Վերջերս բազմաթիւ ընթերցողներու կողմէ մեզի ուղղուած հարցումներուն պատասխանելով, այսու կը տեղեկացնենք, թէ Պէյրութի մէջ վերջերս լոյս տեսած «Զարթօնք» անուամբ նոր շաբաթաթերթը, որ կը հրատարակուի Պարոյր Աղպաշեանի տնօրինութեամբ, մաս չի կազմեր Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան համադրուած աշխարհասփիւռ մամուլին: Հետեւաբար ան որեւէ կապ չունի մեր հետ:
Հիմնուելով վերոյիշեալին վրայ, եւ որեւէ շփոթի առաջքը առնելու համար կը փափաքինք մեր ընթերցողներուն, ինչպէս նաեւ մեր թերթերուն բոլոր գործակիցներուն եւ աշխատակիցներուն ուշադրութեանը յանձնել այս պարագան:
ՌԱԿ-ի Համադրուած Մամուլ