, որ Ապրիլ 24-ի խորհուրդը, ամէնօրեայ մեր սրտաճմլիկ կենսախնդիրը ըլլալէն անկախ, ինծի համար ունի ուխտապահութեան, մեր ազգի մարտիրոսութեան հանդէպ նուիրական յարգանքի, խոկումի, վերացումի եւ մտասեւեռումի թելադրողականութիւն մը։ Բայց Մարիային վաղ առաւօտեան հեռաձայնը յորդոր մը յուշեց, մտածեցի՝ ըսելիքը հասցէատէր մը ունի, միաժամանակ յիշեցի լեհական ուշագրաւ վարմունք մը՝ յատկանշական օրերու առիթով զիրար սրտապնդող ընդունուած սովորոյթը, ազգային՝ անկախութեան, սահմանադրութեան, դրօշի օրուան եւ այլ տօներու առիթներով մէկը միւսին շնորհաւորելու, քաջալերելու օրինակելի աւանդոյթը։ Մտաբերեցի, որ Մարիան ալ հայերուս համար առանձնայատուկ այս օրուան առիթով փոխանցելիք խօսք մը ունի, լաւ գիտնալով, որ հայերուս համար երբեմն բաւարարող են գօտեպնդող զգացումները, խթանող նշանակութիւն ունին սրտաբուխ խօսքերը։

Վստահօրէն չէի սխալած: Նրբանկատ Մարիան հեռաձայնի միւս կողմէն խորազգաց յանձնառութեամբ նախ իր տրտմութիւնը յայտնեց հայոց զգայացունց ցեղասպանութեան 110-ամեակի առիթով, ապա յայտնեց, որ՝ «Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին նուիրուած Ֆելիեթոնս պիտի սփռեմ վաղը՝ հինգշաբթի օր, ինչպէս պատրաստած էի Հայոց ցեղասպանութեան 100 եւ 101-ամեակներուն»։

Մարիան լաւ ընկալած է հայ ժողովուրդի տառապանքները, պատմական ծալքերը, եւ ինչպէ՞ս չընկալէ այդ բոլորը, երբ ապրած է տնաւեր Բ. համաշխարհամարտի դաժան օրերը։ Քաջածանօթ է քսաներորդ դարու հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան չսպիացող վերքին։ Ի վերջոյ, լեհերն ալ ունին Քաթինի (Katyń) 1940 թուականի ողբերգութիւնը [1], Վոուին (լեհ․ Wołyn) կամ Վոլինեան 1943-1944 թուականներու վշտալի  կոտորածները [2]: Այո, այնքան թարմ է Քաթինի կոտորածներու յիշատակը, երբ Քաթինի նահատակներու յարգանքի տուրք մատուցելու նպատակով 10 ապրիլ 2010 թուի Լեհաստանի նախագահ Լեխ Քաչինսքին եւ առաջին տիկինը, անոր ընկերացող պետական վերնախաւի 95 բարձրաստիճան քաղաքական այրերու, նախարարներու պատուիրակութիւն մը զոհուեցաւ Սմոլենսքի (Smolensk) մօտ տեղի ունեցող ինքնաթիռի ջախջախումի սարսափելի աղէտին, որ կը փոխադրէր այդ պատուիրակութիւնը ։ 

Մարիա Վօշ այս տարի ալ յարգեց իր խոստումը. Վրօցլաւի պետական ռատիօկայանէն ներկայացուց Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակին առիթով, «Քալեցին անապատի ընդմէջէն ու զոհուեցան աւազին մէջ» խորագրով «Szli przez pustynię i ginęli w piasku»  Ֆելիեթոնը: Հայոց ցեղասպանութեան 101-ամեակին առիթով, ան ներկայացուցած էր «Ինչքա՞ն երկար տակաւին» խորագրով (Jak długo jeszcze?) Ֆելիեթոնը՝ նկատի ունենալով թէ որքա՞ն երկար պէտք է սպասել արդար հատուցումին։

        Այս տարուայ Ապրիլ 24-ի առիթով Մարիա Վօշ կորովամիտ վերլուծութեամբ ներկայացուց օրուայ խորհուրդը: Անդրադարձաւ 27 սեպտեմբեր 2020 թուականի Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին, Արցախահայութեան հանդէպ 19 Սեպտեմբեր 2023-ին իրականացուած բռնագաղթին, Արցախի քրիստոնեայ հայ ազգաբնակչութեան դէմ գործադրուած զանգուածային բռնատեղահանումին։ Քննադատեց Վատիկանի որոշ իշխանաւորներու անպարկեշտ վերաբերմունքը: Հեգնական իր ոճով պարսաւեց քաղաքական նպատակներով սոյն տարուայ ապրիլին կատարուած գիտաժողովը «Քրիստոնէական ժառանգութիւնը Ազրպէյճանի բազմամշակութային ինքնութեան մէջ» խորագիրով [3]։ Ծաղրանքով արտայայտուեցաւ Վատիկանի նման հոգեւոր կառոյցի մը հովանաւորութեամբ տեղի ունեցող կամ հիւրընկալուող ծանծաղութեան: Խիստ էր Մարիա Վօշի ինքնաբուխ վերլուծումը, ֆելիեթոնը, որ ուղղուած էր մարդկային անարդար արժանապատութեան։ Ինքնակամ, անշահախնդիր եւ հայանպաստ հաղորդումը ինքնին վկայութիւն մըն է Մարիա Վօշի անաչառութեան: Այսօր պետութիւններ ցեղասպանութեան հարցը դարձուցած են դիւանագիտական ​​ճնշումներ գործադրելու շահադէտ միջոց, մթագնելու, լռեցնելու կամ ժխտելու գործիք, նոյնիսկ կը զլանան արտայայտութեամբ մը ոգեկոչելու հայ ժողովուրդի անհամար մարդկային զոհերը։ Իսկ Մարիա Վօշ՝ Վրօցլաւի պետական ռատիօկայանի բարձրախօսի ետին նստած, Լեհաստանի բազմամիլիօն ունկնդիրներուն հեռարձակուող ֆելիեթոնի պատգամով, անգամ մը եւս ճեղքելով անտարբերութեան փխրուն պատը, առանց վարանումի բարձրաձայնեց, դատապարտեց, վերյիշեցուց եւ ոգեկոչեց հայ ժողովուրդի մեծագոյն ողբերգութիւնը: 91-ամեայ կենսատու կենսագրականով մտաւորականը, հաղորդավարը մեծափառ երախտապարտութեան արժանի է։

        Մարիա Վօշ ոչ միայն հայոց ցեղասպանութեան ամեակներուն ոգեկոչած է հայերը, այլ նաեւ իր զանազան՝ մշակոյթի, պատմութեան, ընկերային, գրականութեան, կրթական եւ այլ նիւթերու նուիրուած ֆելիեթոններուն ընթացքին ալ առիթը չէ խնայած հայոց կամ լեհահայութեան մասին յիշատակութիւններ կատարելէ, վկայութիւններ ներկայացնելէ։ Այդ համոզումով ալ իր ֆելիեթոններու ծրագրին մէջ ներառած է հայանպաստ շատ մը վերնագիրներ, ինչպէս՝ Լվովի մէջ լեհահայ կաթողիկէ վերջին թեմակալ առաջնորդին, երկարատեւ գահակալութեամբ յատկանշուող (1901-1938), բարեհամբաւ Յուզեֆ Արք․ Թէոտորովիչի մասին, Լվովի հայկական թեﬕ հիﬓադրութեան 650-ամեակի (1367-2017) առիթով, Լվովի հայկական տաճարը եւ անոր ստեղծագործները, Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու մատեան»ը եւ այլ հայանպաստ նիւթերու մասին։

        Մարիա Վօշի բնորոշիչ գիծերն են՝ գրական աշխատանքի իր վերանորոգ ներուժը, ֆելիեթոններու ծրագիրը շարունակելու իր դիմացկութիւնը, գրական արտադրութիւնը եռանդուն պահելու իր անխախտ հաւատարմութիւնը։   Լեհաստանի Վրօցլաւ քաղաքի ռատիօկայանէն պարբերաբար հինգշաբթի օրերուն կը ներկայացնէ սեփական վերլուծական իր հաղորդումները։ Ան եթերային սփռումներով, միշտ ալ ըսելիք խորհուրդ մը ունի, փոխանցելիք պատգամ մը, մտքի պայծառատեսութիւն մը, այժմէական դատողութիւն մը։ Հաղորդումներէն անկախ ան իր առաջին գիրքը հրապարակած է «Ռատիօ ֆելիեթոններ – Վրօցլաւ 2006», ապա երկրորդը՝ «Յիշել, յիշեցնել , մոռնալ – Ռատիօ ֆելիեթոններ – Վրօցլաւ 2010»: Իր երրորդ գիրքը «Leopolka» հրապարակած է 2023-ի նոյեմբերին, որ կը բաղկանայ 584 էջերէ, իր յայտնաբերած «Leopolka» բառին խորագրով [4]։ Անոր բովանդակութիւնը հեղինակի ինքնութեան, կորսուած երանական ծննդավայրի տեղեկութիւններով,  մարդաբանութեան մանրամասնութիւններով եւ յատկապէս   պատկանելիութեան յուշապատումն է։ Վերջին հատորը ապրուած կեանքի մը վկայութիւններու նրբազնին կենսապատումը կարելի է համարել։ Համեմատելով նախորդներուն հետ, անոր բովանդակութիւնը վճռականօրէն նոր հորիզոն մը կը բանայ, ըլլայ՝ վկայութիւններու խորաթափանցութեամբ եւ պարունակութեան գրաւչութեամբ ։

Այս գիրքին մէջ ալ Մարիա Վօշ ստուար բաժիններ տրամադրած է լեհահայութեան՝ հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական կեանքի մասին, իբրեւ ապրուած կենդանի վկայութիւններ, միշտ ակնարկելով, որ լեհահայութիւնը անբաժանելի եւ հիմնական մէկ բաղադրիչն է լեհական պատմական բազմադարեայ ժառանգութեան։ 

12 տարեկան դերատի Մարիան բռնագաղթած է իր ծննդավայր Լվովէն, հաստատուելով Վրօցլաւի մէջ։ Լեհերէն գրականութեան բարձրագոյն ուսումը աւարտելէ ետք 1956 ին կը նուիրուի ուսուչցութեան։ Երեկ էր կարծես, երբ 1958 ին, բարձրախօսին դիմաց եթերի վրայ իբրեւ լրագրող, Վրօցլաւի պետական ռատիօկայանէն իր հաղորդումները ներկայացուցած էր:  Մ․ Վօշը հեղինակային նախաձեռնութեամբ իրականացուցած է նաեւ «Ունկնդիրներու հետ յաղորդակցութիւն», «երիտասարդութիւն», «Կրթութիւն եւ գրականութիւն» եւ այլ ծրագրեր, հասնելու իր նախասիրած «Ֆելիեթոններու» հաղորդումներու աշխատախոնջ ուղղութեան, որ ծանրակշիռ պրպտումի, քննարկումի եւ հոգեմաշ տքնաջանութեան կը կարօտի։

Մարիա Վօշը 67 տարիներու ռատիօհաղորդումներու թրծուած հմտութեամբ հարուստ վաստակ մը ունի լրագրութեան եւ ձայնային մամուլի լեհական անդաստանին մէջ։ Կարելի է պատկերացնել հաղորդավարուհիին դնդեղ կոկորդը, որ տասնամեակներ դիմացած է հարուստ ու պատուաբեր փորձառութիւն մը դիզելով։ Լեհաստանի տարածքին բազմահազար հաւատարիմ ունկնդիրներու կողմէ սպասուած իր հաղորդաշարի մշակոյթը ստեղծելով։ Իր գրիչին, խօսքին ներգործութիւնը կամարուած է ձայնի հաղորդակցականութեան հետ՝ ոճի թովիչ մեկնութեամբ, նիւթերը առինքնող ձեւով մատուցելու՝ շքեղութեամբ ներկայացնելու արհեստավարժութեամբ։ Մարիա Վօշի ֆելիեթոնները կը յատկանշուին սուր դիտարկումի, գրական զգացողութեան, աւանդոյթներու եւ մշակոյթի նկատմամբ խոր յարգանքի համադրումով, զայն դարձնելով իւրայատուկ երեւոյթի, յարգանքի արժանի փնտռուած հաղորդավարի, մտաւորական տիպարի մը, որ արժանացած է բազմաթիւ պետական գնահատականներու եւ շքանշաններու։

        Մարիա Վօշ բացառիկ անձնաւորութիւն է՝ լրագրող, հանրախօս ու գրող, որուն երկար տարիներու վաստակը արժեքաւոր մշակութային վկայութիւն է ինչպէս լեհական գրականութեան, նոյնպէս ալ լրագրութեան եւ ձայնային յաղորդակցութեան մշակոյթի պատմութեան համար։ Անոր ոճը կը զանազանուի իր խոր մարդկայնութեամբ, պարզութեամբ եւ ճշմարտութեան անդուլ փնտռտուքով, ոչ թէ ընթացիկ կամ աւանդական, այլ մարդկային յիշողութեան մէջ արմատաւորուած ճշմարտութեամբ։

Ճաճանչող վաստակդ անսպառ՝ Մարիա Վօշ

[1] Քաթինի վայրագ սպանդը լեհ ժողովուրդի համար այն դաժան ողբերգութիւնն է, երբ Բ համաշխարհային պատերազմի ընթացքին՝ 1940 թուականի ապրիլ-մայիս ամիսներուն Քաթինի անտառներուն մէջ լեհական բանակի շուրջ 22 հազար ռազմագերիներ, սպաներ գնդակահարուեցան, լեհ մտաւորականութիւն մը  ենթարկուեցաւ զանգուածային բնաջնջումի, այս անմարդկային ողբերգութիւնը իրագործուած է ԽՍՀՄ Ներքին գործերու ժողովրդական յանձնակատարի (NKVD)-ի կողմէ – ԱՍ)

[2] Վոուին (լեհ Wołyn) կամ Վոլինեան ողբերգական կոտորածներ, 1943-1944 թուականի Արեւմտեան Ուքրանիայի մէջ, ծագումով ոչ ուքրանիացիներ «մաքրագործելու» տխրահռչակ քաղաքականութեան մը հետեւանքն է, երբ ուքրանացի ազգայնամոլներ զանգուածային կոտորածներ իրականացուցին լեհերու վրայ։ Վոլինեան կոտորածի տխրահռչակ քաղաքականութեան պատճառով 60 հազարէն աւելի լեհեր ջարդուեցան։ Այս բնաջնջումները ողբերգական կնճռոտ հարցեր են լեհ-ուքրանիական յարաբերութիւններու պատմութեան մէջ:

[3]  https://zartonkdaily.net/2025/04/27/%d5%be%d5%a1%d6%80%d5%b7%d5%a1%d6%82%d5%a1%d5%b5%d5%a7%d5%b6-%d5%be%d5%a1%d5%bf%d5%ab%d5%af%d5%a1%d5%b6-%d5%b7%d5%a1%d6%80%d5%b8%d6%82%d5%b6%d5%a1%d5%af%d5%b8%d6%82%d5%b8%d5%b2-%d5%a1%d5%ba%d5%ab/

[4] «LeoPolka»  բաղադրեալ բառը, կը միաւորէ երկու տարր՝ «Leo»-ն, այսինքն Լվով (լատիներէն՝ Leopolis՝ «առիւծի քաղաք»), որ կը խորհրդանշէ ծագումը, մշակութային ժառանգութիւնը  եւ արմատները։ Իսկ «Polka»-ն կը նշանակէ լեհուհի, որ լեհութիւնը կը խտացնէ որպէս ազգային, հոգեւոր ինքնութիւն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին