Երկուշաբթի, 30. 06. 2025

spot_img

Իրենց Կենդանիներուն Նկատմամբ Ազգի Մը Վերաբերմունքը Անոր Բարոյական Զարգացման Ցուցանիշն Է

Well-Tempered Armenia

Հայրենիքը Ներսէն Դիտած

«Ոդիսական» 10

Հայաստան. Մեր Օրեր

Այն միտքը, որ ազգի մը քաղաքակրթութիւնը կարելի է չափել կենդանիներու նկատմամբ անոր վերաբերմունքով, այն տեսակէտն է, որ յաճախ կը վերագրուի Մահաթմա Կանտիին: Այս մէջբերումը կամ նմանատիպ միտքերը կ՛ընդգծեն, թէ հասարակութեան բարոյական կերպարը կարելի է դատել այն բանով, որ ինչպէս է տուեալ ազգը կը վերաբերի իր տիրոյթին մէջ ամենախոցելի հատուածին, ընդ որում կենդանիներուն հետ։

Հակառակ անոր, որ ճշգրիտ ձեւակերպումը կրնայ քիչ մը տարբեր ըլլալ, հիմնական միտքը այն է, որ ազգի մը բարոյական դիրքը կ՛արտացոլայ  կենդանի էակներու հետ իրենց վերաբերմունքին մէջ, մանաւանդ այնպիսիներու հանդէպ,  որոնք չեն կրնար իրենք զիրենք պաշտպանել:

Որոշ աղբիւրներ այս միտքը կը վերագրեն Կանտիի 1931 թուականի ելոյթին, հակառակ այն փաստին, որ ոմանք կը պնդեն, թէ այս մէջբերումը գոյութիւն չունի ելոյթէն մեզի հասած թեքստին մէջ: Անկախ սակայն անոր ճշգրիտ ծագումէն, սոյն մէջբերումը արձագանգ կը գտնէ շատերուս մօտ  եւ կ՛ընդգծէ կենդանիներու նկատմամբ կարեկցանքի եւ բարոյական վերաբերմունքի կարեւորութիւնը։

Այս նաեւ կը մեկնաբանուի այնպէս, որ այն հասարակութիւնը, որ դաժան կամ անտարբեր է կենդանիների նկատմամբ, հաւանաբար նաեւ անարդար կամ անտարբեր կ՛ըլլայ իր մարդկային բնակչութեան, մասնաւորապէս՝ իր ամենախոցելի անդամներուն նկատմամբ: Ոմանք կը պնդեն, որ ազգի մը, իրենց կենդանիներուն նկատմամբ վերաբերմունքը անոր ընդհանուր բարոյական զարգացման եւ արդարադատութեան նկատմամբ նուիրուածութեան ուժեղ ցուցանիշ է:

*****

Սոյն գրութեանս տուն տուող պատճառը այստեղ կցուած նկարին մէջ երևցող գովազդն է, ուր տուեալ անձը, պատրաստ է մորթելով ծախելու իր 25 օրական յղի մայր խոզը… (մայր անասունի տեսակ, որ իմ վկայութեամբ, յաճախ կարգ մը երկոտանի «մայրերէն» աւելի ՄԱՅՐ է):

Մեկնաբանութիւնը ձգելով ընթերցողին, ինծի կը մնայ միայն ըսել, թէ իզուր չէ, որ մեր Հայրենիքն ու ազգը այս թշուառ օրերը կ՛ապրի, ուր ամեն մարդկային արժէք խաթարուած է:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին