Ամերիկահայ հանրածանօթ բժիշկ եւ հասարակական գործիչ, «Գլարա Մարկոսեան» հիմնադրամի տնօրէն, ՀԲԸՄ-ի Յովակիմեան-Մանուկեան վարժարանի շրջանաւարտ՝ Տոքթ. Վարուժ Ալթըփարմաքեան, Ուրբաթ, 23 Մայիս 2025-ին այցելեց ՀԲԸՄ-ի Ահրամճեան բժշկական կեդրոն, շրջեցաւ բոլոր բաժինները եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց այնտեղ մատուցուող մարդասիրական հոգատարութեան համար:
Շաբաթ, 24 Մայիս 2025-ին, Տոքթ. Ալթըփարմաքեան ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ այցելեց հայերէն լեզուի շաբաթօրեայ դպրոցը, ՀԵԸ-ի կեդրոնական գրասենեակը, մարզասրահը, թէիքուանտոյի ու պասքէթպոլի մարզումներու եւ գեղանկարչութեան դասերու սրահներն ու դասարանները, ապա ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիասի սկաուտական սենեակները, որոնք բարեկարգուած են«Գլարա Մարկոսեան» հիմնադրամին աջակցութեամբ: Մատուցուեցաւ ճաշ, ներկայութեամբ ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովին անդամ տիար Արթօ Գունտաքճեանին, ՀԵԸ Անդրանիկ Անթիլիաս Գործադիր Մարմինէն անդամներու՝ գլխաւորութեամբ ատենապետուհի, Տիկ. Թալին Ճէպէճեան-Ինգնատոսեանին ու սկաուտական խմբապետութեան: Ակումբէն մեկնելէ առաջ, Տոքթ. Ալթըփարմաքեան եւ հիւրերը զրուցեցին իրենց շաբաթական հաւաքին համար ժամանած սկաուտներուն հետ, մինչ ընդհանուր խմբապետ Յովիկ Փոլաճեան հիւր բժիշկը պատուեց սկաուտական փողկապով մը՝ որպէս խորհրդանիշ ծառայասիրութեան, նուիրումի եւ վեհանձնութեան:
Տոքթ. Ալթըփարմաքեանին ու ընկերակիցներուն յաջորդ կանգառը ՀԲԸՄ-ի Համայնքային կեդրոնն էր (Նազարեան-Մովսէսեան համալիր), ուր անոնց ողջունեցին ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Անդրանիկ-Սեւանի Գործադիր Մարմինին անդամները, գլխաւորութեամբ ատենապետ Նշան Ղորղորեանին եւ Ծնողաց, Սկաուտական, Ընկերային եւ Շրջանաւարտից վարչութիւններուն անդամները: Տոքթ. Ալթըփարմաքեան ապա առաջնորդուեցաւ դէպի վարչական եւ սկաուտական սենեակները, զորս անցնող տարուան ընթացքին վերանորոգած եւ յարդարած է «Գլարա Մարկոսեան» հիմնադրամը: Գործադիր Մարմինի փոխատենապետ եւ Ծնողաց վարչութեան ատենապետուհի Տիկ. Օսան Առաքելեան արտասանեց ողջոյնի խօսք մը ու շեշտեց. «Դուք լաւագոյն օրինակ էք, որ իրապէս կարելի է ըլլալ թէ՛ յաջողակ մասնագէտ, թէ՛ ծառայասէր հայորդի»: Տոթք. Ալթըփարմաքեան այցելութիւնը եզրափակեց խոստանալով միշտ հնարաւորինս օգտակար հանդիսանալ սկաուտական շարժումներուն:
Երկուշաբթի, 26 Մայիս 2025-ի առաւօտեան Լիբանանի եւ ՀԲԸՄ-ի փոքրիկ դրօշներ բռնած ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններուն աշակերտները հաւաքուեցան դպրոցին գլխաւոր դարպասին մօտ՝ հիւրընկալելու հեռաւոր ափերէն ժամանած, իրենց համար տակաւին անծանօթ ազգային գործիչը, որուն շնորհիւ իրենք Լիբանանի «մութ» տարիներուն բախտաւորուեցան լուսաւոր վարժարանով մը: Հանդիսասրահին մէջ, աշակերտներուն կողքին ներկայ էին տնօրէնը եւ ուսուցչական կազմը, Ծնողաց վարչութենէն անդամներ, ինչպէս նաեւ պաշտօնական հիւրեր՝ Դամասկոսի Հայոց Թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Արմաշ եպս. Նալպանտեանը, ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենադպրուհի Տիկ. Սիլվա Լիպարիտեանը, Յանձնաժողովի վարչականներ՝ ՀԲԸՄ Լիբանանի Կրթական Յանձնախումբի ատենապետուհի Տիկ. Արտա Եանիքեանն եւ Տիար Արթօ Գունտաքճեանը, Կրթական Յանձնախումբի ատենադպիր Տիար Մայք Կիրիթլեանն ու վարչականուհի Տիկ. Հուրի Շըխըրտըմեանը եւ այլ հիւրեր: Նախակրթարանի բաժնի պատասխանատու Տիկ. Ցոլինէ Էլմայեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք ներկայացուեցաւ գեղարուեստական սեղմ յայտագիր մը, ապա ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններուն տնօրէն Տիար Արա Վասիլեան տեղեկացուց, որ Տոքթ. Վարուժ Ալթըփարմաքեանին տնօրինած «Գլարա Մարկոսեան» հիմնադրամին միջոցներով, ՀԲԸՄ-ի Վարժարանները օժտուած են արեւային վահանակներով բանող ելեկտրածին սարքերով, հետեւաբար լուծուած է ուժանիւթի խնդիրը եւ աշակերտները կը սորվին լուսաւոր վարժարանի մէջ: Տնօրէնը աւետեց, որ նաեւ այդ ներդրումին շնորհիւ, ՀԲԸՄ-ի Վարժարանները Մայիսի սկիզբը յաջողած են տիրանալ ամերիկեան հեղինակաւոր MSA ընկերակցութեան առանց նախապայմանի ամբողջական հաւատարմագրման: Ան Տոքթ. Ալթըփարմաքեանը անուանեց «Վարուժան Լուսաւորիչ» եւ ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններուն մեծ ընտանիքին անունով երախտագիտութիւն յայտնեց անոր ու հիմնադրամին, ինչպէս նաեւ նախաձեռնութեան աջակցողներ վարժարանի բարեկամ եւ ՀԲԸՄ Յովակիմեան-Մանուկեանի շրջանաւարտ Տոքթ. Վաչէ Վասիլեանին ու ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Յակոբ Տանձիկեանին: Տոքթ. Ալթըփարմաքեան աշակերտներուն խրատեց շատ մեծ երազել եւ աշխատիլ իրականացնել առաւելագոյնը, իսկ ապագային չմոռնալ իրենց դպրոցը եւ անոր զօրակցիլ: Իր աջակցութեան համար, ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի ատենապետ Տիար Ժէրար Թիւֆէնքճեանին անունով ՀԵԸ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Տիար Յակոբ Տանձիկեան Տոքթ. Ալթըփարմաքեանը մեծարեց ՀԲԸՄ Լիբանանի գերագոյն՝ ոսկեզօծ Մայրիի յուշանուէրով: Առաջնորդ Սրբազանը պահպանիչով փակեց հանդիսութիւնը, ապա ներկաները բարձրացան շէնքին տանիքը, ուր Տոքթ. Ալթըփարմաքեան հատեց արեւային վահանակներով բանող սարքերուն պաշտօնական բացման ժապաւէնը:
Շրջագայութեան ընթացքին Տոքթ. Ալթըփարմաքեանին յաճախ ընկերակցեցան Շիրակի Թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը, Դամասկոսի Հայոց Թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, ազգայիններ Տիար Գրիգոր Արսլանեանն ու Տէր եւ Տիկ. Հրայր ու Անահիտ Տանձիկեանները, Կիւմրիի «Խաչմերուկ» կեդրոնի տնօրէնուհին ու տեղակալը, ինչպէս նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Շողակաթ» հեռատեսիլի կայանին պատուիրակութիւնը, որուն նկարահանումները եւ զրոյցները աշխարհով մէկ լոյս պիտի սփռեն տասնամեակներ երկարող այս հեքիաթին վրայ. երազի սկիզբ ՀԲԸՄ-ի գրասեղաններէն, բարձունքն ի վեր խոյացում ու վերջապէս վերադարձ ՀԲԸՄ-ի Վարժարաններ՝ ոգեշնչելու նոր սերունդին խոստումնալից զաւակները եւ վառ պահելու անոնց յոյսն ու լոյսը:
Յապաւումներով




