Երկուշաբթի, 09. 06. 2025

spot_img

Look Who’s Talking?! Կամ, Քանդել Քանդել Մինչեւ Վերջ

Վերջերս Նիկոլ Փաշինեան լծուած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցիին՝ մեր ազգին ու հայրենիքին ապրած այս թշուառ օրերուն մէջ, տակաւին կանգուն Ազգային միակ հաստատութեան հետ հաշուեյարդար տեսնելու: Մինչ պետական ո՛չ մէկ հիմնարկ լիարժէք կ՛աշխատի, մինչ ինք իր բերնով քատրերու ճգնաժամ կը յայտարարէ, նաեւ կը խոստովանի, որ իր իշխանութիւնը եօթ տարիներէ ի վեր դպրոցական առաջին դասարանը կը կրկնէ հա կը կրկնէ: Մինչ երկրին գերիշխանութիւնը մեր ժողովուրդին թշնամիին կողմէ ամէն օր կը խախտուի, եւ մեր Հայրենիքին ապահովութիւնը՝ ինչպէս լիբանանեան ասացուածքը կ՛ըսէ. «Կապիկի ափին մէջ կը գտնուի», պատմական թիւրիմացութեամբ մը մեր երկրին Վարչապետի պաշտօնին վրայ յայտնուած մարդը բան գործ ձգած զբաղած է մեր եկեղեցականներուն «կոյս» կամ ոչ «կոյս» ըլլալը կամ եկեղեցական կանոնը խախտած ըլլալը «բացայայտելու» գործին, որ ի դէպ նորութիւն չէ, քանի ազգային արժէքները ջլատելու կլոպալիստական պատուէրը կատարելու աշխատանքները եօթ տարիներէ ի վեր «ժրաջանօրէն»  կը կատարուին երկրին ղեկը ստանձնած խմբակին կողմէ:

Զաւեշտը կը կայանայ նաեւ այն բանին մէջ, որ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցիին կանոնագրութեամբ մտահոգ կամ զայն վերականգնելու մեսիանիք գործին ինքզինք լծած մարդը, ինքը անձնապէս շրջանցած է իր իսկ ղեկավարած երկրին կարեւոր հաստատութիւններէն մէկը, որն է քաղաքացիական ամուսնութեան հիմնարկը (Զագսը) եւ ինքն ու իր կենակիցը, որ ի դէպ նուազ փութկոտութեամբ չէ, որ վերոյիշեալ սեւ գործին ետին կանգնած է, առանց եկեղեցական աւանդական պսակադրութեան կամ քաղաքացիական ամուսնութեամբ ընտանիք կազմած ըլլալու, համատեղ կ՛ապրին եւ ունին չորս զաւակներ…:

Սոյն զոյգը պետական համակարգի մէջ գործող անձանց անյարիր գործելաձեւով ու բառապաշարով, ինքզինքին արտօնութիւնը տուած  օր ու գիշեր անպատկառ, լպիրշ, եւ օդին մէջ կախուած լուրերու մակարդակով յայտարարութիւններ եւ գրառումներ ընել Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գահակալին եւ ընդհանրապէս մեր հաւատքին ու եկեղեցիին ծառայող միաբաններուն հասցէին:

Այստեղ կարեւոր է նշել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը սահմանադրականօրէն հռչակուած է, որպէս  իրաւական պետութիւն, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը լիովին իրաւասու է իրաւապահ մարմիններէն՝ ՀՀ դատախազութիւն կամ ՀՀ Յատուկ քննչական ծառայութիւն, կամ նշուածներուն հետ օրէնքով կապակցուած կառոյցներէն պահանջելու քրէականօրէն հետապնդել  Նիկոլ Փաշինեանին եւ անոր կենակից Աննա Յակոբեանին՝ ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի առնուազն 204-րդ՝ «Անձնական կամ ընտանեկան կեանքի գաղտնիութիւնը խախտելը», 473-րդ՝ «Յանցագործութեան մասին չյայտնելը» եւ 476-րդ՝ «Սուտ մատնութիւնը» յօդուածներով։ 

Ի դէպ, ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի 204-րդ յօդուածը հետեւեալը կը նախատեսէ.

«Մարդու անձնական կամ ընտանեկան գաղտնիք համարուող տեղեկութիւնն առանց նրա համաձայնութեան (…) հրապարակային ելոյթներով, զանգուածային լրատւութեան միջոցներով կամ հաղորդակցական տեխնոլոգիաների միջոցով տարածելը պատժւում է (…) ազատազրկմամբ՝ առաւելագոյնը երկու տարի ժամկէտով: Սոյն յօդուածի 1-ին կամ 2-րդ մասով նախատեսուած արարքը, որը կատարուել է իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւնները կամ դրանցով պայմանաւորուած ազդեցութիւնն օգտագործելով (…), պատժւում է ազատազրկմամբ` առաւելագոյնը երեք տարի ժամկէտով»:

Նիկոլ Փաշինեան, ընդամէնը քանի մը օր առաջ կատարած է  գրառում․ «Եթէ պարզուի, որ իրօք Գարեգին Բ-ն խախտել է կուսակրօնութեան ուխտը եւ զաւակ ունի, նա չի կարող լինել Ամենայն հայոց կաթողիկոս, որովհետեւ խնդրոյ առարկայ փաստի առկայութեան պահից նա չէր կարող լինել կուսակրօն քահանայ։ ․․․Խնդիրը բարձրացնում եմ որպէս Հայ առաքելական եկեղեցու հետեւորդ, որովհետեւ տեսնում եմ հոգեւոր անվտանգութեան խնդիր, ասում եմ նաեւ որպէս ՀՀ վարչապետ, որովհետեւ տեսնում եմ պետական անվտանգութեան խնդիր։․․․»։

Վերոյիշեալ  գրառմամբ, որ ի դէպ խօսքի եւ կարծիքի ազատութեան սահմանները շատո՜նց հատած է,  Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս, Ծայրագոյն պատրիարք, Ն․ Ս․ Օ․ Տ․ Տ Գարեգին Բ. Վեհափառ Հայրապետի հանդէպ «իշխանական լիազօրութիւններու եւ ազդեցութեան օգտագործմամբ», «հրապարակային ելոյթով, զանգուածային լրատւութեան միջոցներով եւ հաղորդակցական տեխնոլոգիաներու միջոցով» տարածած է «անձնական կեանքի գաղտնիք համարուող տեղեկութիւն», որուն տարածման համար ոչ միայն համաձայնութիւն տրուած չէ, այլեւ ան ուղղուած է 1700-ամեայ Հայ Առաքելական Աթոռի գահակալին վատաբանելուն։ Հետեւաբար եւ անգամ մը եւս կրկնելու գնով կ՛արժէ հաստատել, որ Եկեղեցին աւելի քան իրաւասու է պահանջել, որ քրէականօրէն պատժելի այդ արարքի համար իշխանական լիազօրութիւններով օժտուած ՀՀ քաղաքացի Նիկոլ Փաշինեանին հանդէպ ՀՀ Քրէական օրէնսգիրքի 204-րդ յօդուածի հիմքով յարուցանուի քրէական վարոյթ։

Այս բոլորը դեռ ինչ, որ կերպ ընկալելի կարելի էր սեպել եթէ Փաշինեանի այսօրուայ գրառումը չհատեր բոլոր կարմիր գիծերը: Նիկոլ Փաշինեան ի միջի այլոց, իր գրառումը եզրափակած է հետեւեալ շատ վտանգաւոր տողերով. «…Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցու հաւատաւոր հետեւորդներին կոչ եմ անում համախմբուել Վեհարանը սիրով եւ քրիստոնէաբար ազատելու եւ որեւէ իրապէս սրբազան հոգեւորականի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս ընտրելու օրակարգի շուրջ»…։ Այլ խօսքով, կատարուածը քօղարկուած (ոչ այնքան) կոչ է քաղաքացիական բախումներու, քանի որ Վեհարանն ալ ունի իրեն հաւատարիմ զաւակները: Բան մը, որ մինչ ինքզինք յարգող երկիրներու իշխանութիւններ ամէն բան կ՛ընեն շրջանցելու համար, մեր մօտ վարչապետի մակարդակով կը հրահրուի:

Այս բոլորը մեզի կը յուշեն, որ ադէն իսկ հասած ենք «քանդել քանդել մինչեւ վերջ» քաղաքականութեան վերջին արարին, եւ արդէն թեւակոխած ենք շատ վտանգաւոր փուլ. բացայայտ պատերազմի հանգրուան: Ուրեմն պէտք է ընդունիլ պատերազմի մարտահրաւէրը:

Մենք կը հաւատանք, որ 2018-ին պատմական թիւրիմացութեամբ մը իշխանութիւնը զաւթած կողմը, Արցախը յանձնելէ եւ 5000 լոյս տղաներու թափած արեան պատճառ հանդիսանալէ ետք, արդէն լրիւ դիմակազերծուած՝ պատերազմ կը մղէ մեր Պետութեան, մեր Ինքնութեան, մեր Հայրենիքին, մեր Եկեղեցիին, մեր սրբութիւններուն, մեր արժէքներուն, եւ մեր սերունդներուն դէմ: Իր քօղարկուած կոչերով մեր ժողովուրդին արիւնահեղութեան կը մղէ հաւանական քաղաքացիական պատերազմ հրահրելու իւրայատուկ միջոցով:

Պահը օրհասական է եւ ոչ խաղ ու պարի,  հաճոյախօսութիւններու կամ կեղծ հայրենասիրութեան: Որոշումը մեզի կը մնայ դիմակալելու ազնիւ Հայի տեսակի դէմ շղթայազերծուած շատ դժուարին գուցէ անհաւասար պատերազմը:

Մեր Ազգին ու Հայրենիքի ապագան կախեալ է իւրաքանչիւրիս այս պահուն որդեգրելիք յստակ կողմնորոշումէն: 

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին