Չորեքշաբթի, 28 Մայիս 2025-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու 2024-2025 տարեշրջանի 88 աւարտականներ ստացան իրենց վկայականները տօնական հանդէսի մը ընթացքին, գոհունակութեան եւ մեծագոյն ցնծութեան մթնոլորտի մը մէջ, հովանաւորութեամբ Զմմառու Պատրիարքական կղերի միաբանութեան պատրիարքական փոխանորդ եւ Զմմառու վանքի մեծաւոր Հայր Մաշտոց Թ․Ծ․Վ․ Զահթէրեանի։

Ներկայ էին աւելի քան 1050 հիւրեր, որոնց շարքին հոգեւոր հայրեր, Լիբանանի մօտ Հայաստանի հանրապետութեան հիւպատոսը, Ֆրանքոֆոնի միջազգային կազմակերպութեան Միջին Արեւելքի ներկայացուցիչը, նախկին եւ ներկայ պետական գործիչներ, լիբանանահայ վարժարաններու տնօրէններ, համայնքային, քաղաքական, զինուորական, մշակութային կազմակերպութիւններու եւ մամուլի ներկայացուցիչներ, վարժարանի տեսչական եւ ուսուցչական կազմերու անդամներ եւ ծնողներ:
Շրջանաւարտներու հանդիսաւոր մուտքէն ետք, եւ յետ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգներու ունկնդրութեան, բացման խօսքը արտասանեցին շրջանաւարտներ Սէրլի Մուղալեան եւ Փեռլա Ժաուհարժի, որմէ ետք խօսք առաւ Մեսրոպեան բարձրագոյն եւ արուեստից վարժարաններու տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ։

Պարոն Գալուստ շնորհակալութիւն յայտնեց հանդէսի հովանաւոր Հայր Մաշտոց Թ․Ծ․Վ․ Զահթէրեանին, դիտել տալով, որ Հայր Մաշտոց Մեսրոպեան վարժարանի շրջանաւարտ մըն է, եւ իր ներկայութեամբ կը խորհրդանշէ այն ներդրումը, որ Մեսրոպեան վարժարանը արձանագրած է հոգեւոր ծառայութեան եւ մտաւոր յառաջընթացին մէջ՝ Լիբանանէն մինչեւ աշխարհի չորս ծագերը։ «Հայր Մաշտոց իր անձին ընդմէջէն կը մարմնաւորէ այն գաղափարը, որ Մեսրոպեանը ոչ միայն կրթական հաստատութիւն մըն է, այլ նաեւ համայնքային մեր կառոյցին հիմքերէն մէկը եւ մարդկային կարողութիւն պատրաստող դարբնոց մը», ըսաւ պարոն տնօրէնը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան, գլխաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց կաթողիկոս-պատրիարք Նորին Ամենապատուութիւն Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-րդին, վարժարանին նկատմամբ յարատեւ հոգատարութեան եւ խնամքին համար։ Ապա շնորհակալութիւն յայտնեց Ս․ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետին՝ Հայր Սահակ վարդապետ Քէշիշեանին՝ Մեսրոպեանի հոգեւոր տեսուչին, որուն առաջնորդութեամբ աշակերտները կը դաստիարակուին հոգեւոր արժէքներով։
Պարոն Գալուստ, թուարկելէ ետք հոգեւոր կրթութեան, հայեցի դաստիարակութեան, գիտական, արհեստագիտական եւ լեզուական ուսումնառութեան, մարմնակրթութեան, ուսումնական արեւելումի, աշակերտներու առողջապահական հոգատարութեան, կրթական համայնքին եւ մտաւորական միջավայրին հետ յարաբերութիւններու զարգացման եւ ուսուցիչներու վերապատրաստութեան մարզերուն մէջ անցած տարեշրջանին արձանագրուած յաջողութիւններուն, կատարեց կարեւոր յայտարարութիւններ՝ յառաջիկայ տարեշրջանին սպասուող կրթական նորութիւններուն մասին։
Այսպէս՝ մօտ ապագային կը սպասուի դրական պատասխան մը Ֆրանսայի կրթական մարմիններէն՝ Մեսրոպեանի homologation-ի գործընթացի բարեյաջող եզրափակումին վերաբերեալ։ «Այս քայլը մեծ յառաջընթաց մը պիտի ըլլայ Մեսրոպեանի միջազգային ճանաչման եւ միջազգային վկայակիր հաստատութիւն մը դառնալու ճամբուն վրայ եւ պիտի ըլլայ աննախընթաց նուաճում մը՝ համալիբանանեան եւ համահայկական մակարդակներու վրայ», յայտնեց պարոն Գալուստ։ Երկրորդ՝ յառաջիկայ տարեշրջանէն սկսեալ, Մեսրոպեանը պիտի ներդնէ ֆրանսական պաքալորէայի ծրագիրը՝ 10-րդ դասարանէն սկսեալ, իսկ երրորդ՝ յաջորդ տարուան ծրագրին մէջ պիտի ներառնուի AI-ի՝ արհեստական բանականութեան ուսուցումը աշակերտներուն։ «Սա ժամանակակից կեանքի անխուսափելի ուղղութիւնն է, եւ մենք պիտի պատրաստենք մեր աշակերտները՝ ըլլալու առաջնորդներ այդ ապագայի մէջ, ոչ թէ հետեւորդներ», դիտել տուաւ պարոն Գալուստ։
Խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն, տնօրէնը յղեց երեք մաղթանքներ․ «Ձեր մէջ ամրապնդեցէք լրջութիւնը՝ կեանքի հանդէպ ունեցած ձեր մօտեցումին մէջ, յարատեւութիւնը՝ որպէսզի ամուր պահէք դժուարութիւններու դիմաց չընկճուելու ու չընկրկելու կամքը, եւ աշխատասիրութիւնը, որ է յաջողութեան միակ ճամբան»։ Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց ծնողներուն, վարժարանի անձնակազմի անդամներուն եւ օժանդակ մարմիններուն, շեշտելով, որ իւրաքանչիւրին ջանքն ու յանձնառութիւնը հանդիսացան այն ամուր կռուանը, որուն վրայ կը կերտուին աշակերտներուն յաջողութիւնը եւ վարժարանին համբաւը։
Այս առիթով, պարոն Գալուստ յայտարարեց, որ այս տարեշրջանին, հայագիտական նիւթերուն մէջ իր արձանագրած լաւագոյն արդիւնքին համար, Մեսրոպեանի «Գէորգ Հաճեան յիշատակի մրցանակը» կը շահի աւարտական դասարանի աշակերտուհի Փերլա Ժաուհարժի, որուն շնորհիւ ան պիտի մասնակցի «Համազգային»ի տարեկան Ֆորումին։ Ապա ան պատուոյ վկայագիրներ յանձնեց 2024-2025 տարեշրջանին իրենց համապատասխան դասարաններուն մէջ բարձրագոյն նիշերը ստացած շրջանաւարտներուն։

Շրջանաւարտներուն անունով խօսքեր արտասանեցին Յակոբ Չափատարեան, Մարիա Քոշոյեան, Ալեքս Գալայճեան եւ Լէա Քէշիշեան, որոնք երախտագիտութեան իրենց զգացումները արտայայտեցին Մեսրոպեանի տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն՝ մանկապարտէզէն մինչեւ աւարտական դասարան յանուն իրենց կրթութեան ի գործ դրուած զոհողութիւններուն եւ ջանքերուն համար։

Գեղարուեստական մասով, շրջանաւարտները կատարեցին նուագներ, երգեցին հայերէն եւ օտարալեզու երգեր, կատարեցին հայկական եւ յունական պարեր եւ հուսկ, Մեսրոպեանի Վահանը փոխանցեցին իրենց յաջորդող աշակերտներուն։
Գերպծ. Հ. Մաշտոց Թ․Ծ․Վ․ Զահթերեան իր հայրական պատգամին մէջ յուզումով յիշեց Մեսրոպեանի մէջ իր աւարտական հանդէսին օրը՝ 20 տարի առաջ, դիտել տալով, որ մեսրոպեանական մը ըլլալը իրեն համար միշտ եղած է պատիւ եւ պարտաւորութիւն՝ ուր ալ գտնուած ըլլալ եւ իր ստանձնած բոլոր պատասխանատուութիւններուն մէջ։
Գերապայծառ հայրը մեծապէս գնահատեց վարժարանի տնօրէնութեան եւ անձնակազմին գործունէութիւնը, որուն շնորհիւ նորանոր սերունդներ աշխարհ մուտք կը գործեն մարդկային, ազգային եւ քրիստոնէական ամուր նկարագիրով եւ արժէքներով։
Հայր Մաշտոց յատուկ գնահատանքի խօսք ուղղեց ծնողներուն, շեշտելով, որ հայ դպրոցը կանգուն կը մնայ հայ ծնողներու զոհողութեան, ազգային գիտակցութեան եւ հոգատարութեան շնորհիւ։ Ան դիտել տուաւ, որ այս արժանիքները անգին են յատկապէս նկատի առած այն աշխարհացունց փոփոխութիւնները որ տեղի կունենան ինչպէս բոլոր մարզերուն, նաեւ՝ կրթութեան ոլորտին մէջ, որ օր օրի կը փոխուի՝ արհեստագիտութեան արագընթաց յառաջդիմութեան հետ։
Գերապայծառ Զահթէրեան մաղթեց աշակերտներուն, որ անվախօրէն յառաջ ընթանան դէպի գիտութեան եւ ուսման խորքերը, ընդլայնեն իրենց մտահորիզոնը եւ յենած իրենց արմատներուն՝ բարձր պահեն Մեսրոպեանի անունը, ի փառս Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցին, իր գործակից հայրերուն, Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին։

Հանդէսը աւարտեցաւ վկայականներու բաշխումով, որուն յաջորդեցին կարկանդակի հատումը եւ շնորհաւորութիւններու ընդունումը՝ ուրախութեան հրավառութեան ներքոյ։
Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի