Հովանաւորութեամբ Լիբանանի Վարչապետի Տիկնոջ՝ Սահար Պաասիրիի, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Տիկնանց Համախմբման կազմակերպած տարեկան ճաշկերոյթը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 23 Յունիս 2025 -ի կէսօրին, Ֆէնիսիա պանդոկի սրահներուն մէջ: Հանդիսաւոր ճաշկերոյթին ազնուափայլ Տիկին Պաասիրիի կողքին ներկայ էին Տիկիններ՝ Լիբանանի Երիտասարդութեան եւ Մարմնամարզութեան հարցերու նախարարուհի՝ Դոկտ. Նորա Պայրաքտարեան, նախկին նախարարուհի՝ Լէյլա Սըլըհ Համատէ, Հուտա Ֆուատ Սինիորա, Ուրսուլա Ժորժ Պուճիքեան,Մարլէն Պութրոս Հարպ, Քարոլ Յակոբ Թերզեան, ինչպէս նաեւ՝ ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Տիար Ժէրար Թիւֆէնքճեան եւ Տիկինը՝ Փասքալ, նաեւ ցերեկոյթը քաջալերող փունջ մը հանգամանաւոր տիկիններ եւ հրաւիրեալներ:
Միջոցառման Հայերէն լեզուով բացման խօսքը ըրաւ Տիկին Արփի Աւետիքեան, ան ողջունեց ներկաները ու բարի գալուստ մաղթեց բոլորին:
Ապա, ՀԲԸՄ-ի Լիբանանի Տիկնանց Համախմբումին անունով ֆրանսերէն լեզուով խօսք առաւ ատենապետուհի Տիկին Քալին Հալաճեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ. «ՀԲԸՄ-ը հիմնուած է 1906 թուականին եւ ունի 119 տարիներու փառաւոր անցեալ, տարածուելով գրեթէ բոլոր ցամաքամասերու եւ երկիրներու մէջ, հաստատելով բազմաթիւ մասնաճիւղեր, հիմնական սկզբունք ընդունելով Մարդասիրութիւնը, Բարեգործութիւնը, Կրթական ու Մշակութային առաքելութիւնը, ծառայելով լայն հասարակութեան: Անոր հիմնական ու առաջատար նպատակը եղած է պահել ու պահպանել Հայ լեզուն եւ ինքնութիւնը, ինչպէս նաեւ հինէն մեզի հասած աւանդական սովորութիւնները:
Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ նաեւ, որ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը, նախանցեալ տարի, հակառակ մեր Սիրելի Լիբանանէ ներս պատահած ու բոլորիս ծանօթ ոչ շատ նպաստաւոր պայմաններուն ու տագնապներուն, իր օժանդակութեան կարկինը տարածած է եւ օգտակար հանդիսացած 10.000 անձերու, ընտանիքներու եւ կարօտեալներու, հոգալով անոնց անմիջական կարիքները՝ առանց խտրութեան:
Տիկին Հալաճեան իր խօսքը աւարտեց, ըսելով. «Այսօր, ուրախ ենք, որ Լիբանան շնորհիւ տեղի ունեցած նոր դասաւորումներու եւ կարգադրութեանց, կամաց-կամաց կը վերագտնէ իր երբեմնի նախկին խանդավառ օրերը եւ ան արդէն բռնած է խաղաղութեան ու բարգաւաճումի ճանապարհը, հոգեկան ապահովութիւն ներշնչելով բոլոր քաղաքացիներուն, մոռցնելով անցեալի ցաւն ու տառապանքները»:
Յետ ատենապետուհիի արտայայտութեան, խօսք առաւ օրուան ճաշկերոյթի հովանաւոր եւ պատուոյ հիւր՝ Տիկին Սահար Պաասիրին: Ան, իր խօսքին մէջ գնահատելով հայ ժողովուրդի ներկայութիւնը Լիբանանի մէջ, գոհունակութեամբ ըսաւ, որ հայ հասարակութիւնը միշտ ալ դրական դեր ունեցած է Լիբանանէ ներս, եւ յաջողած՝ մշակոյթի կերտման ու աւանդութիւն պահպանելու գործընթացին մէջ: Ան շեշտեց նաեւ, որ հայերը հիմնական դերակատարներէն մէկն են այս երկրին մէջ, համահաւասար, եւ Լիբանանը բարձր կը պահեն իրենց սիրտին եւ հոգիին մէջ, ինչպէս Հայաստանը՝ իրենց յուշերուն մէջ:
Ապա ան գնահատեց Լիբանանէ ներս ՀԲԸՄ-ի տարած բոլորանուէր աշխատանքները՝ շատ մը բնագաւառներէն ներս, մասնաւորաբար Մարդասիրական ոլորտէ ներս, շեշտելով, որ Միութիւնը այս ուղղութեամբ մեծ դեր վերցուցած է իր ուսերուն եւ տակաւին կը շարունակէ այդ պարտականութիւնը, հոգատար հանդիսանալով իր Մարդակերտումի ազնիւ առաքելութեան, հաւատալով Մարդ արարածի կարեւորութեան, եւ կ’աշխատի, որ Հայ անհատը ապրի արժանապատիւ կեանք, ուսանի եւ զարգանայ եւ միաժամանակ պահպանէ հայկականութիւնն ու ազգային աւանդութիւնները:
Ան շեշտեց միաժամանակ ուսման, գիտութեան եւ մշակոյթի կարեւորութիւնը՝ հայրենակերտումի առաքելութեան մէջ, երբ կը սատարենք Հայրենիք Լիբանանի գոյութեան եւ զարգացման ու բարգաւաճման գործին, մատնանշելով որ Լիբանանի նման բազմաշերտ բնակչութեամբ երկրի մը մէջ կարեւոր է բազմակարծութիւնը, իրար ճանաչողութիւնը եւ փոխադարձ յարգանքը:
Ան ըսաւ, որ այս բոլորի մէջ ի հարկէ կարեւոր է գիտութիւնը եւ անոր զարգացումը, ապահովելու համար համակեցութիւնը բոլորի մասնակցութեամբ, հաւասարապէս, մեկդի թողած ամէն կողմնակի հարց կամ հաշիւ, որովհետեւ սա է մեր գանձը, միասնականութիւնն է մեր գանձը, որ կը հարստացնէ մեր խճանկարը՝ հակառակ մեր միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութեանց, քանզի մշակոյթն է նաեւ միացման ուժը, բազմերանգ ու բազմաշերտ, զոր ստացանք ու կը յանձնենք սերունդներուն՝ ըլլայ ան երգ, երաժշտութիւն կամ այլ:
Ան իր խօսքին աւարտին ըսաւ. «Այսօր Լիբանան կը գտնուի դժուար անկիւնադարձի մը առջեւ, եւ կը գտնուինք յոյսի եւ պետութիւն կերտելու երկընտրանքին առջեւ, հաւատալով, որ մեր առջեւ կան մեծ ու խոր մարտահրաւէրներ եւ սպառնալիքներ. Սակայն մենք ուրիշ ելք չունինք, եւ կը պնդենք երկիր եւ պետութիւն վերակառուցելու որոշումը, Լիբանանը վերաշինելու ծրագիրը, որ առնչուած է ազատութեան եւ համագործակցութեան հետ, մասնակցութեամբ բոլորին՝ հակառակ առկայ տարակարծութեանց, ունենալու համար ազատ, անկախ եւ գերիշխան Լիբանան, քաղաքակիրթ Լիբանան, իրագործելու համար երիտասարդութեանց ցանկութիւններն ու երազանքերը… եւ սա ոչ թէ փափաք է միայն… այլ՝ պահանջ եւ անհրաժեշտութիւն:
Հովանաւոր ու պատուոյ Տիկին Սահար Պաասիրիի խօսքերը ծափահարուեցան ներկաներուն կողմէ՝ երկար երկար:
Ճաշկերոյթի աւարտին, Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Տիար Ժէրար Թիւֆէնքճեան ու Տիկին Փասքալ Թիւֆէնքճեան, ինչպէս նաեւ Տիկնանց Համախմբումի ատենապետուհի Տիկին Քալին Հալաճեան Միութեան անունով յիշատակի նուէր մը յանձնեցին Տիկին Պաասիրիին:
Ճաշկերոյթի ամբողջ տեւողութեան հնչեցին երգի եւ երաժշտութեան մեղեդիներ, ինչպէս նաեւ Հայկական պար՝ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի «Արին» Պարախումբի կողմէ:




