Ուրբաթ, 06. 06. 2025

spot_img

Ազնիւ Համագործակցութեան Պտուղ՝ Հայկական  Աննախընթաց Մշակութային Օր

Նախ կ՛ուզեմ ի սրտէ շնորհաւորել գաղութիս (Լոս Անճելըս – խմբ.) երեք հայկական մշակութային միութիւնները, որոնց վարչութիւնները համաձայնած էին միասնաբար տօնելու Հայկական Մակութային Օրը, որ տեղի ունեցաւ Փասատինայի հանրային Լամանտա գրադարանին մէջ՝ Շաբաթ, 31 Մայիս 2025-ի յետմիջօրէի ժամը 2:30-4:30-ի միջեւ։

Արդարեւ՝ տեղւոյն Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը, Նոր Սերունդ Մշակութային Միութիւնն ու Թէքէեան Մշակութային Միութիւնը կազմակերպած էին Հայկական Մշակութային այդ օրը, մօտէն ծանօթացնելու մշակութային մեր դարաւոր ժառանգը՝ օտարներուն։

Մշակութային վերոյիշեալ ժառանգը կ՛ընդգրկէր կատարողական արուեստ՝ գործիքային երաժշտութեան, բանաստեղծութեան եւ տոհմիկ երգի ու պարի։

Հանդիսավար Էլըն Վարդանեան իր բարի գալուստի խօսքին մէջ նշեց որ յայտագիրը պիտի ընթանար անգլերէն լեզուով, մատչելի ըլլալու համար ոչ-հայազգի ներկաներուն: Ան ապա շնորհակաութիւն յայտնեց Լամանտա գրադարանի տնօրէնութեան, որ սիրով տրամադրած էր իր  սրահը, սոյն միջոցառումին համար։

Էլըն ապա հրաւիրեց գաղութիս ծանօթ հրապարագիր Յարութ Տէր Դաւիթեանը, որ համառօտ կերպով ներկայացնէ հայոց պատմութիւնն ու մշակոյթը։

Յարգելի բանախօսը դիտել տուաւ որ ըստ պատմաբան Մովսէս Խորենացիի, հայերը ունին 5,000 տարուան պատմութիւն մը։ Ան ապա ներկայացուց կարգ մը պատմական տուեալներ, որոնք խիստ հետաքրքրական էին ներկաներուն համար։

Օրինակ.

  1. Քրիստոսէ առաջ վեցերորդ դարուն, երեք կայացած երկիրներ կային։ Բաբելոն, Ասորեստան եւ Ուրարտու, (եւ Միջագետք – խմբ.)։ Այսօր այդ երեք երկիրներէն միայն Հայաստանն է որ գոյատեւած է։
  • Երեւանը (հիմնուած, որպէս Էրեբունի մեր թուականէն առաջ 782-ին -խմբ.)՝ 29 տարի աւելի հին է՝ քան Հռոմը։ (Ան գրեթէ տարեկից է Նինուէին եւ Բաբելոնին, սակայն ի տարբերութիւն անոնց, 21 դարուն ան տակաւին ծաղկուն քաղաք է – խմբ.):
  • Քրիստոսի ժամանակ՝ Չինաստանը կը հաշուէր 60 միլիոն, իսկ Հայաստանը 4 Միլիոն ժողովուրդ։ Այսօր սակայն, Չինաստանը կը հաշուէ 1.5 միլիառ, իսկ Հայաստանը՝ 10 միլիոն ժողովուրդ (կ՛ենթադրենք, որ այստեղ նկատի առնուած է աշխարհասփիւռ հայութիւնը միասին հաշուած: Հակառակ պարագային, ընդամէնը՝ հազիւ 3 միլիոն – խմբ.)։
  • Աշխարհի վրայ այսօր կան 7,000 լեզուներ՝ որոնց 90 տոկոսը այսօր, կ՛օգտագործուի նուազ քան 1000 հոգի հաշուող հաւաքականութիւններու կողմէ:
  • Մովսէս Խորենացիի գրած պատմագիրքը, 1600 տարի շարունակ օտագործուած է որպէս դասագիրք։

Յայտագրի մնացած մասը կը բաղկանար գեղարուեստական բաժինէն՝ հետեւեալ կարգով։

Ա. Նուագ – Հայկական դասական եւ ժողովրդական գեղեցիկ երաժշտութիւն ներկայացուեցաւ Դաւիթ Սահակեանի (սրինգ), Ալիսիա Քէօշկէրեանի (քանոն) եւ Շանթ Դանիէլեանի (ջութակ) կատարողութեամբ։

Բ. Ասմունք – ԹՄՄ Մեծն Լոս Անճելըսի վարչութեան փոխ-ատենապետ Սեւան Տէր-Պետրոսեան նշելէ ետք Հայ ժողովուրդի դարաւոր սիրոյն մասին հանդէպ բանաստեղծութեան, բեմ հրաւիրեց Ալին Եատըկարեանը, որ ապրումով արտասանեց բանաստեղծներու իշխան Վահան Թէքէեանի «Հաշուեյարդար» քերթուածը։ Իսկ Միհրան Թումաճանը ներկայացուց Պոլսահայ բանաստեղծ Զահրատի «Ոսպ Ստկող Կինը» եւ Ֆրանսահայ բանաստեղծ Միսաք Մանուշեանի «Զրկանքը» քերթուածը։

Գ. Երգ – Փասատինայի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ երգչախումբը հանդէս եկաւ եկեղեցական եւ ժողովրդային երգերու ցանկով մը, ղեկավարութեամբ Երուանդ սարկաւագ Քեշիշեանի եւ երգեհոնի մասնակցութեամբ Մարիա Օսէփեան-Քեշիշեանի։

Անոնք նախ ներկայացուցին Մակար Եկմալեանի «Յամենայնի» եւ Կոմիտասի «Գովեայ Երուսաղէմ» շարականները եւ ապա Կարա- Մուզայի «Ալագեազ»ն ու Պարոյր Սեւակի «Երեւան-Երեբունի»ն, երաժշտութեամբ Էտկար Յովհաննէսեանի։

Դ. Պար – Փաթիլ պարախումբի փոքրիկներու եւ պատանիներու խումբերը փոխնիփոխ հանդէս եկան հայկական տոհմիկ պարերով, մեծապէս խանդավառելով բոլոր հանդիսականները անխտիր։

Հանդիսութեան աւարտին՝ հանդիսավար Էլըն Վարդանեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակցողներուն, նաեւ հանդիսականներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ քաջալերած էին այս եզակի ձեռնարկը։

Հուսկ ապա Արթիւր Քեշիշեան թմբուկ նուագելով հրաւիրեց հանդիսականները որ միանան Փաթիլ պարախումբի անդամներուն, որոնք շուրջպար մը կազմելով՝ շրջեցան գրադարանի չորս կողմը։

Ի տես համագործակցութեան աննախընթաց այս երեւոյթին՝ վերյիշեցի Եղիշէ Չարենցը, որ ըսած է։ «Ով հայ ժողովուրդ, քո փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է։»

Կը սիրեմ յուսալ որ նման միջոցառումներ կը շարունակուին մեր գաղութին մէջ՝ ինչո՞ւ չէ նաեւ հայկական ուրիշ գաղութներու մէջ, հարաւային Գալիֆորնիոյ հայահոծ այս նահանգին մէջ։

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին