ՓԱՆՈՍ ԹԻԹԻԶԵԱՆ
Ոչ եւս է Սարգիս Տէմիրճեան: Կեանքին հրաժեշտ տուաւ Հայ մը, մէկը այն մեծերէն, որ ապրեցաւ ու գործեց մեր ժամանակակից պատմութեան անցնող գրեթէ մէկ դարուն: Մասնաւորաբար Լիբանան, ուր ինք փայլեցաւ իր կեանքի ասպարէզին մէջ իր ձեռք բերած յաջողութիւններով ու վարկով: Եւ այդ դիրքերէն ան օժանդակեց ու ծառայեց մեր կազմակերպութիւններուն ու հաստատութիւններուն, իր քրտինքով, տաղանդով, նիւթական ու բարոյական ներդրումներով: Ժամանակ մը, երբ հայ համայնքները անհրաժեշտ կարիքը ունէին հպարտութեան: Ցեղասպանութենէն վերապրած հաւաքականութիւններուն համար Վահան Թէքէեան բանաստեղծը պիտի ըսէր՝ «Կարենալ ապրելու համար այսուհետեւ մենք պէտք ունինք հպարտութեան»:
Ողբացեալ Սարգիս Տէմիրճեանին ձգած վաստակը չի սահմանափակուիր Լիբանանի մէջ: Ան կը տարածուի շատ մը համայնքներու վրայ, հասնելով մինչեւ Լոս Անճելըսներ: Այս առթիւ Հ.Բ.Ը.Միութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը, լայն գիծերու մէջ կու տայ ընդհանուր պատկերը այն մեծ գործին, որ ազգային թէ հայրենասիրական իմաստով Սարգիս Տէմիրճեանինը եղաւ: Ինծի բաժին կը մնայ պարզապէս սրտի խօսք ըսել, բաժնել ջերմ յուշեր ու խոհեր Սարգիս Տէմիրճեանէն ինծի մնացած, որոնք զիս կը յուզեն հիմա որ ինք չկայ այլեւս եւ որ կը խորհիմ, այս յառաջացած տարիքիս, հաւանաբար պիտի ըլլայ իմ վերջին մեծագոյն ցաւս:
Երբ կը խօսինք Սարգիս Տէմիրճեանի մատուցած ազգային ծառայութեան մասին, անհրաժեշտ է ընդգծել որ անոնց մէջ մեծ բաժին ունեցած են իր երկու եղբայրները, Աւետիսն ու Յակոբը: Անոնք ալ ազգի երախտաւորներ են իրենց կարգին : Զիրենք եւս մօտէն ճանչցած եմ: Յակոբը տարիներ աշակերտս եղած է Լիբանանի Հ.Բ.Ը.Մ.ի Յովակիմեան Մանուկեան Վարժարանէն ներս: Ի դէպ, ան շրջան մը նախարարի պաշտօն վարած է Լիբանանի կառավարութեան մէջ:
Սփիւռքի իրականութեան մէջ կարեւոր երեւոյթ մը կայ զոր հարկ է ընդգծել: Եգիպտոսէն ետք, յատկապէս Սուրիա եւ Լիբանան, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան մէջ երէք ընտանիքներ՝ Եագուպեան, Նազարեան եւ Տէմիրճեան, նշանակելի գործունէութիւն ունեցած են կրթական, բարեսիրական, երիտասարդական զանազան շարժումներուն եւ եկեղեցաշինական նախաձեռնութիւններու մէջ, յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ պարագային: Ծանօթ է որ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմէն ետք, Ցուրտ Պատերազմի օրերուն, սփիւռքահայութիւնը երկփեղկուեցաւ, երկու ճակատներու բաժնուելով, Խորհրդային Հայաստանի կողմ եւ անոր դէմ: Վերոյիշեալ երեք ընտանիքները, իրենց կողքին ունենալով նաեւ Ապրօ Ապրոյեանի եւ Տոքթ. Երուանդ Ճիտէճեանի նման մեծ յարգանք վայելող անձնաւորութիւններ, երկու քաղաքական կուսակցութիւններ եւ շարան մը յայտնի մտաւորականներ, մեծապէս սատարեցին սփիւռքահայ կեանքի հունաւորման եւ հաւասարակշռութեան: Այլապէս, եթէ Տէմիրճեան, Նազարեան եւ Եագուպեան ընտանիքները ձեռնածալ մնային, մենք կը խորհինք թէ սփիւռքը եւ հայրենիքը մեծ կորուստներու պիտի ենթարկուէին:
Այժմ անդրադառնամ ողբացեալ Սարգիս Տէմիրճեանի հետ ունեցած սերտ յարաբերութեանս մասին: Պարկեշտօրէն խօսելով, ես Սարգիս Տէմիրճեանի մտերիմ բարեկամներէն մէկը չէի, սակայն մենք երկուքս զիրար կը սիրէինք եւ կը յարգէինք: Հանրային գործունէութիւններու մէջ երկուքս ՀԲԸՄ-ի նախաձեռնութիւններուն լծակիցներ էինք: Մեզ իրարու աւելի մօտեցնողը Հայր Տէմիրճեանն էր: Երուանդ Աղա Տէմիրճեանը, որ շեշտուած բարութիւն ու պարզութիւն մը ունէր: Հակառակ որ ես, Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի ուսանող, այցելու ուսուցիչ մըն էի ՀԲԸՄ-ի նորաբաց Յովակիմեան Մանուկեան Վարժարանէն ներս, ան որոշ մօտիկութիւն մը ցուցաբերեց իմ նկատմամբս: 1950-ական թուականներուն մենք ամառները ընտանեօք Լիբանանի Տուար գիւղը կ’ելլէինք օդափոխութեան: Տէմիրճեանները մօտակայ Պուա Տը Պօլօնյը գիւղը կ’ըլլային: Ես անպայման քանի մը անգամ կ’այցելէի Երուանդ Աղա Տէմիրճեանին, որ մեծ սիրով կ’ընդունէր զիս: Այն ժամանակ Սարգիս teenager մըն էր: Երբեմն ան ուշի ուշով կը հետեւէր մեր խօսակցութիւններուն: Ազգային հարցերու եւ շարժումներու շուրջ իր հետաքրքրութիւնը արդէն արթնցած էր իր մէջ:
1994-ին Ամերիկայէն Լիբանան այցելեցի: Ժամադրութեամբ Սարգիսին հանդիպեցայ իր գործատեղին: Ան շատ բազմազբաղ վիճակի մէջ էր: Հակառակ իր այդ կացութեան, ան մօտաւորապէս 45 վայրկեան տրամադրեց զիս ընդունելու համար: Մեր սիրալիր խօսակցութեան ատեն, կը յիշեմ, իր կրտսեր եղբայրը Աւետիսը ներս մտաւ: Դէմքի շարժումով մը յայտնօրէն ուզեց Սարգիսին հասկցնել որ ստիպողական գործ մը կար եւ պէտք էր խօսակցութիւնը կարճի կապել: Սարգիս պատասխանեց՝ «Թող սպասեն» եւ իր զաւակը Երուանդը կանչելով ըսաւ. «Մեզի երկու սուրճ ապսպրէ»: «Պապա ես կ’եփեմ» ըսաւ Երուանդ: Ես շատ լաւ տպաւորուած դուրս եկայ գրասենեակէն: Ինքզինքս աւելի յարգուած զգացի: Սարգիսը class ունեցող անձնաւորութիւն էր:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տաք օրերուն, ՌԱԿ-ի կեդրոնական օրկան «Զարթօնք» կարեւոր բաց մը ունէր: Կարգադրուած էր որ Հրաչեայ Սեդրակեան, Հայկաշէն Ուզունեան եւ ես, այցելէինք ունեւոր անձնաւորութիւններու, իւրաքանչիւրէն 25,000 լիբ. ոսկիի օժանդակութիւն մը խնդրելու համար: Նախ այցելեցինք Սարգիս Տէմիրճեանին: Ան երբ մեզ տեսաւ, լայն ժպիտ մը դէմքին բացականչեց. «Այս ի՜նչ պատիւ է ինծի»: Հրաչեայ Սեդրակեան խօսք առնելով կը յիշեմ, հետեւեալը ըսաւ: «Սարգիս, մենք չենք սիրեր մեր բարեկամներուն գլուխը ցաւցնել, բայց պարտաւոր ենք «Զարթօնք»ի բացը գոցելու: Քեզմէ 25,000 լիբ. ոսկի կը խնդրենք: «Սիրով» պատասխանեց եւ աւելցուց «կրնա՞նք աւելի տալ»: Սեդրակեան պատասխանեց. «Ո՝չ, մենք միայն այդքան կը խնդրենք»: «Մէկ վայրկեան սպասեցէք, Աւետիս եղբօրս ալ պէտք է տեղեակ պահեմ»: Բնականաբար ձեւակերպութիւն մը յարգած կ’ըլլար: Այս էր Սարգիսը, իր քաղցր խօսքերով, շունչով ու եզակի խառնուածքով:
Ուրիշ առիթով մը երբ իր հետ գլուխ գլխի մտերմիկ կը զրուցէինք, դէպք մը պատմեց ինծի որ Փարիզ ճաշարանի մը մէջ պատահած էր: Խօսքը Սարգիսինն է. «Երբ ճաշարան մտայ, նկատեցի թէ խումբ մը մարդիկ ճաշի սեղանի շուրջ նստած, հայերէն կը խօսէին: Մօտեցայ իրենց եւ յայտնեցի հայ ըլլալս: Ի՞նչ նիւթի շուրջ այդքան տաք կը խօսիք հարց տուի իրենց: Պատասխանը այն եղաւ, որ անոնք ՀԲԸՄ-ի տեղական վարչութեան անդամներն էին: Կարեւոր բաց մը ունէին որ պէտք է գոցէին: Ըսի իրենց թէ ես ալ նոյն կազմակերպութեան կը պատկանէի: Ուրախացան: Աւելցուցի թէ կրնայի՞ իրենց այդ բացը գոցել: Զարմացան: Փանո’ս, ես կեանքիս մէջ այդքան սուղ ճաշ չէի կերած:»
Եզրակացնելու համար սրտի խօսքս լուսահոգի Սարգիս Տէմիրճեանին մասին, կ’ուզեմ հետեւեալը ըսել: Իմ աչքիս, անոր ունեցած բազում արժանիքներէն ամենէն ցայտունը, իր եզակի բարոյական ու մարդկային կերպարն էր: Ազնուական, բարձրակարգ անձնաւորութիւն:
Հիմա որ ան այլեւս չկայ, պարապ մը կայ մէջս: Պարապ մը՝ ի տես իսկական մեծերու նօսրացումին՝ այսօրուան նիւթապաշտ աշխարհին եւ հայ իրականութեան մէջ: Այդ իմաստով, սփիւռքը եւ հայրենիքը իրենց ամենափայլուն զաւակներէն մին կորսնցուցին Սարգիս Տէմիրճեանի մահով:
Այս կապակցութեամբ, ես կ’ուզեմ իմ խորազգաց ցաւակցութիւններս յայտնել Տիկին Սեդային, նաեւ Սարգիսին եղբայրներուն Աւետիսին եւ Յակոբին: Բայց մանաւանդ իր զաւկին՝ Երուանդին, որուն բարեկամութիւնը մեծ արժէք ունի ինծի համար: «Պտուղը ծառէն հեռու չ’իյնար» կ’ըսէ առածը կամ անգլերէնով՝ «Նման ծառ՝ նման զաւակ»: Ասկէ առաջ առիթով մը հետեւեալը թուղթին յանձնած եմ. «Սարգիսին ակօսած ճամբէն կը քալէ Երուանդը»: Այս առթիւ կ’ուզեմ նաեւ աւելցնել թէ Երուանդը իր ազնուական հօր նման ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամակցութեամբ եւ բարոյական բարձր արժէքով եւ առատաձեռնութեամբ, արժանի է ամէն գնահատանքի: Ան բառին բովանդակ իմաստով իր հօր տղան է:
Սիրելի Սարգիս, անփոխարինելի Սարգիս, հողը թեթեւ գայ վրադ: