Կարեւորագոյն Նորութիւն 2025-2026 տարեշրջանէն սկսեալ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը հպարտութեամբ կը յայտարարէ Ֆրանսական պետական պաքալորէայի (Baccalauréat Français) ծրագիրին մեկնարկը՝ 2025-2026 տարեշրջանէն սկսեալ։
Սա պատմական նուաճում մըն է վարժարանի պատմութեան մէջ եւ կը հանդիսանայ նոր էջ մը՝ ակադեմական գերազանցութեան եւ միջազգային հնարաւորութիւններու ապահովման ճանապարհին վրայ։
Նախաձեռնութիւնը կ՛արտայայտէ Մեսրոպեանի կրթական պարտաւորութիւնը եւ յանձնառու մօտեցումը՝ մատուցելու բարձրագոյն մակարդակի կրթութիւն Լիբանանի հայ համայնքի զաւակներուն։
Ֆրանսական պաքալորէան աշակերտութեան դիմաց կը բանայ կրթական նոր եւ լայն դռներ, կը զարգացնէ վերլուծական մտածողութիւնը, յառաջ կը մղէ լեզուական հմտութիւնը եւ կը պատրաստէ աշակերտը՝ Եւրոպայի եւ աշխարհի յառաջատար համալսարաններու մուտքին։
Ծրագիրը պիտի սկսի գործադրուիլ յառաջիկայ տարեշրջանի 10-րդ դասարանէն՝ Seconde-էն սկսեալ։ Արձանագրութիւնները սկսած են, կան սահմանափակ թիւով տեղեր։
Մանրամասնութիւններուն համար դիմել Մեսրոպեան վարժարանի քարտուղարութիւն, հեռաձայն՝ 01 260504, 262955, 254940, WhatsApp 03703991, ժամը 8։00-12։00, բացի Շաբաթ եւ Կիրակի օրերէն։
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի