Շաբաթ, 07. 06. 2025

spot_img

Վիգէն Չերչեան՝ Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէի Հաշուապահ

Լիբանանի մարզական կեանքը վերակազմակերպելու եւ աւելի աշխուժացնելու հոլովոյթին ծիրին մէջ, Չորեքշաբթի, 14 Մայիս 2025-ին Տպայէի «Le Royal» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր ժողովը եւ 12 անձերէ բաղկացած նոր գործադիր վարչութեան ընտրութիւնը: Ժողովին ներկայ գտնուեցան ընտրելու իրաւունք ունեցող լիբանանեան ողիմպիական 26 ֆետերասիոններէն 16-ին ներկայացուցիչները` ներառեալ պասքէթպոլի ֆետերասիոնի ներկայացուցիչ, ՀԲԸՄ-ՀԵԸ Կեդրոնական Վարչութեան պաշտօնաւարտ ատենապետ Վիգէն Չերչեանը:

Նաւարկութեան ֆետերասիոնի նախագահին թեկնածութեան յետս կոչումէն ետք, մնացեալ 12 թեկնածուները ընտրուեցան առանց քուէարկութեան՝ մրցակիցներու բացակայութեան լոյսին տակ: Ժիհատ Սալամէ դարձաւ ատենապետ` չորս փոխատենապետներու կողքին, Ժաուտաթ Շաքէր ստանձնեց ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնը, Շատի Մախզում՝ գանձապահ, Վիգէն Չերչեան՝ հաշուապահ, Նազարէթ Հապիպեան եւ Խալէտ Պատիհ՝ խորհրդականներ: Ընդհանուր ժողովին ընթացքին որոշուեցաւ նաեւ ընտրելու իրաւունք շնորհել մարզական պարի եւ լեռնամագլցումի ֆետերասիոններուն:

Նշենք, թէ այս պատմական առաջին անգամն է, որ ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-էն անձնաւորութիւն մը կը հասնի Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի գործադիր վարչութեան դիւան՝ հաշուապահի պաշտօնով:

Կը շնորհաւորենք նորընտիր Գործադիր վարչութիւնը, մաղթելով բարի երթ:

ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի մամլոյ եւ տեղեկատուական գրասենեակ

*****

Այս առիթով ԶԱՐԹՕՆՔ կը շնորհաւորէ Վիգէն Չերչեանը, որ իր մարզական, սկաուտական եւ ընդհանրապէս միութենական գործունէութեան ամբողջ շրջանին, իր լաւագոյնը տուած է Լիբանանին եւ լիբանանահայ համայնքին: Պատիւ Արժանաւորին:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին