Շաբաթ, 28. 06. 2025

spot_img

Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Զետեղուեցաւ «Ցեղասպանութիւն» Եզրի Հեղինակ Ռաֆայէլ Լէմքինին Նուիրուած Յուշաքար

Հայոց Ցեղասպանության 110-րդ տարելիցին եւ «ցեղասպանութիւն» եզրի հեղինակ, միջազգային իրաւունքի ականաւոր գործիչ Ռաֆայէլ Լէմքինի ծննդեան 125 ամեակին առիթով, Երեքշաբթի, 24 Յունիս 2025-ին, Ծիծեռնակաբերդի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Լէմքինի գերեզմանէն բերուած հողի` յուշապատին զետեղման եւ յուշաքարի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը՝ ի նշան ցեղասպանութիւններու ճանաչման եւ կանխարգիլման աշխատանքներուն մէջ անոր ունեցած մեծ աւանդին։

Հանդիսութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին հայ եկեղեցւոյ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան, յանուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան- ինստիտուտ (Հ.Ց.Թ.Ի.) հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերշ. Տ. Տաճատ Եպս. Աշըգեան, Հայաստանի Հանրապետութեան մօտ Լեհաստանի ժամանակաւոր հաւատարմատար Մարչին Ռուժէցքի եւ Զարգացման Ազգային Կեդրոնի Հիմնադրամի (National Center Development Foundation) տնօրէն Հրաչեայ Մարգարեան, ինչպէս նաեւ թանգարանի եւ ինստիտուտի անդամներ։

Յայտնենք, որ Շահան սրբազանի նախաձեռնութեամբ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արք. Դանիէլեան, Նիւ Եորքի Մաունթ Հեպրոն գերեզմանատան (Mount Hebron Cemetery) Ռ. Լէմքինի դամբարանէն ափ մը հող փոխանցած էր Անթիլիաս, ուրկէ Հայաստան տեղափոխուեցաւ Շահան սրբազանի ձեռամբ։

Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Հ.Ց.Թ.Ի.ի տնօրէն Էդիտա Գզոյեան։ Ան ըսաւ. «Այսօր մենք ոչ միայն յարգանքի տուրք կը մատուցենք Ռաֆայէլ Լէմքինի իրաւական ժառանգութեան, այլեւ անոր բարոյական համոզումներուն համար։ Ան կը հաւատար, որ յիշողութիւնը առանց պատասխանատուութեան դատարկ է, եւ արդարութիւնը կը սկսի ճշմարտութիւնը իր անունով կոչելով։ Լէմքին հայ չէր։ Ան երբեք չէր այցելած Հայաստան. սակայն Հայոց Ցեղասպանութիւնն էր, որ խոր հետք թողուց անոր հոգիին մէջ եւ դարձաւ անոր իրաւական մտածողութեան ելակէտը։ Ան էր, որ ձեւակերպեց այդ սարսափելի յանցագործութիւնը եւ մինչեւ իր կեանքի աւարտը պայքարեցաւ, որպէսզի Ցեղասպանութիւնը երբեք անպատիժ չմնայ»։

Հ.Ց.Թ.ի հանդիսասրահին մէջ կարդացուեցան երկու զեկոյներ՝ Հ.Ց.Թ.Ի.ի գիտաշխատող, պ.գ.թ. Նարեկ Պօղոսեան (Ռաֆայէլ Լէմքինն ու Հայոց Ցեղասպանութիւնը) եւ լեհ հետազօտող, ռազմական լրագրող Վիտոլդ Ռեպետովիչը (Ռաֆայէլ Լէմքինի Ժառանգութիւնն ու Նրա Արդիականութիւնը Ժամանակակից Աշխարհում):

Հանդիսութեան աւարտին տնօրէն Էդիտա Գզոյեան Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան վերաբերեալ Ռ. Լէմքինի աշխատանքներու ուսումնասիրման եւ հանրահռչակման համար, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներու համար պայքարի ու ուսումնասիրութեան գործին ունեցած նշանակալի աւանդի համար նոր թողարկուած «Ռաֆայէլ Լէմքին» յուշամետալով պարգեւատրեց Նարեկ Պօղոսեանն ու Վիտոլդ Ռեպետովիչին. իսկ «Կիլիկիա» Մատենադարանի մատենադարանապետ Շահան արքեպիսկոպոսին փոխանցեց շնորհակալագիր:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին