Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Իմ Մէկ Հատիկ Աղուոր Հագուստս Հոն Մնաց

Վերապրողի մը Ոդիսականը

Ես չոմախլուցի ՀաճիՅակոբեաններուն աղջիկն եմ, Արեգնազ։ Ծնած եմ Չոմախլու, 1907-ին։ Մեծ հայրս Գրիգոր Քեհիա կը կոչուէր եւ գիւղին մխթարն էր։ Ունէր երեք զաւակ՝ հայրս՝ Ռուբէն, Յակոբ ու Յարութիւն հօրեղբայրներս։ Մօրս անունը Թագուհի էր։ Յակոբ հօրեղբայրս մեր ոչխարները կ’արածէր, Յարութիւն հօրեղբայրս խանութ մը ունէր եւ առեւտուրով կը զբաղէր, իսկ հայրս՝ մեր հողերով եւ արտերով: Ան  բանուորները կը բերէր ցորենը հնձելու ու ծախելու կը տանէր։ Գիւղին հարուստներէն էինք. մեծ հայրս գիւղին ամէնէն խելացի մարդոցմէ մին էր։

Երբ մեր ոչխարները տուն բերուէին, մածուն եւ պանիր կը պատրաստէինք եւ կաթէն աղքատներուն կը բաժնէինք։ Գիւղին հիւրերը մեր տունը կը գիշերէին։

Մեծ հայրս շատ բարի մարդ մըն էր, երբ սեղան նստէր, հօրս կը պատուիրէր. «Տղա՛ս, ձին նստէ, գնա նայէ գիւղին մէջ աղքատ եւ անօթի մարդ եթէ կայ, կանչէ թող գան, միասին ուտենք»։ Մենք ալ խոշոր կաթսայ մը թան կը պատրաստէինք եւ դուրսը կը դնէինք, որպէսզի անցորդները խմեն ու զովանան։

Մեծ հայրս գաղթականութենէն առաջ մեռաւ։

Գաղթականութեան ժամանակ ոստիկանները մեր տունը լեցուեցան. Ամէն օր հաւ ու ոչխար կ’ուզէին ուտել եւ մեծ մօրս կը հրամայէին. «Առաջին պատառը դուն կեր։ Թերեւս թունաւորած ըլլաք»։

Հայրս ու Յարութիւն հօրեղբայրս զինուորութեան տարին, իսկ Յակոբ հօրեղբայրս ալ բանտը նետեցին։ Վերջը յայտնի եղաւ, որ հայրս զինուորութենէն փախած եւ ֆետայի եղած էր։ Տունը մնացինք մենք՝ կիներ ու փոքրեր, այր մարդ չկար։

Հասան գաղթականութեան օրերը։ Թուրքերը պաշարեցին գիւղը եւ հրամայեցին անմիջապէս ճամբայ իյնալ։

Մենք ծեր քեռայր մը ունէինք։ Կանչեցինք զինք եւ քիչ մը ապրանք եւ ուտելիք լեցուցինք մեր պզտիկ կառքին վրայ։ Մեր ոչխարները թուրքերը առին, իսկ մեր պանիրի պաշարը գաղտնօրէն բակ հանեցինք, որպէսզի բոլոր չոմախլուցիները գան եւ մի քանի կտոր տանին։ Մնացած մեր բոլոր ապրանքները մեր թուրք դրացիին տուինք։

Մենք՝ պզտիկներս, կ’ուրախանայինք, կարծելով որ պտոյտի պիտի երթանք։ Ես նոր հագուստ մը ունէի, քիչ մը աղտոտած։ Շուտ մը լուացի ու մեր տան սեմին փռեցի, որ չորնայ, բայց իրարանցումին մէջ մոռցայ հետս առնելու. ճամբայ ելլելէ ետք մայրս հարցուց, բայց ուշ էր։ Շատ լացի. մէկ հատիկ աղուոր հագուստս գիւղը փռուած մնաց։

Յակոբ հօրեղբայրս երկու պզտիկ աղջիկ ունէր՝ Մանուշակ եւ Մայրենի։ Միւս հօրեղբայրս ունէր երեք զաւակ, իսկ հայրս՝ հինգ։ Քսանչորս հոգի էինք, երբ ճամբայ ելանք։

Բաւական հեռացած էինք երբ հեռուէն ձիաւորներ երեւցան: Մեր մականունով կը կանչէին: Վախցանք չուզեցինք յայտնի ընել, որ մենք էինք: Անոնք հասան մեզի: Զարմացանք: Գիւղը մեզի դրացի թուրքեր էին: Անոնք գիւղը չէին երբ ճամբայ ելանք: Անոնք փոքր ծրարով դրամ տուին մօրս: Յայտնի եղաւ, որ հօրս գումար մը պարտք էին: Իրենց վերադարձին գիւղ երբ իմացեր են, որ գիւղը ձգած ենք, ուզած են հասնիլ մեր ետեւէն իրենց պարտքը վճարելու: Ըսին, որ չեն ուզեր խղճի խայթով ապրիլ:

Երեսուն օր քալեցինք եւ հասանք Ինճասու գիւղը։ Հոն հայեր կային, մեզի կերակուր տուին եւ պառկելու տեղ։ Յաջորդ օրը նորէն ճամբայ ելանք ու օրերով քալեցինք, մինչեւ հասանք Հաճըն։ Ճամբան մեծ մայրս մեռաւ եւ զինք ձիթապտուղի ծառի մը տակ քիչ մը փորելով թաղեցինք ու մեր ճամբան շարունակեցինք։

Հաճըն ալ մեզի կերակուր տուին։ Վերջապէս հասանք Սիս։ Հոս, երբ մեր հայերը տեսան, որ գաղթականներ կու գան, շուտով մեզի ղարաւանա (հերիսա) եփեցին։ Շարունակեցինք մեր ճամբան եւ հասանք թրքական աղտոտ գիւղ մը, ուր փիս եւ որդնոտած ջուր խմեցինք։ Մեզի կերակուր չտուին։ Հասանք Իսքենտերուն։ Հոս ալ կերակուր չտուին. Ինչ որ գտնէինք, կ’ուտէինք։

Մեր քովը քիչ մը ալիւր կար։ Քիչ-քիչ թուրք կիներուն կու տայինք, որպէսզի տեղը մեզի կտոր մը հաց տան։ Այսպիսով հասանք Հալէպ։ Գիշերելու տեղեր տուին մեզի, ուր քիչ մը մնալէ ետք ըսին, որ Մաան (Յորդանան) պիտի տարուինք, արաբ պետեւիներու քով։

Շոգեկառք լեցուեցանք եւ հինգ օր ետք հասանք Ամման։ Մեզի կերակուր տուող չկար։ Գիւղի մը բնակիչները մեզմէ վախցան եւ կարծելով, որ մենք մարդ կ’ուտենք, փախան գիւղէն։ Գիւղը մարդ չմնաց։ Անօթի էինք, մտանք տուները եւ ինչ որ գտանք, կերանք։ Կամաց-կամաց գիւղացիները վերադարձան եւ տեսան, որ իրենց պէս մարդիկ էինք, բարեկամացանք։

Իրենց կ’օգնէինք, իրենց գործերը կ’ընէինք, քիչ մը ուտելիքի փոխարէն։ Շատ մը պետեւիներ չոմախլուցի մեր աղջիկներ հարս տարին: Այսօր ծնունդով չոմախլուցի աղջիկներ ու իրենց պետեւի զաւակներէն շատ կան այնտեղ: Հոն երկու տարի մնալէ ետք, լուր տարածուեցաւ թէ անգլիացիներն ու ֆրանսացիները կու գան։ Թուրք զինուորներ անմիջապէս եկան եւ մեզի ըսին, որ մեր գիւղը Չոմախլու պիտի տանին, բայց մեզ բերին Հոմս ու Համա, ու հոն ձգեցին։ Հոս շատ մարդ մեռաւ։ Մեր չոմախլուցիներէն շատերը հոս մեռան։ Իմ եղբայրս եւ երկու քոյրերս ալ մինչ այդ մեռած էին, մնացեր էինք ես, մայրս եւ պզտիկ քոյրս՝ Կիւսինան։ Կիները հաւաքուեցան, եւ որոշեցինք Հալէպ երթալ։ Հոն հայեր կային, հայ եկեղեցի կար, մեզի ուտելիք կու տային։

Օրեր քալելով հասանք Հալէպ։ Ճամբան շատ նեղութիւն քաշեցինք. Երբ գիշերը պառկէինք, տեղացի արաբ չար պզտիկները մեր վրայ կրակ կը նետէին, կը խնդային, որովհետեւ գրեթէ մերկ էինք ու բոպիկ։

Հալէպ հաւաքուեցանք հայոց եկեղեցին։ Հարուստ հայեր կային, մեզի օգնեցին եւ ամէն օր ղարաւանա բաժնեցին։ Երկու շաբաթ անց, մարդ մը եկաւ եւ պզտիկներս՝ մեզ, հաւաքեց, տարաւ որբանոց մը։ Լոգցանք, մեր մազերը կտրեցին եւ ըսին որ այլեւս դուրս պիտի չելլենք, հոն պիտի մնանք։ Այս թրքական որբանոցին մէջ մնացինք բաւական։ Վերջապէս անգլիացիները Հալէպ հասան եւ թուրքերը փախան։ Որբանոցի երեխաներուն հետ, մենք փայտի խաղերով դիմաւորեցինք անգլիացիները։

Անգլիական բանակին մէջ հայ մը կար, որուն շնորհիւ թրքական որբանոցը վերածուեցաւ անգլիականի։ Լաւ օրեր ունեցանք։ Անգլիացիք մեզի միս կու տային, մինչ թուրքերուն ժամանակ միայն ոսպապուր կ’ուտէինք։ Մնացած էի մինակ. Խեղճ քոյրիկս թրքական որբանոցին մէջ աչքի հիւանդութենէն մեռած էր։

Հալէպի մէջ, օր մը, մայրս, երբ հայկական եկեղեցին կ՝երթայ, պատին վրայի թուղթը կը կարդայ եւ կ՝իմանայ որ շատ ուրիշներու կարգին, իր եղբայրը՝ Ամերիկայէն իրեն եւ երկու քոյրերուն դրամ ղրկեր է։ Անմիջապէս կ՝երթայ պատասխանատուին քով եւ կը յայտնէ, որ ինք Յարութիւն Արթինեանին քոյրն է։ Պատասխանատուն կը յանձնէ ղրկուած 10 տոլարը։

Մայրս, այդ գումարով, քաղցրեղէն եւ ոսկեայ օղ մը գնած կու գայ քովս։ Ես այն ատեն հիւանդ էի եւ որբանոցէն փոխադրուած՝ հիւանդանոց։ Մայրս օղը անցուց ականջիս, 1917-18-ին ըլլալու էր։ Այդ օղը տակաւին ականջս է։ Երբեք չեմ հանած եւ երբեք ալ չեմ հաներ։

Որբանոցին մէջ բաւական մնալէ ետք, մեզի ըսին, որ հայ հարուստ եւ բարի մարդիկ՝ Չանգալեան, Կիւլպէնկեան, Պօղոս Նուպար, մեզի պիտի  օգնեն, եւ մենք գացինք Ատանա։

Երբ Ատանա գացինք, նորէն հիւանդացայ եւ կառավարական հիւանդանոց մտայ։ Նոյն օրերուն մօրս ոտքը կոտրեր էր եւ մէկ տարի չկրցաւ քովս գալ։ Ես կարծեցի, որ ան մեռած է։ Սկսայ հիւանդանոցին մէջ աշխատիլ. պզտիկներուն հոգ կը տանէի։

Մարդ մը կար, որ ամէն օր կու գար հիւանդանոց, դուռէն կը նայէր ինծի եւ կը հեռանար։ Օր մը ան հիւանդանոց մտաւ եւ զիս կանչեց։ Ես աստիճաններուն վրան էի, չճանչցայ զինք, չգացի մօտը։ Յետոյ մարդը ըսաւ. «Արեգնազ, աղջիկս, ես քու հայրդ եմ, Ռուբէնը, չե՞ս ճանչնար»։ Անմիջապէս վազեցի եւ հօրս գիրքը նետուեցայ։ Այո, հայրս էր, ճանչցայ զինք։ Բոլոր բժիշկները մեր շուրջը հաւաքուեցան։

Հայրս յայտնեց, որ մայրս գտած էր եւ խոստացաւ մէկ շաբաթէն գալ ու զիս առնել։ Երբ հայրս ուշացաւ, ես փախայ հիւանդանոցէն ու գտայ հայրս, որ տուն փնտռելով զբաղած էր։

Վերջապէս, հօրս քեռիին միջոցաւ տուն մը գտանք ու վարձեցինք։ Հայրս խանութ մըն ալ առաւ եւ սկսանք լաւ ապրիլ։ Երբ լսեցինք, որ հօրեղբօրս երկու աղջիկները Յունաստան որբանոցն են, բերել տուինք Ատանա։ Յետոյ իմացանք, որ Կեսարիա բանտարկուած հօրեղբայրս ալ ողջ է, ան ալ Ատանա բերինք։

Այդ ժամանակ, հայ կամաւորները եկան եւ ըսին. «Կիլիկիան մերն է»։ Շատ ուրախ ժամանակ անցուցինք, բայց այս ուրախութիւնը երկար չտեւեց։ Ֆրանսացիները ըսին, որ Կիլիկիան թուրքերուն պիտի տան եւ իրենք Պէյրութ պիտի երթան։ Թուրքերը եկան եւ մեր տուներուն կրակ տուին, հօրս խանութը կրակի տուին։ Այնտեղ հայրս ռումբ մը պահած էր: Կրակներուն մէջէն այդ դուրս հանելով, ինձ յանձնեց ըսելով, որ փէշիդ մէջ ամուր բռնէ, մէջը թռչուն կայ, ու տար հասցուր մամային:

Հօրս զինամթերքի հետ կապը կու գար Չոմախլուէն: Հայրս, հնչակեան ֆետայի եղած էր։ Մենք լուր չունէինք, կը կարծէինք, որ թրքական զինուոր է, քանի ինչպէս ըսի, զինք ու հօրեղբօրս թուրքերը բանակ տարած էին: Չէինք գիտեր, որ ան բանակէն փախեր է ու միացած ինքնապաշտպանութեան շարժումին…։ Սակայն, երբ ֆետայիներուն նկարները հրատարակուած են թուրքերը եկան եւ մայրս սկսան ծեծել, հարցնելով հօրս մասին։ Մայրս չէր գիտեր հօրս թաքստոցը, բայց Չոմախլուի մէջ մէկը գիտէր հօրս եւ միւս ֆետայիներուն տեղը, գիտէր նաեւ, թէ ուր զէնք պահուած էր։ Զինք ծեծած էին եւ ան ըսած էր տեղերը։

Հայրս ալ միւսներուն հետ կը տանին մորթելու։ Հոն թուրք մը, երբ կը գիտնայ, թէ Գրիգոր Քեհիային տղան է հայրս, կ’ըսէ թէ ինք հաց կերած է Քեհիային տունը եւ կը խոստանայ ազատել։ Կ’առնէ հայրս, թուրքերուն կ’ըսէ թէ ինք պիտի տանի մորթելու, բայց կը տանի հայրս իր տունը, ուր կը մնայ երեք տարի, մինչեւ ֆրանսացիներուն գալը։

Երբ ֆրանսացիները Կիլիկիան յանձնեցին թուրքերուն եւ Լիբանան եկան, մենք ալ եկանք Լիբանան։ Ձմեռ էր, անձրեւ կու գար։ Սկսանք պատշգամներուն տակը պահուըտիլ։ Արաբները մեզ կը հեռացնէին, որովհետեւ վրանիս աղտոտ էր։ չոմախլուցի այր մարդերը գացին եւ Լիբանանի ծովեզերեայ Ճիւնի քաղաքէն, տուներ ու սենեակներ վարձեցին։ Բոլոր չոմախլուցիներս հոն փոխադրուեցանք։ Սկիզբը երկու-երեք ընտանիք մէկ տունի մէջ էինք, յետոյ, երբ ամէն մարդ սկսաւ աշխատիլ, առանցին տուներ վարձեցինք եւ սկսանք ապրիլ։ Հայրս խանութ բացաւ։ Եղբայր մը ունեցայ, անունը Գրիգոր դրինք, բայց մանուկ հասակին ափսոս մեռաւ։

Հայրս այդ օրերուն երբ նեղուած նստած է իր խանութին առջեւ, ծեր մարդ մը կու գայ եւ կ’ըսէ. «Ռուբէն աղա, մի նեղուիր։ Դուն գալ տարի նորէն տղայ մը կ’ունենաս եւ անունը պէտք է Աբրահամ դնես»։ Իրաւ ալ, յաջորդ տարին Աբրահամ եղբայրս ծնաւ, յետոյ՝ Յարութիւնը եւ ամենափոքր եղբօրս անունը դրինք Գրիգոր:

Ես ամուսնացայ չոմախլուցի Յակոբ Էքիզեանին հետ: Ունեցանք երեք աղջիկ եւ երեք մանչ զաւակ։ Հիմա շատ ուրախ կ’ապրիմ. 14 թոռնիկներ ունիմ։

Ձայնագրուած է եւ ապա գրի առնուած, վերապրողին եղբօրորդի՝

Սեւակ (Հաճի)Յակոբեանին կողմէ 1981-ի ամրան

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին