Չորեքշաբթի, 25. 06. 2025

spot_img

Մեր Հայրենիքին եւ Ազգին Գոյութեանը Սպառնացող Թուրանը եւ ՀՀ Վարչապետի Թեթեւաբարոյ Մեկնաբանութիւնը

Նիկոլ Փաշինեան վերջերս Թուրքիա իր այցելութեան առիթով, Պոլսոյ մէջ հանդիպած է տեղւոյն հայկական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

Ի շարս ամբոխավարական ոճով իր հին-նոր ցնդաբանութիւններուն, Հայ ժողովուրդի Հայրենիքին Վարչապետի պաշտօնին վրայ ոչ-բարով յայտնուած անձը խօսելով Թուրքիոյ աշխարհաքաղաքական գերագոյն երազի՝ Թուրանի ծրագրի մասին, ըսած  է. «Ասում ենք՝ վայ, ուզում են Թուրան։ Իսկ մեզ համար դա ի՞նչ է ենթադրում՝ ուզում են Հայաստանի տարածքով գնան-գա՞ն, թող գնան-գան, վա՞տ է դա»։

Եթէ Նիկոլ Փաշինեանը, ինքզինք խենթի տեղ դնելով, այս խօսքերով մեր իմացականութիւնը կը ծաղրէ, ապա այս լուրջ խնդիր է: Իսկ եթէ ինք հաւատացած է իր ըսածին, ապա այս կրկնակի լուրջ խնդիր է:

Մեր մեծերէն մեզի ժառանգուած մտքի դպրոցը, ինչպէս նաեւ քաղաքական գիտութեան տարրական իմացութիւնը ունեցող մարդը շատ լաւ գիտէ, թէ Մեծ Թուրանի ծրագրի իրագործումով Հայաստան կը  դադարի որպէս անկախ պետութիւն գոյութիւն ունենալէ, կամ լաւագոյն պարագային կը վերածուի թուրքիոյ ազդեցութեան ենթակայ կամակատար պետութեան մը:

Այս արեւին տակ կա՞յ մտածելու կարողութիւն ունեցող մարդ,  որ չի գիտեր, թէ Թուրանը աշխարհաքաղաքական լուրջ ուղեգիծ է վերակենդանացնելու Օսմանեան կայսրութիւն մը, որ բնականաբար նաեւ նպատակադրուած  է Ռուսաստանի, Իրանի և Չինաստանի դէմ։  Մեր վարչապետը իրապէ՞ս այսքան անմեղսունակ է, որ կը հաւատայ թէ, Թուրքերը ոչ թէ պարզապէս «մեր տարածքով գնալ-գալ» կ՛ուզեն, այլ կը ձգտին ունենալ ցամաքային կապով միաւորուած՝ ամբողջական թրքական աշխարհ։ Ո՞վ չի գիտեր, որ խնամքով ծրագրուած ու հետապնդուած այդ աշխարհին մէջ  Հայաստանն ու Հայերը ոեւէ տեղ չունին։

Նման թեթեւաբարոյ յայտարարութիւն ընող մարդը իրապէս մեր Հայրենիքի վարչապե՞տն է, թէ  թրքական պետութեան շահերը պաշտպանող «դեսպան»ի կարգավիճակ ունի։

Կը մնայ գոյութենական հարց մը տալ այստեղ: Փաշինեանի այցելած կամ այցելելիք երկիրներու հայկական համայնքներուն մէջ դեռ կա՞յ մարդ, որ փողկապը հագին ներկայ պիտի ըլլայ  իր հետ հանդիպման: Մնացա՞ծ է տակաւին այնպիսի Հայ, որ տակաւին հասկցած չէ, թէ Փաշինեան Հայաստանի իշխանութեան գլուխը  մնալու համար պատրաստ է մեր երկրին ճակատագիրը բախտախաղի սեղանին վրայ դնելու ի շահ համաթրքական աշխարհի ճանապարհային քարտէզի։

Վերջապէս, ինչպէ՞ս նմանօրինակ պարզամիտներուն միանգամ ընդմիշտ պէտք է հասկցնենք, որ Թուրանը բացայայտ կերպով հակահայ աշխարհաքաղաքական ծրագիր է, որուն իրագործումին պարագային տարածաշրջանային այդ առանցքին վրայ ՉԿԱՅ  Հայաստան:  Իսկ այս բանին նպաստող Հայաստանի նմանօրինակ ղեկավար մը, ոչ միայն պէտք չէ մնայ իր պաշտօնին վրայ, այլ պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուի մեր պետականութեան հանդէպ դաւաճանութիւն գործողի քրէական յանցագործութեան հիմքով:

Ի վերջո՛յ, չէ՞ որ անմեղսունակ թէ դաւաճան, տուեալ անձը աւելի վտանգաւոր տարր է մեր Հայրենիքին համար քան նոյնինքն Մեծն Թուրանի ծրագիրը:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img
Նախորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին