Ակնարկ
Մինչ մեզի համար քննադատելի է Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան վերջին 7 տարիներուն վարած արտաքին ապիկար քաղաքականութիւնը, որուն հետեւանքները շատ ծանր են մեր Հայրենիքին համար, կը մնայ գնահատել լոյսի այն նշոյլները, որոնց մերթ կը հանդիպինք ԱԳՆ-ի աշխատակազմին մէջ գտնուող փայլուն դէմքերուն շնորհիւ, որոնք անկախ ամէն ինչէ, լաւագոյնս կը կատարեն իրենց պարտականութիւնը:
Այս ծիրէն ներս, եւ ի պատիւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի արժանաւոր դեսպան պարոն Վահագն Աթաբէկեանին, Թուրքիոյ մէջ վերջերս կայացած Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Արտաքին Գործոց նախարարներու խորհուրդին 51-րդ գագաթաժողովին տեղեկագրութեան 36-րդ կէտին մէջ կարդացինք ի նպաստ Ազրպէյճանին գրանցուող որոշումի նախագիծին հանդէպ Լիբանանի արձանագրած վերապահութիւնը.
«Լիբանանի պատուիրակութիւնը վերապահութիւն յայտնած է «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան դէմ Հայաստանի Հանրապետութեան ակրեսիայի հետևանքներուն վերացման» մասին թիւ 10/51-POL բանաձևի նախագիծի, «Քոսովոյի իրավիճակի» մասին թիւ 18/51-POL բանաձևի նախագիծի, «1992 թուականի Խոջալուի կոտորածի զոհերուն հետ համերաշխութեան» մասին թիւ 47/51-POL բանաձևի նախագիծի և «Հայաստանի ներկայիս տարածքէն բռնի և համակարգուած կերպով տեղահանուած Ազրպէյճանցիներու վերադարձի իրաւունքի» մասին թիւ 68/51-POL բանաձևի նախագիծի վերաբերեալ»։
Լիբանանի նման կեցուածքը մեզի նախ երախտապարտ կը դարձնէ սփիւռքահայ շատերուս սիրելի ծննդավայր երկրին, քաջ գիտակցելով սակայն, որ Լիբանանի պատուիրակութեան սոյն կեցուածքը նաեւ բացառիկ յաջողութեան պտուղն է Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանին դիւանագիտական անխոնջ աշխատանքին:
Պատիւ արժանաւորին:
«Զ»