Կիրակի, 22. 06. 2025

spot_img

ԹՄՄ-ի «Ազատ Բեմ» Թատերախումբը Մեծ Յաջողութեամբ Ներկայացուց «Ծերունին Եւ Լեռը» Թատերախաղը

 ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ամէն անգամ, որ թատրոն մը տեսնելու երթամ, ես ինծի հարց կու տամ, թէ արդեօ՞ք ինչ պատգամ պիտի ստանամ: Որովհետեւ, անկեղծօրէն ըսելով, կը հաւատամ որ թատրոնը նպատակ մը պէտք է որ ունենայ: Այսպէս, հարց մը, սխալ մը, դիւրիմացութիւն մը պարզէ ու անոր հետաքրքիր լուծումը գտնէ: Կամ ալ, կեանքի պատկեր մը դրսեւորէ, պատգամ մը փոխանցէ: Դաս մը տայ…: Այլապէս, ան կը դառնայ զուարճանքի տեղ, եւ արուեստի ոլորտէն կը փոխադրուի ժամանցի կեդրոնի: Որովհետեւ, վերջին հաշուով թատրոնին նպատակն է ներկայացնել, եւ ցոյց տալ մարդուն հոգեկան աշխարհը, անոր կենցաղը, անոր կեանքը յուզող հարցերը, մտայնութիւնը, առօրեայ հակասութիւնները, եւ անոնցմէ ծնունդ առած բախումները: Այս բոլորը անշուշտ իրենց որոշ լուծումներով: Բայց…առանց տատամսելու, անպայման կ’երթամ, որովհետեւ փոքր տարիքէս ի վեր, անհուն սէր մը ունեցած եմ անոր հանդէպ:

Նման մտմտուքներով, ինչպէս միշտ, Շաբաթ, 14 Յունիս, 2025, երեկոյեան ժամը 8-ին Փասատինայի ՀԲԸՄ-ի կեդրոնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» թատերասրահը մտայ: Երկու շաբաթավերջերու վրայ երկարող այդ խաղը (ընդհանուր՝ 6 անգամ), որուն ես ներկայ կը գտնուէի երկրորդ օրն իսկ, կը բեմադրուէր աւելի քան յիսուն թատերգութիւններու հեղինակ՝ Վաչէ Ատրունիի «Ծերունին Եւ Լեռը» երկու արարնոց թատերախաղը, բեմադրութեամբ փորձառու դերասան՝ Վարդան Մկրտիչեանի կողմէ: Աւանդութիւն դարձած սովորութեան համաձայն, թատերախաղին, ներկաներուն հրամցուած գրքոյկը արդէն յստակօրէն կը բացայայտէր օրուան ներկայացուելիք նիւթին գլխաւոր պատկերը: Այսպէս, դէպքը տեղի կ’ունենար Փարիզի Օրլիի օդակայանէն ներս, երկու պատկեր-արարներով: Առաջինը՝ 1988-ին, իսկ երկրորդը՝ 2004-ին: Անցնելով խաղի նիւթին, գրքոյկը նաեւ կ’աւելցնէր, թէ ներկայացուած պատմութիւնը հայ երեք սերունդներու միջեւ ստեղծուած «հարցերուն» շուրջ էր: Խաղին «մեծ հայրիկը կ’երազէ Փարիզէն վերադառնալ իր պապենական գիւղը՝ Քեսապ, իսկ անոր փեսան եւ աղջիկը՝ կ’ուղղուին դէպի երազներու աշխարհ՝ Լոս Անճելըս, ապա թոռը՝ դէպի Հայաստան: Դէպքերու ընթացքին նաեւ կը ծանօթանանք երեք սերունդներու հայ կեանքի փնտռտուքներուն եւ երազներուն: Այս ընտանիքը օդակայանի այդ սրահին մէջ կը ծանօթանայ ֆրանսահայ օրիորդի մը, որ լսելով հայրենի մեծ երկրաշարժի մասին, իր մէջ կ’արթննայ արեան կանչը, եւ վճռաբար կ’որոշէ ծառայել հայրենիքին»:

Այսքան… պարզ եւ յստակ, բայց նոյնքան ալ՝ բարդ ու հետաքրքրական:

«Ծերունին Եւ Լեռը» այս թատերգութիւնը, սոսկ կատակ կամ զաւեշտ մը չէր, այլ՝ հայ կեանքի ընկալումէն պատկերացումներ: Հայ իրականութենէն ներս խլրտուող հարցերու տողանցք: Ու ինքնաբերաբար կը զգաս կեանքի կատակերգութիւնը: Այլ խօսքով, հայու հոգին ալեկոծող ապրումներու կը հանդիպիս: Ու այս բոլորը իրարայաջորդ կերպով, եւ գեղեցիկ խաղարկութեամբ, հաճելի, ներդաշնակ եւ յաջող կերպով ներկայացուեցան, ներկաներուն հոգիներուն խորը կանչող զանազան մտածումներով, եւ աւանդական դարձած կեանքի պատկերներ հրամցնելով:

Ըսեմ նաեւ որ թատերագիր Վաչէ Ատրունին, իր այս գործով, կրցած էր ներկայացնել հայու այնպիսի կերպարներ, որոնցմով հանդիսատեսը կը զգար, կը տեսնէր ու կամաց-կամաց ամբողջ խաղի տեւողութեան ինքնաբերաբար ինքզինք կը դասէր նոյն խաղին «հերոսներէն» մէկը:

Գալով բեմին, որ շարժական պատով մը բաժնած էր երկու մասերու, անոր ձախ կողմը կը ներկայացնէր 1988-ին պատահարները, իսկ աջինը, անկէ 18 տարիներ ետք՝ 2004-ինը: Երկու բաժիններն ալ նոյն օդակայանի, եւ նոյն սրահ-սենեակը կը ներկայացնէին, իրենց նոյն մէկ նստարանով եւ աթոռով մը զարդարուած:

Յիշեմ, որ աւելի քան տարի մը առաջ էր, երբ ԹՄՄ-ի նորակազմ այս խումբը՝ «Ազատ Բեմ»ը, լոսանճելըսահայութեան յաջող կերպով ներկայացած էր նոյն այս թատերագիր Ատրունիի «Խօսքը Մէջերնիս» խաղով, բեմադրութեամբ՝ դերասան Մկրտիչեանի: Իսկ այս մէկը՝ «Ծերունին Եւ Լեռը», իրապէս որ տարբեր խորք, իմաստ եւ ներկաներուն ալ որոշ պատգամ մը ունէր փոխանցելիք, իր մէջ: Ու այդ պատգամը, իբրեւ նպատակ, շնորհիւ դերասաններու գեղեցիկ եւ իմաստալից խաղարկութեան, յաջողութեամբ հրամցուեցաւ: Ու այս յաջողութեան առաջին բարենիշը նախ կ’երթայ թատերգութեան ընտրութեան, ապա բեմադրիչ՝ Վարդան Մկրտիչեանին, որ կարողացած էր թատերախումբի շնորհալի տարրերը շաղախել, թրծել, թափանցելու համար թատրերկի մորթին մէջ, միաժամանակ փոխանցելով անոր բեմական տեսիլքը: Իրենց կարգին, բոլոր դերասաններն ալ յաջող կերպով բեմին վրայ կրցան ստեղծել գեղեցիկ եւ համաչափ համագործակցութիւն մը, որուն շնորհիւ հանդիսատեսը միշտ կապուած մնաց:

Ու տեղին է յիշել, որ ինծի համար, թատերախաղին մէջ փոքր կամ մեծ դերեր չկան, այլ միայն՝ իրեն վստահուած կերպարը մարմնաւորելու դերակատարին հարազատութիւնը, անոր շարժուձեւերու բնականոն ընթացքը, անոր ձայնին մաքուր հնչիւններն ու արտայայտութիւնները, հարազատ ու համարձակ խաղարկութեան հետ զուգահեռ: Ու կրնամ հաստատել թէ բոլոր դերասաններն ալ անկաշկանդ եւ առանց բարդոյթի, եկան ամբողջացնելու խաղի յաջողութեան օղակը:

Ու մէկ առ մէկ յիշելով դերասանները, իրենց բեմ մուտքի կարգով ներկայացնեմ.- Արփի Սամուէլեան.-Յասմիկ Չափարեան-մօր դերով- որ իր ապրումներով, յուզումներով, ամուսնոյն հետ ունեցած ընտանեկան վէճերով, ինքնավստահ, նոյնքան արժանավայել, ներկայացուց հայ կնոջ բծախնդիր, գուրգուրոտ եւ մտահոգ կերպարը: Արամ Մուրատեան-Թորոս Չափարեանի դերով-վեթերան դերասան մը, որ իր հիւմըրով, իր վէճերով եւ յուզումներով, աւանդապահ հայ մարդու կերպարով, եւ զանազան մտահոգ արտայայտութիւններով, բեմին վրայ դարձաւ փնտռուած եւ յաջող եւ լուսաբեր ներկայութիւն մը: Իր, մեզի ներկայացուցածը, անցած էր սոսկ զաւեշտի կամ կատակի սահմաններէն, եւ հասած՝ հայ մարդու կեանքի ու ժամանակի տարբեր ընկալման եւ պատկերացման ոլորտին: Ապա յաջորդը՝ փորձառու եւ վաստակ ունեցող բեմադրիչ-դերասան՝ Վարդան Մկրտիչեան.- չափահաս Նարեկ Չափարեանի դերով – որ միեւնոյն ատեն յաջողութեամբ բեմադրած էր թատերախաղը, շատ հանդարտ եւ յստակ մարմնաւորեց իր բաժին-դերը: Բեմին վրայ իր երեւումներու բաժինները յաջողութեամբ պահեցին թատերախաղի ընդհանուր մթնոլորտին հարազատութիւնն ու խաղին ընդհանուր պատկերացումը:

Լոռի Մինասեան.-Նանէ Չափարեանի դերով- երիտասարդուհին, հակառակ անոր որ առաջին անգամ ըլլալով բեմ կը բարձրանար, իր հանդարտ, ինքնավստահ եւ համարձակ խաղարկութեամբ կրցաւ գրաւել սրահին ուշադրութիւնը, եւ ամբողջ խաղի ընթացքին, հարազատօրէն մնաց իր դերին մէջ:

Արթիւր Ապուսէֆեան.- պատանի Նարեկ Չափարեանի դերով- առանց բարդոյթի կարողացաւ մարմնաւորել իրեն վստահուած դերը, եւ մասնակից դարձաւ խաղի յաջողութեան օղակին:

Նարինէ Աւագեան.- ֆրանսահայ օրիորդ՝ Ժանինի դերով.- գաղութիս թատրոնի յիշատակելի ու ծանօթ անուններէն մէկը, որ հաճելի իր ներկայութեամբ եւ համարձակ խաղարկութեամբ, ճարտարութեամբ, իր անուան դիմաց նոր բարենիշ մըն ալ արձանագրեց այդ օր: Իսկ Ռուբէն Հարմանտայեան-ծերունի Արարատ Աշտիկեանի դերով.- գաղութի թատրոնի կեանքէն ներս ծանօթ ու վաստակ ունեցող վեթերան մը, որ իր փորձառու խաղարկութեամբ յաջողեցաւ հանդիսատեսին հասցնել հայ տարեց մարդու հարազատ եւ բազմերանգ ապրումներու փունջ մը, եւ նոյն այդ փունջը զինք դարձուց հրապուրիչ: Ապա, չմոռցանք որ կային Մարալ Պարիքեանը.-օդակայանի պաշտօնեան, եւ Լինտա Կ. Մկրտիչեանը.-Իսկուհի՝ օրիորդ Ժանիի մօր դերով-. որոնք, երկուքն ալ իրենց խաղարկութեամբ շատ հաճելի ներկայութիւն դարձան հանդիսատեսի աչքին: Միւս կողմէ, պէտք է նաեւ յիշենք երաժշտութեան եւ խաղի թեքնիք պատասխանատուներ՝ Խաչիկ Խաչատրեանն (Երեւան) եւ Քրիսթել Ապուսէֆեանն ու Նարեկ Մկրտիչեանը, որոնք ապահովեցին խաղի հեզասահ գնացքը:

Խաղի աւարտին, ԹՄՄ-ի «Ազատ Բեմ» երիտասարդացած այս թատերախումբին, առ ի ջերմ գնահատանք, ամբողջ սրահը յոտնկայս, եւ շատ երկար ծափահարեց: Մենք ալ ծափ տուինք նաեւ խումբի վարչութեան եւ անոր ատենապետ Լորա Գույումճեանին, իր անսակարկ ներդրումին: Նաեւ՝ մեծապէս գնահատեցինք բեմադրիչ Մկրտիչեանի եւ բոլոր դերասան-դերասանուհիներուն իրենց այս յաջող ելոյթին ու մանաւանդ օրինակելի զոհաբերութեան, եւ սրտանց մաղթեցինք, որ խումբը իր փայլուն երթը շարունակէ :

Արդ, իմ բարի մաղթանքն է, որ խումբը, իր վաստակաշատ բեմադրիչով, մօտիկ եւ հեռու ապագային, միշտ երիտասարդ մնայ ու իր բեմի վարպետ նուիրեալներով, բեմադրական հետաքրքրական նորութիւններով եւ իրագործումներով, նոր հորիզոններ բանայ որպէսզի առաւել ծաղկի մեր այս գաղութի թատերական ոլորտն ու մթնոլորտը:

Ողջունելով հանդերձ ամէն նախանձախնդիր արարք, եւ երախտագիտական մեծարանք, թող այս տողերը ըլլան նաեւ խումբին, զինք հովանաւորող միութեան, իր անդամներուն եւ բեմադրիչին ճիգը գնահատող շնորհաւորանքս, որպէսզի կրկնապատկուի կորովը եւ աւելի ու նոր թափով հայ թատրոնի ճամբով, անոր հայ մշակոյթին ծառայութիւնը շարունակուի: Բոլորին վարձքը կատար: Յաջողութիւն եւ բարի երթ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին