Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկի Լիբանանի մասնաճիւղը, համագործակցութեամբ Հայաստանի Ճինիշեան Հիմնարկի եւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Համայնքներու Բաժանմունքին, 2024–2025 տարեշրջանին յաջողութեամբ գործադրեց «Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» աշակերտական բանավէճի ծրագրին լիբանանեան տարբերակը։ Ծրագիրը որդեգրուած էր Հայաստանի մէջ Ճինիշեան Հիմնարկի կողմէ 2005-էն սկսեալ իրագործուած օրինակելի փորձառութենէն, որ ներգրաւած է հայրենի հազարաւոր աշակերտներ։

Նոյեմբեր 2024-ին մեկնարկած ծրագիրը համախմբեց11 լիբանանահայ վարժարաններէ 33 աշակերտ, որոնք աւելի քան վեց ամիսներու ընթացքին վերապատրաստուեցան քննական մտածողութեան, հիմնաւորուած փաստարկի, հրապարակային խօսքի եւ կարծիքներու հանդուրժողական փոխանակման մէջ։
Շաբաթական աշխատանոցները, կազմակերպուած Ճինիշեան Հիմնարկի Պուրճ Համուտի կեդրոնին մէջ, ամբողջովին արեւմտահայերէնով էին՝ միաժամանակ նպաստելով արեւմտահայերէնի վարժ եւ ժամանակակից գործածութեան։ Ամսական դրութեամբ հայկական վարժարաններու մէջ, հանրութեան բաց բանավէճերու շնորհիւ, աշակերտները առիթ ունեցան կիրառելու իրենց ստացած գիտելիքներն ու հմտութիւնները։
Մրցակցային փուլերէն ետք, ընտրուեցան վեց աւարտական մասնակիցներ՝ ներկայացնելու Լիբանանը Հայաստանի մէջ տեղի ունենալիք եզրափակիչ փուլին։
Ընտրուած աշակերտներն էին՝
• Յովիկ Չերչեան (Ազգային Միացեալ Վարժարան)
• Նազօ Պետիկեան (Ազգային ՄիացեալՎարժարան)
• Արինա Ուաննէս (Եղիշէ Մանուկեան Քոլէճ)
• Սերլի Տէմիրճեան (Հայ ԱւետարանականԿեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան)
• Մարիա Ճեսիքա Հաշօլեան (Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարան)
• Սելին Քէօսէեան (ՀԲԸՄ Վարժարաններ)
Նախքան Հայաստան մեկնիլը, 3 մայիս 2025-ին, ըներակցութեամբ հաստատութեան տնօրէն Քրիսթին Դանիէլեանին եւ ծրագրիպատասխանատուներուն, մասնակիցները այցելեցին Հայաստանի Հանրապետութեան Լիբանանի դեսպանատուն, ուր ընդունուեցան դեսպան Վահագն Աթաբեկեանի կողմէ: Դեսպանը ջերմօրէն ողջունեց խումբը եւ բարձր գնահատեց Ճինիշեան Հիմնարկի այս նախաձեռնութիւնը՝ ընդգծելով նման ծրագրերու կարեւորութիւնը հայրենիք-սփիւռք կապի ամրապնդման մէջ։ Ճինիշեան հիմնարկի տնօրէնը պարոն դեսպանին ներկայացուց ծրագրին ձեռք բերած իրագործումները՝ անդրադառնալով, թէ ան ապագայի առողջմտածելակերպով երիտասարդներպատրաստելու կողքին, կը միտի նաեւ նոր թափտալու արեւմտահայերէնի ճիշդ գործածութեանորպէս գաղութային գոյատեւման հիմնակ անազդակ։
Լաւապէս պատրաստուելէ ետք, 6 մայիսին, վեց աշակերտներէ բաղկացած խումբը՝ գլխաւորութեամբ հիմնարկի տնօրէն՝ Քրիսթին Դանիէլեան- Սարգիսեանի, ժամանեց Երեւան՝ մասնակցելու «Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» բանավէճի եզրափակիչ փուլին։ Անոնք դիմաւորուեցան Հայաստանի Ճինիշեան Հիմնարկի ԵԸՄ ծրագրի պատասխանատու Ռուբէն Գրիքեանի եւ հիմնարկի անձնակազմին կողմէ:


Այս այցելութիւնը սակայն, սահմանափակուած չէր միայն մրցաշարքով։ Այս առիթով, աշակերտները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ, Սարդարապատ հերոսամարտի յուշահամալիր, Ս. Էջմիածին,Հայաստանի ամերիկեան համալսարան, «Թումօ» կեդրոն, Խոր Վիրապ, Ս. Աստուծածին Եկեղեցի, Սեւան, Սաղմոսավանք, Օհանավանք, Գառնի եւԳեղարդի վանք։ Անոնք հանդիպեցան Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան ներկայացուցիչ Գայիանէ Մածունեանին, մասնակցեցան վարժողական զրոյցներու, նաեւ տեսակցեցան արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի տնօրէն ԱզնիւՍտեփանեանի հետ, մասնակցեցան դաշտային այցելութիւններու՝ ծանօթանալու Ճինիշեան Հիմնարկի հովանաւորած բարգաւաճման ծրագիրներուն, եւ այցելեցին Եռաբլուրի նահատակաց պանթէոն՝ յարգանքի իրենց տուրքը մատուցելու եւ խոնարհելու ժամանակակից հերոսներու շիրիմներուն առջեւ։

Խումբը տեսակցութիւն ունեցաւ նաեւ Ճինիշեան Հիմնարկի ընդհանուր տնօրէն՝ Էլիզա Մինասեանին, Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն՝ Արմէն Յակոբեանին, ինչպէս նաեւ Ճինիշեան Հիմնարկի վարչութեան անդամ Րէպէքա Պարնզի եւ Presbyterian եկեղեցւոյ փոխ-ատենապետ Պէրրի Քրիչի հետ։
Բանավէճի եզրափակիչ մրցաշարքը տեղի ունեցաւ9-11 մայիսի միջեւ՝ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին եւ Անի Փլազա պանդոկին մէջ։ Բացման հանդիսութեան խօսք առաւ ծրագրի պատասխանատու Ռուբէն Գրիքեան։ Ան անդրադարձաւ ծրագրի 21 ամեայ յաջողութիւններուն, նշելով թէ այս տարի յատկանշական է Ջաւախքի կողքին Լիբանանահայ աշակերտներու մասնակցութիւնը։ Ան դիտել տուաւ թէ հայրենիքի մէջ նոր փորձառութիւն պիտի ըլլայ արեւմտահայ լեզուով բանավէճի մասնակցութիւնը։ Ապա, խօսք առաւ Լիբանանի Ճինիշեան Հիմնարկի տնօրէն՝ Քրիսթին Դանիէլեան Սարգիսեան։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հիմնարկի Հայաստանի գրասենեակին այս իւրայատուկ առիթին համար, որով Լիբանանահայ աշակերտներ առիթը ունեցան այցելելու հայրենիք, շփում ունենալու հայրենակից քոյր եղբայրներու հետ եւ ձեռք բերելու եզակի փորձառութիւն։
Մօտ 100 աշակերտներ՝ Հայաստանի տարբեր շրջաներէ, Ջաւախքէն եւ Լիբանանէն, բանավիճեցան այժմէակն հարցերու շուրջ, ինչպէս՝ «Եւրոպական Միութեան Հայաստանի անդամակցութիւն», «Արհեստական բանականութիւնը կրթութեան մէջ», «Ամուլսարը պէտք է շահարկուի՞», «Հայաստանի Հանրապետութեան քաղաքացիութիւն ունենալու համար հարկաւոր է բնակիլ Հայաստան (Resident ըլլալ)», եւ «Արտաքին քաղաքականութեան նպատակներուն հասնելու համար տնտեսական պատժամիջոցներ կիրառելը անընդունելի է» թեմաներով։
Լիբանանի «Պէյրութ 1» եւ «Պէյրութ 2» խումբերը գնահատուեցան իրենց արդիւնաւէտ եւ արեւմտահայերէնով ինքնավստահ ելոյթներուն համար։
Պէյրութ 1:
• Նազօ Պետիկեան
• Սերլի Տէմիրճեան
• Արինա Ուաննէս
Արդիւնք՝ 255-262՝ ի շահ Երեւան 4 դպրոցի։
Պէյրութ 2:
• Յովիկ Չերչեան
• Մարիա Ճեսիքա Հաշօլեան
• Սելին Քէօսէեան
Արդիւնք՝ 273-260 յաղթանակ, անցում երկրորդ փուլ։
Երկրորդ փուլին, Պէյրութ 2 խումբը բանավիճեցաւ«Ամուլսարը պէտք է շահագործուի՞» նիւթին շուրջ՝ ներկայացնելով բնապահպանական հիմնաւորուածփաստարկներ։Խաղը աւարտեցաւ (283-280 արդիւնքով ի շահ Երեւան 1 դպրոցին։
Ծրագրի պատասխանատուները, բանավէճերու դատական կազմերը, եւ ներկաները բարձրօրէն գնահատեցին Լիբանանի բոլոր մասնակիցներուն մասնագիտական, ազդեցիկ եւ հրապուրիչ ելոյթները։
Ծրագրի աւարտին, տեղի ունեցաւ փակման հանդիսաւոր արարողութիւն, վկայագրերու, յուշանուէրներու եւ մետալներու բաշխում։ Ճինիշեան Հիմնարկի ընդհանուր տնօրէն Էլիզա Մինասեան ընդգծեց այս նախաձեռնութեան 21-ամեայ յաջողութիւնը, եւ խրախուսեց աշակերտները ծառայելու ազգին ու հայրենիքին։ Լիբանանի Ճինիշեան Հիմնարկի տնօրէն Քրիսթին Դանիէլեան-Սարգիսեան վեր առաւ մասնակիցներու նուիրումը պատերազմական պայմաններու մէջ եւ նշեց, որ այս վեց աշակերտանի խումբը պիտի դառնայ ծրագրին ընդլայնման հիմնաքարը։
«Երիտասարդութիւնը Ընկերութեան Մէջ» 2024-2025 ծրագիրը իրագործուեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան աջակցութեամբ եւՃինիշեան Հիմնարկի Լիբանանի եւ Հայաստանի գրասենեակներու համակարգումով։
