Մի քանի զոյգ հայ որբերու հարսանիքը Սուրիոյ մէջ
(1920 – 1921 թուականներ) Աղբիւր՝ “Old Armenia” ֆէյսպուքեան էջ
Սոյն նկարը մեր ուշադրութեանը յանձնեց, մեր թերթին բարեկամուհի Ռուբինա Օհանեանը, առ ի հրատարակութիւն մեր այս թիւին մէջ, յոյս յայտնելով, որ կը կարողանանք ճշդել անոր ճշգրիտ վայրը:
Դիմելով նախկին Դամասկոսահայ մեր սիրելի ընկեր Տոքթ. Ճորճ Բարսեղեանին, իրմէ ստացանք հետեւեալ ամենահաւանական տարբերակը, որ կարելի է աւելի մանրամասն ստուգել անշուշտ:


Ըստ Տոքթ. Բարսեղեանին ետեւի բուրգ/գմբէթանման կառոյցները կը յուշեն Դամասկոսի «Համիտիէ»ին մօտ, այժմու «Ալ Սաուրա» կամուրջին կողքին գտնուող վայրը, որուն մասին կ՛ըսուի թէ ժամանակին որբանոց եղած է:
Մեր ընկերը կը շեշտէ, որ սխալականութեան վարկածը ի մտի ունենալով, նմանութիւնը շատ մեծ է: Սոյն արբանեակային նկարները նոր են: Հետեւաբար պէտք է անոնց նայիլ պատկերացնելով, որ 1920ականներուն կողքի այսօրեայ շինութիւնները չկային:
Խմբ.