Շատ սիրելի Պրն Յակոբեան,
Ուրախութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ կարդացի ձեր Ելեկտրոնային Գրադարանի մասին գրած բացատրութիւնը։
Բաժնեկից եմ ձեզի եւ ձեր ընթերցողներու ուրախութեան այս կարեւոր քայլին համար եւ ի սրտէ յաջողութիւն , յարատեւութիւն եւ նորանոր նուաճումներ կը մաղթեմ ձեզի եւ ձեր գործակիցներուն՝ մամուլի դժուարին եւ պահանջկոտ այս աշխատանքին մէջ։
Արդարեւ մեծ հաճոյքով կը հետեւիմ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի աշխատանքներուն եւ գրութիւններուն ու վստահ եմ որ ձեր կարծիքներուն համար ձեզ «հանգիստ» չեն ձգեր։ Այսպիսի պարագաներուն միշտ կը յիշեմ Դանիէլ Վարուժանի ՑԱՆի տողերէն այս մի քանին որոնք մամուլի նուիրական արտին մէջ աշխատողներուն իմ սրտի խօսքը կ՛արտայայտեն։
«Լի է ցորեններով աստղահատ
Խորունկ գոգնոցն։ Հերկերն հեռուան՝ ծարաւի՝
Կը սպասեն իր լայնշի բուռին, եւ բուռն այդ
Արտերուն վրայ զերթ արշալոյս կը բացուի»։
Ջերմագին բարեւներով,
ՅՈՎՍԷՓ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Հիւսթըն, Թեքսաս
ԱՄՆ