Հինգշաբթի, 22. 05. 2025

spot_img

Հայ Ժողովուրդի Վերապրումը

Մի քանի զոյգ հայ որբերու հարսանիքը Սուրիոյ մէջ

(1920 – 1921 թուականներ) Աղբիւր՝ “Old Armenia” ֆէյսպուքեան էջ

Սոյն նկարը մեր ուշադրութեանը յանձնեց, մեր թերթին բարեկամուհի Ռուբինա Օհանեանը, առ ի հրատարակութիւն մեր այս թիւին մէջ, յոյս յայտնելով, որ կը կարողանանք ճշդել անոր ճշգրիտ վայրը:

Դիմելով նախկին Դամասկոսահայ մեր սիրելի ընկեր Տոքթ. Ճորճ Բարսեղեանին, իրմէ ստացանք հետեւեալ ամենահաւանական տարբերակը, որ կարելի է աւելի մանրամասն ստուգել անշուշտ:

Ըստ Տոքթ. Բարսեղեանին ետեւի բուրգ/գմբէթանման կառոյցները կը յուշեն Դամասկոսի «Համիտիէ»ին մօտ, այժմու «Ալ Սաուրա» կամուրջին կողքին գտնուող վայրը, որուն մասին կ՛ըսուի թէ  ժամանակին որբանոց եղած է:

Մեր ընկերը կը շեշտէ, որ սխալականութեան վարկածը ի մտի ունենալով, նմանութիւնը շատ մեծ է: Սոյն արբանեակային նկարները նոր են: Հետեւաբար պէտք է անոնց նայիլ պատկերացնելով, որ 1920ականներուն կողքի այսօրեայ շինութիւնները չկային:

Խմբ.

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին