Նիկոլ Փաշինեան այսօր յաջողեցաւ իր հերթական «Փորձնական փուչիկ»-ը արձակել գուցէ փորձարկելու համար ժողովուրդին հանդուրժողականութիւնը կամ հակազդեցութիւնը:
Միտքս ամբողջացնելէ առաջ, փորձեմ բացատրել, թէ ի՞նչ ըսել կ՛ուզեմ «Փորձնական փուչիկ» եզրոյթով:
«Փորձնական փուչիկ»-ը ինչպէս այլ բնագաւառներու մէջ, քաղաքականութեան մէջ եւս օգտագործուող սոցիալ-հոգեբանական մեքանիզմ է, որ յաճախ կ՛օգտագործուի յառաջիկային գալիք արարքի մը յառաջացնելիք արձագանգը նախապէս փորձարկելու: Օրինակ, ան երբեմն լրատուամիջոցներուն ուղարկուող տեղեկատուութիւն է՝ լսարանին արձագանգը դիտարկելու համար։ Այլ օրինակով մը, ան պիզնըս ոլորտին մէջ օգտագործուող գործիք է՝ յաճախորդներուն արձագանգը գնահատելու համար: Ան մամուլի հաղորդագրութիւններ ուղարկող ընկերութիւններու եւ քաղաքականութեան փոփոխութեան վերաբերեալ տեղեկատուութիւն մը դիտաւորեալ արտահոսող միջոց է քաղաքական գործիչներու կողմէ:
Վերադառնալով մեր բուն նիւթին, ես կը հաւատամ, որ Նիկոլ Փաշինեան իր այլ նպատակներուն զուգահեռ, ընդհանրապէս Հայ ժողովուրդին, եւ ի մասնաւորի հայաստանաբնակ մեր հայրենակիցներուն հակազդեցութիւնը ուզեց փորձարկել, վերջին օրերուն նախ ձերբակալելով գործարար Սամուէլ Կարապետեանը, որ ի դէպ ունի աշխատակիցներու եւ հովանաւորեալներու մեծ զանգուած, որոնք կրնային փողոց դուրս գալ իրենց ընդվզումը, կամ բողոքը արտայայտելու համար: «Փորձարկումը» յաջող ընթացաւ: Չբարձրացաւ մեր կողմէ ակնկալուած եւ իշխանութեան համար մտահոգութիւն պատճառող զանգուածային բողոքի ալիքը:
Յաջորդ «Փորձնական փուչիկ»-ը Բագրատ Սրբազան Գալստանեանին ձերբակալումը, ապա կալանաւորումն էր: Նկատի ունենալով, որ Սրբազանը գլխաւորած ըլլալով «Սրբազան պայքար» կոչուող շարժումը, պահ մը յաջողած էր համախմբել տասնեակ հազարաւոր քաղաքացիներ, ակնկալելի էր, որ անոնցմէ մէկ կարեւոր մասը փողոց դուրս գայ պաշտպանելու իր առաջնորդը: Այս մէկն ալ չպատահեցաւ: Փաշինեան անցաւ երրորդ փորձարկման, որն է, մեծ վաստակ եւ ժողովրդականութիւն ունեցող Միքայէլ Սրբազան Աջապահեանը ձերբակալելու փորձին, որուն ետեւ ամբողջ քաղաք մը կայ եւ Հայաստանի երկրորդ խոշոր քաղաքի ընդդիմադիր քաղաքապետութիւնը:
Այս պահուն, սպասելով, որ ի՞նչ կրնայ ըլլալ այս վերջին փորձարկման արդիւնքը, մեզի կը մնայ ենթադրել, որ այս բոլոր փորձարկումները կը միտին հասնելու իրենց գերագոյն նպատակին, որն է հասնիլ Գարեգին Բ. Վեհափառին գահընկեց ընելու գործողութեան մեկնարկին, սկսելով անոր հաւանական ձերբակալումով, որպէս իբր թէ պետութեան դէմ դաւող հաստատութեան պարագլուխը:
Առանց մտնելու վերլուծումներու մէջ, պէտք է հաստատենք, որ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն, իրենց գլխաւորող անձով հանդերձ, գերագոյն թիրախն է Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին՝ այն միակ ազգային հաստատութիւնը, որ տակաւին իր ոտքերուն վրայ կանգնած է, եւ ի պահանջեալ հարկին, կարողութիւնը ունի դիմադրելու Հայ ժողովուրդին սպառնացող մեծ դաւին:
Այստեղ կը մնայ խորհրդածել հետեւեալը: Ի՞նչ պիտի պատահի եթէ «Փորձնական» այս վերջին փուչիկին արձակումն ալ, ի նպաստ իշխանութիւններուն անվնաս դուրս գայ փորձարկման դաշտէն: Իսկ ի՞նչ կը պատահի եթէ այս վերջին փորձը չյաջողի: Մինչ այդ թիրախաւորուած կողմը ի՞նչ կը մտածէ կամ ի՞նչ է իր ծրագիրը:
Արդեօ՞ք տակաւին, եւ մինչ այդ տեղի ունեցած փորձարկումները կազմակերպուած կերպով կը ներծծուին, պայթիւնը շրջանցելու համար, թէ ժողովուրդին մօտ սպառած է ներուժը կազմակերպելու զանգուածային բողոքի արտայայտութիւններ:
Արդեօ՞ք Միքայէլ Սրբազանին Էջմիածնի մէջ գտնուիլը, որպէսզի պատկան մարմինները, այնտեղէն փորձեն ձերբակալեն զինք, թիրախաւորուած կողմին կարեւոր ռազմավարութիւնն էր ժողովրդային պոռթկումը իր գագաթնակէտին հասցնելու, ի տես ոստիկաններու եւ դիմակաւոր անձանձ Մայր Աթոռ աննախադէպ ներխուժման:
Ի վերջոյ «Փորձնական փուչիկ»-ը, այս պարագային երկսայրի սուր մը չէ՞, որ կրնայ պայթիլ ոեւէ վայրկեան, անվերականգնելի վնաս հասցնելով զայն փորձարկող արկածախնդիրներուն:
Պիտի սպասենք, որ տեսնենք: Մինչ այդ, այս բոլոր եղածը մեծագոյն ամօթ մըն է, որ ինչ ձեւով ալ ընդանայ, հետեւանքները ծանր պիտի ըլլան մեր Հայրենիքին ու ժողովուրդին վրայ, գուցէ նաեւ առաջնորդելով քաղաքացիական բախումներու, որ կը մնայ յուսալ թէ իշխանութեան նպատակներէն չէ…:
Այս բոլորին մէջ սակայն կայ յուսալի մէկ հաստատ պարագայ, զորս լիբանանեան ասացուածք մը լաւագոյնս կ՛արտայայտէ. «Ո՜վ մեկնող, տգեղ արարքներդ շատցուր»…:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ