8 տարիներ առաջ այս օրերուն, ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Դուն ի՞նչ կ’ընես Արցախի համար» համահայկական շարժման ծիրէն ներս, պատիւը, հպարտութիւնն ու ուրախութիւնը ունեցած էինք Լիբանանէն բերուած Մայրիի ծառ մը ունենալու Արցախի Մարտակերտ քաղաքի Վարդան Մինասեանի անուան թիւ 2 հիմնական դպրոցին շրջափակին մէջ:
ԶԱՐԹՕՆՔ-ի անունով ծառը խորհրդանշանակօրէն տնկուեցաւ մարտական խաչի երկրորդ աստիճանի շքանշանակիր Վարդան Մինասեանի մահուան տարելիցին նուիրուած դպրոցական ոգեկոչման ձեռնարկի մը ընթացքին, Ապրիլեան Քառօրեայ պատերազմին մասնակից զինուորի ձեռամբ: Մայրին տնկող հայ զինուորը, տնկիին համար փոսը պատրաստելու, ապա ծածկելու համար, մերկ ձեռքերով աշխատած էր՝ մերժելով բահ կամ այլ գործիք օգտագործել, ըսելով որ. «Բարեկամութեան ծառը ափերով է, որ կը տնկուի հողին մէջ»:
Սոյն արարողութեան ներկայ գտնուած էին նաեւ արցախի նուիրեալ արուեստագիտուհի Շուշան Պետրոսեան, դպրոցին տնօրէնուհի՝ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի հոգեհարազատ ընկեր՝ Մելսիդա Քարդումեանը, ինչպէս նաեւ դարձեալ մեր թերթին համար հոգեհարազատ ուսուցչուհիներ Լուսինէ Սաիյեանը եւ Ռուզաննա Աւետիսեանը, դպրոցի ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, անձնկազմին եւ խումբ մը հայ զինուորներու կողքին:

Այսօր՝ Մայիսեան յաղթանակը տօնելու այս օրերուն սոյն լուրը դարձեալ կը կիսուինք մեր ընթերցողներուն հետ, այն յոյսով, որ ծառատնկումի այս ոգեշնչող արարողութեան յաջորդած տարին մեր հայրենիքին մէջ ու մեր քաջարի ժողովուրդին հետ պատահած պատմական թիւրիմացութիւնը, որ տակաւին կը շարունակուի, մինչ մենք «շնորհիւ» անոր կորսնցուցինք մեր Արցախն ու 5000 լոյս տղաներ, շուտով կը սրբագրուի:
Վստահ ենք, որ ապագային գալիք Հայ ժողովուրդի ազգային իշխանութիւնները մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ միասնաբար, վերստին կը տիրանան Արցախին ու կը վերականգնեն մեր ազգային հպարտութիւնը, եթէ ոչ անպայման մեր օրերուն, սակայն հաստատ մեր զաւակներուն ու թոռներուն մասնակցութեամբ, որոնք դարձեալ եւ իրենց հերթին հոն կը տնկեն յաւերժական նոր Մայրիներ:
«Զ.»