Ուրբաթ, 23. 05. 2025

spot_img

Մեծ Հաճոյքով կը Հետեւիմ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի Աշխատանքներուն. Յովսէփ Մելքոնեան

Շատ սիրելի Պրն Յակոբեան,

Ուրախութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ կարդացի ձեր Ելեկտրոնային Գրադարանի մասին գրած բացատրութիւնը։

Բաժնեկից եմ ձեզի եւ ձեր ընթերցողներու ուրախութեան այս կարեւոր քայլին համար եւ ի սրտէ յաջողութիւն ,  յարատեւութիւն  եւ նորանոր նուաճումներ կը մաղթեմ ձեզի եւ ձեր գործակիցներուն՝ մամուլի դժուարին եւ պահանջկոտ այս աշխատանքին մէջ։

Արդարեւ մեծ հաճոյքով կը հետեւիմ ԶԱՐԹՕՆՔ-ի աշխատանքներուն եւ գրութիւններուն ու վստահ եմ որ ձեր կարծիքներուն համար ձեզ «հանգիստ» չեն ձգեր։  Այսպիսի պարագաներուն  միշտ կը յիշեմ Դանիէլ Վարուժանի ՑԱՆի տողերէն այս մի քանին որոնք մամուլի նուիրական արտին մէջ աշխատողներուն  իմ սրտի խօսքը կ՛արտայայտեն։ 

«Լի է ցորեններով աստղահատ

Խորունկ գոգնոցն։ Հերկերն հեռուան՝ ծարաւի՝

Կը սպասեն իր լայնշի բուռին, եւ բուռն այդ 

Արտերուն վրայ զերթ արշալոյս կը բացուի»։ 

Ջերմագին  բարեւներով,

ՅՈՎՍԷՓ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ

Հիւսթըն, Թեքսաս

ԱՄՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին