Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Որքա՞ն Կարող Ենք Թիւրքերու Հետ Բարեկամանալ

ՃՐՏԳ. ՀԱՄԲԱՐՁՈՒՄ ԱՂՊԱՇԵԱՆ

Խօսքը կը վերաբերի Հայաստան – Թուրքիա բանակցութիւներուն, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր տեղի կ’ունենան այս երկու անհաւասարակշիռ երկիրներու միջեւ, մեր հայրենիքին եւ մեր թշնամիին միջեւ, յարաբերութիւնները բնականոն վիճակի վերածելու համար:

Թուրքիա մեծ երկիր մըն է, հսկայ բանակի տէր, որուն քիթը մտած է Սուրիոյ մէջ նմանապէս Իրաքի, Լիպիոյ եւ այլուր. ան 85 միլիոն բնակչութեամբ ու ընդարձակ 783,603 քառակուսի քիլոմեթր հողամասով երկիր մըն է եւ հսկայ տնտեսութեան տէր, թէեւ կաղ, սակայն իր գոռոզ նախագահով իր տեղը ապահոված է ՆԱԹՕ-ի երկիրներու մէջ եւ տարածքին մէջ:

Իսկ Հայաստանը հազիւ 3 միլիոն բնակչութեամբ, եւ 29,743 քառակուսի քիլոմեթր հողատարածքով, որ օր օրի կը պակսի Ատրպէյճանի անսահման պահանջքներով, ան իր սահմանափակ եկամուտի աղբիւրներով եւ տկար դիրքով կը տառապի իր վայրագ թուրք դրացիներէն. Հայաստանը ուժեղ դաշնակիցներու կարիք ունի գազանին դէմ կանգնելու համար, սակայն ո՞վ պատրաստ է քաղաքական այդ դերը կատարելու, ինչո՞ւ եւ ի՞նչ շահ ակնկալելով:

Ահաւասիկ անհաւասարակշիռ բանակցութիւններ, որոնք կը ստիպեն տկար կողմը՝ Հայաստանը, շարունակ զիջումներ ընէ եւ Թուրքիան աւելին կը պահանջէ մինչեւ որ հասանք մեր սահմանած ԿԱՐՄԻՐ գիծին, ցեղասպանութեան, որ անկարելի է զիջիլ:

Խօսքը 1915 թ. Հայոց  Ցեղասպանութեան մասին է, որ պատահեցաւ (1915-1923) տարիներու ընթացքին եւ պատճառ դարձաւ մէկ ու կէս միլիոն հայերու ոչնչացման Օսմանեան Կայսրութենէն ներս:

Մեծ թիւով երկիրներ ճանչցած են Հայոց  Ցեղասպանութիւնը եւ դատապարտած են Թուրքիան, անոնց շարքին մեծ պետութիւններ ինչպէս ԱՄՆ, Ռուսաստան, Ֆրանսիա, Գերմանիա, Գանատա, Արժանթին, Հոլանտա, Շուէյցարիա եւ տասնեակ այլ երկիրներ: Նոյնիսկ Թուրքիան Էրտողանի լեզուով ընդունած է հարիւրաւոր հազարներով հայերու ոչնչացումը այդ շրջանին, սակայն  թուրքերը այդ եղածին պատճառը վերագրած են պատերազմին, սովին եւ համաճարակներուն:

Մենք հայերս երբեք փաստերու կարիք չունինք, որովհետեւ 1.5 միլիոն փաստ ունինք, զոհ ունինք:

Երբ ներկայիս աջէն ձախէն ձայներ կը բարձրանան եւ կը պնդեն թէ Ցեղասպանութիւնը անցեալին կը պատկանի, կամ կը մեղմացնեն անոր ազդեցութիւնը եւ անտարբեր կը մնան եղածին հանդէպ, ինչ հոգեկան խանգարումի մէջ պէտք է ըլլան այդպիսի մարդիկ:

Մենք այդ մէկը մեր մորթին վրայ զգացած ենք, ամէն մէկ մամիկ ու պապիկ իր պատմութիւնը ունի, ինչ խիղճով պիտի կարողանայ որեւէ անհատ այդ ողբերգութիւնները ուրանայ եւ անտեսէ, նոյնիսկ եթէ այն քաղաքական շահերու համար ըլլայ : Եւ որո՞ւ սիրոյն համար, որո՞ւ շահին համար, թուրքերո՞ւն, մեր դարաւոր թշնամիին համար:

Թուրքը թուրք է, չէ փոխուած եւ կարելի չէ որ փոխուի: Եթէ քաղաքականութիւնը եւ հարեւան երկիրներ ըլլալը մեզմէ կը պահանջեն, եւ աւելի ճիշդը կը ստիպեն որ այդ թշնամի հարեւանին մօտենալ եւ անոր հետ գործակցիլ, պէտք է լաւ մտածել եւ պատրաստուիլ անոր դէմ  եւ զգուշութեամբ գործակցիլ անոր հետ:

Թիւրքերը մեծամասնութեամբ ցեղապաշտ մարդիկ են։ Որոշ հոգեբաններ ցեղապաշտութիւնը (racism) հոգեկան հիւանդութիւն կը համարեն, որ մտաբուժութիւն, ջղատապաբուժութիւն (psychotherapy) կը պահանջէ :

Թուրքերու մեծ հայրերը, որոնք (Քայի) տոհմէն են (Kayi tribe), եւ (Օղուզ) թուրքմենական ցեղերէն մէկն են, (Oghuz Turks), ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան արմատները իրենց հետ բերած են երբ գաղթած են դէպի արեւմուտք՝ դէպի Անատոլիա 1123 թ. այդ գաղափարները անոնց մտքերուն մէջն էր եւ հոգիներու հետ շաղուած:

Սակայն այդ գաղափարները սաստկացան եւ խրուեցան Օսմանեան կայսրութեան վերջին շրջաններուն, երբ 1860-ական թուականներուն որոշ օսմանցի թուրք մտաւորականներ, օրինակ՝  (Ալի Սուավի)ն, յայտարարեցին, որ թիւրքերը քաղաքական, ռազմական եւ մշակութային առումներով կը գերազանցեն միւս ցեղերուն:

Ալի Սուավի (1839- 1878)

Ալի Սուավի (1839- 1878), Օսմանեան թուրք քաղաքական գործիչ, լրագրող, մանկավարժ, եւ մոլեռանդ թուրք կրօնասէր էր: Ան Օսմանեան ժամանակաշրջանի առաջին Փան-Թուրքիզմներէն (PanTurkism)էր։ Միւսը Զիա Քոյք Ալպըն էր։

Զիա Քոյք Ալպ (1876-1924)

 Զիա Քոյք Ալպը, թրքական ազգայնականութեան ծայրայեղականներէն առաջին մէկն էր, թրքական ազգայնական տեսաբան եւ Օսմանեան ընկերաբան էր (sociologist): Եղած է գրող, բանաստեղծ եւ քաղաքական գործիչ, ինչպէս նաեւ ծայրայեղ Թուրանական շարժման հայրերէն մէկը: Ան նաեւ յայտնի էր որպէս  «Թուրքական ազգայնականութեան հայր» եւ ընդուած էր «Փանթուրքիզմ» գաղափարը: 1919 թ. ան իր մէկ յօդուածով յայտարարած է, թէ թուրքերը արտասովոր մարդիկ են եւ կոչ ըրած է թուրքացնել Օսմանեան կայսրութիւնը՝ թրքերէն լեզուն եւ մշակոյթը պարտադրելով Օսմանեան կայսրութեան բոլոր քաղաքացիներուն։ Զիա Քոյք Ալպ կը համարուի Հայոց Ցեղասպանութեան պատճառ դարձած գաղափարական ուժի բանալին, որուն նպատակն էր բնաջնջել հայ ազգը եւ այդ պատճառով 1919 թ. ձերբակալուած է անգլիացիներուն կողմէ եւ դատապարտուած է Հայոց  Ցեղասպանութեան մեղադրանքով ու աքսորուած Մալթա կղզի: Վերադարձած է Պոլիս, իսկ 1923 թ. Աթաթուրքին կողմէ ընտրուած է որպէս Տիարպէքիրի Ազգային մեծ խորհուրդի ներկայացուցիչ։ Մահացած է 1924 թուականին Պոլիսի մէջ։

Թալէաթը, Էնվէրը եւ Ճամալը յագեցած են անոր գաղափարներով, իսկ Քեմալ

Աթաթուրքը ընդունած է Գյոք Ալփի եւ Օսմանեան թուրք այլ ազգայնական մտածումներու ծայրայեղ գաղափարները, խորացած է անոնց մէջ, զարգացուցած եւ ներդրած է 1923 թ. Հոկտեմբերի 29-ին հռչակած ժամանակակից Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ: Ըստ Աթաթուրքին՝ Թուրքիոյ մէջ ազգային փոքրամասնութիւններ չկան, բոլորը թուրք են։ Քիւրտերուն (լեռնային թուրքեր) դասաւորած է, իսկ հայերը ու յոյները քրիստոնեայ թուրքեր։ Ասոնցմէ պակաս չեն գործող նախագահը եւ կառավարութեան անդամները, որոնց հետ բանակցութիւններ կ’ընթանան։ Թուրքիոյ մէջ սերունդէ սերունդ կը կրեն ազգայնական ծայրայեղ գաղափարները, շատ քիչ բացառութեամբ.

Այդպէսով, Թուրքիան իր հասարակութեան մէջ եւ պատմութեան ընթացքին  ունեցած է այլատհաճութիւն եւ խտրականութիւն, ներառեալ էթնիկ խտրականութիւնը, կրօնական խտրականութիւնը եւ օրինական ցեղապաշտութիւն փոքրամասնութիւններու նկատմամբ, մասնաւորապէս՝ հայերու, յոյներու, ասորիներու, արաբներու, հրեաներու հանդէպ, ինչպէս նաեւ քիւրտերու եւ շրջագայող խմբերու։

Ըստ «Զաման» օրաթերթի յայտնի յօդուածագիր Եավուզ Բայտարի 2009 թուականի յօդուածին, Թուրքիոյ մէջ կ’աճին ցեղապաշտութեան եւ ատելութեան խօսքերը, յատկապէս հայերու եւ հրեաներու դէմ:

Հրանտ Տինք հիմնադրամի կողմէ 2014 թ. այս հրատարակութեան համաձայն թուրքական լրատուական միջոցներու մէջ թիրախային խումբերու նկատմամբ ատելութեան խօսքի դէպքերը` հայերուն կը վերաբերի: (Առ հարիւր, Հայերը 75, հրեաները 66, քրիստոնեաները 45, Թուրքիոյ յոյները 21, քիւրտերը 10 առ հարիւր,) եւ այդպէսով կը շարունակուի մինչեւ վերջ Շիա իսլամները 1 ըլլալով:

Վերջերս Պոլսոյ Սահակ Բ. Պատրիարքը բաւական խստաոճ յայտարարութեամբ հանդէս եկած  եւ պախարակած  է Պոլու շրջանի քաղաքապետ Թանճու Էօզճանի մասին, որ գրառում մը կատարած  է Ապրիլ 5, 2025-ին եւ վիրաւորանքներ արձակած էր հայութեան հասցէին։ Ի միջի այլոց ան ըսած է. (Վերջերս հասարակութեան ուշադրութեան արժանացած՝ Պոլուի քաղաքապետ Թանճու Էօզճանին կողմէ հայկական ինքնութիւնը թիրախաւորող ատելութեան խօսքերը, մեր հասարակաց անցեալն ու միասին ապրելու կամքը կը թիրախաւորեն: Այսպիսի խօսքերը ո՛չ երէկ, ո՛չ այսօր եղբայրութեան, միութեան եւ ընկերային խաղաղութեան ծառայած են։ Այս առիթով իշխանութիւնները եւ հանրութիւնը կը հրաւիրենք աւելի պատասխանատու լեզուով մը խօսելու…)։

Եւ տակաւին ատելութիւնը կը շարունակուի հայերու դէմ:

Վերոյիշեալը էջ մըն է, որ ցոյց կու տայ թուրքերու ատելութիւն սփռող հոգեբանութիւնը հայերու դէմ, պարզապէս համեստ ուսումնասիրութին մը մեր միտքերը թարմացնելու համար, երբ անոնց հետ կը բանակցինք։

Լոս Անճելըս

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին