Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Տեղի Ունեցաւ Մեսրոպեանի Աշակերտներուն DELF Վկայականներու Յանձնման Ոգեշնչող Հանդիսութիւնը

15 Մայիս 2025-ին տեղի ունեցաւ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտներուն DELF վկայականներու յանձնման հանդիսութիւնը, որ բծախնդրօրէն մշակուած ծրագիրով մը համախմբեց կրթական մեր համայնքը՝ ստեղծելով տօնական եւ ոգեշնչող մթնոլորտ մը, ծնողներու, ուսուցիչներու եւ բարեկամներու մասնակցութեամբ։

Հանդիսութիւնը իրենց նշանակալի ներկայութեամբ պատուեցին Լիբանանի մէջ  «Institut français»-ի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ Իզապել Փիքօ՝ Համագործակցութեան եւ մշակութային գործողութիւններու փոխխորհրդական եւ արտասահմանի մէջ ֆրանսական ուսուցումի պատասխանատու, Քամիլ Լը Կալ՝ Լեզուական կեդրոնին տնօրէն եւ Տանիա Ղատտար՝ Կրթական խորհրդատու։

Հանդիսութիւնը սկսաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ֆրանսայի պետական քայլերգներով, զորս ապրումով կատարեցին Մեսրոպեանի երգչախումբին անդամները։

Այնուհետեւ, բեմ բարձարացաւ հանդիսավար ուսուցչուհին՝ Օրդ. Ճենիֆըր Եունէս, որ ջերմօրէն ողջունեց պատուոյ հիւրերը եւ արտայայտեց խոր հպարտութիւն՝ DELF վկայականներու յանձնման այս հանդիսութեան առիթով։ Ան շեշտեց, որ Մեսրոպեան վարժարանը, միաժամանակ արժեւորելով ֆրանսերէնը եւ այլ լեզուներ, կը ձեւաւորէ արմատներուն կառչած՝ բայց աշխարհին բաց քաղաքացի։ Ան մաղթեց  աշակերտներուն՝ հպարտանալ իրենց կեանքի այս հանգրուանով եւ շարունակել իրենց ուղին նոյն յանձնառութեամբ, քանի որ ապագան կը պատկանի անոնց, որոնք կը յանդգնին սորվիլ, երազել եւ կառուցել։

Հետեւեցաւ երկխօսութիւն մը աշակերտներ Ճիաննա Ուլուճեանի եւ Աւօ Թորոսեանի միջեւ, ուր անոնք կիսուեցան DELF քննութեան հետ իրենց փորձառութեամբ՝ ընդգծելով, որ այս փորձառութիւնը ոչ միայն բարելաւեց իրենց լեզուական հմտութիւնները, այլեւ զօրացուց իրենց ինքնավստահութիւնը եւ նպաստեց հետագայ ուսման նպատակներու ձեւաւորման։ Անոնք նշեցին, թէ որքան արժէքաւոր է միջազգային մակարդակով ճանչցուած վկայական մը ունենալը եւ երախտագիտութիւն յայտնեցին ուսուցիչներուն ու բոլոր անոնց, որոնք աջակցեցան իրենց այս ճամբուն ընթացքին։

Գեղարուեստական բաժինը բացուեցաւ «Moulin Rouge» պարով, զոր մեծ յաջողութեամբ ներկայացուց վարժարանի «Շուշի» պարախումբը, փարիզեան շունչ մը հաղորդելով ներկաներուն։

Յաջորդեց տիկին Իզապել Փիքոյի ներկայացումը եւ խօսքը, ուր ան շեշտեց DELF վկայականին նշանակութիւնը ֆրանքոֆոն աշխարհին մէջ, ինչպէս նաեւ անոր արժէքը աշակերտներու ապագայի զարգացման համար։ Ան խրախուսանքի եւ հաւատքի ջերմ ուղերձ մը յղեց վկայականակիր աշակերտներուն, մաղթելով մեծագոյն յաջողութիւններ։

Հանդիսութիւնը շարունակուեցաւ  «Շուշի» պարախումբի գեղեցիկ կատարումներով։ Աշակերտները ներկայացուցին հայկական աւանդական պարեր, սփռելով հայկական ժառանգութեան  շունչը սրահին մէջ։

Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Պրն. Կրէկուար Գալուստ ելոյթ ունեցաւ յուզիչ ու ներշնչող խօսքով մը, որուն մէջ ան արժեւորեց աշակերտներուն ջանքերը ու գնահատեց ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն նուիրումը՝ այս կարեւոր կրթական հանգրուանին հասնելու ճանապարհին։

Ան ընդգծեց, որ DELF վկայականին ձեռքբերումը բարդ ուղի մըն է, որ կը պահանջէ կարգապահութիւն ու հետեւողականութիւն, սակայն ի վերջոյ կը բանայ աշխարհի դռները մեր պատանիներուն համար։

Ան ջերմօրէն շնորհակալութիւն յայտնեց Մեսրոպեանի ֆրանսերէնի ուսուցիչներուն՝ իրենց նուիրումին եւ բարձրամակարդակ ուսուցումին համար, տիկին Հասնա Ապու Էլիասին՝ իբրեւ միջնակարգ եւ երկրորդական բաժիններու պատասխանատու եւ ֆրանսերէնի համակարգող, ինչպէս նաեւ Տոքտ. Գոլեթ Աունին՝ իր հետեւողականութեան համար։ Ապա երախտագիտութիւն արտայայտեց «Institut français»-ի պատասխանատուներուն, որոնց ներկայութիւնը արտայայտութիւնն է իրենց ամուր յանձնառութեան եւ հաւատքին՝ Լիբանանի մէջ ֆրանքոֆոն կրթութեան նկատմամբ ։

Միջոցառումը հասաւ իր ամենասպասուած պահուն՝ վկայականներու յանձնման արարողութեան, ուր աշակերտները, հպարտութեամբ եւ ուրախ ժպիտներով, ստացան իրենց DELF վկայագիրը։

Օրուան յիշատակը կնքուեցաւ խմբանկարով մը, ուր ներկաները միասին հաստատեցին այս յատուկ պահու տօնական ոգին եւ յիշարժանութիւնը՝ բոլորին համար:

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին