Well-Tempered Armenia
Հայրենիքը Ներսէն Դիտած
«Ոդիսական» 9
Լոռի. Մեր Օրեր
Այսօր առաւօտ աշխատավայրէն բացակայ մեր աշխատողին մի քանի անգամ զանգելէ ետք ստացայ, այստեղ տեղադրուած whatsapp հաղորդագրութիւնը:
Այնտեղ՝ մի քանի տողի մէջ կ՛ամփոփուի մեր ազգին ու հայրենիքին այսօրեայ իրավիճակին ամբողջ ողբերգութիւնը.
1. Լատինատառ գրողը հայաստանցի հայն է, հայատառ գրողը՝ համեստ «ախպարս» է…:
2. Փորձած եմ և կը փորձեմ աբեղեանականով գրել, որ յանկարծ տառի մը տարբերութեամբ, շփոթի առիթը չտամ: Քանի, որ փորձով գիտեմ, թէ օրինակ Հայաստանի մէջ, սրճարանի մը մատուցողէն եթէ ջուր խնդրելու պահուն ջ/ճ արևելահայ/արևմտահայ հնչումային տարբերութեամբ «ջուր» բառը արտասանեմ իմ ձևով, մեր սիրելի մատուցողը ահագին շփոթի կը մատնուի, առանց իսկ դոյզն ճիգը ընելու արտասանած բառս իր համատեքստին (context) մէջ հասկնալու…
3. Հաղորդագրութեան մէջ կը շեշտուի ինքնարդարացումի, չքմեղացումի տարօրինակ «տրամաբանութիւն» մը, որուն ինք հաւատացած է:
4. Աշխատանքային բարոյականի (work ethics) ընկալումի ահաւոր թիւրըմբռնում, երբ կարելի չէ բացակայութիւն արձանագրել, յանկարծակի ինչ որ անձնական զբաղուածութեան, ընկերոջ տատիկի վախճանումով, աշխատանքային օրով՝ հոգեհանգիստի, ծնունդի, բանակի քէֆի, և նմանօրինակ անհեթեթ պատճառաբանութիւններով/«արդարացուցիչներով»:
5. Մեր աշխատակիցը՝ Ռուբէնը, ընդամէնը 30 տարեկան առողջ երիտասարդ մըն է, ներկայացուցիչը՝ նոր սերունդի, որուն պահուածքէն շատ բան կախեալ է Հայրենիքի զարգացման համար:
6. Երկար ժամանակ անկախութեան սերունդ կոչուածին հետ շփուած ըլլալով առանց վարանելու (նաև առանց ևս շատ ընդհանրացնելու) կրնամ հաստատել, որ այս տեսակը վտանգաւոր մեծամասնութիւն կը կազմէ:
7. Ամեն վատ բան սովետի շրջանին վերագրելը, ո՛չ միայն անարդար է, այլ նաև իր հերթին՝ ամօթալի պատճառաբանութիւն, քանի այս պարագային, և դարձեալ ըստ փորձառութեանս՝ այդ սերունդը շատ աւելի կարգապահ ու պարկեշտ էր ու տակաւին է:
8. Ամենավատը այստեղ այն է, որ կարգապահ և պարկեշտ սերունդ յառաջացնելու համար եթէ այսօր իսկ կրթական համակարգին մէջ յեղափոխական ուղղումներ ընենք՝ վերատեսութեան ենթարկելով կրթական ամբողջ ծրագիրը (curriculum)՝ մանկապարտէզէն սկսեալ, 30 տարի կ՛ուզէ լաւ սերունդ ստանալու համար: Մինչ այդ ռուբէնները, մեր Հայրենիքին «մայրենիքը» լլկած կ՛ըլլան:
Եզրակացնելով. Պէտք չէ զարմանանք թէ ինչո՞ւ մեր ազգն ու Հայրենիքը այսօրուայ թշուառ իրավիճակին մէջ յայտնուած է, մինչ ցանկացած փոփոխութիւն, գոնէ տեսանելի հորիզոնին վրայ, ափսո, որ գրեթէ անյոյս է:
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ