Շաբաթ, 15. 03. 2025

spot_img

Հայկական Միջազգային Կազմակերպութիւններու Հայ Մարդասէր Ռուբէն Վարդանեանի Նկատմամբ Ազրպէյճանի Քաղաքական Հետապնդումը Դադրեցնելու Կոչը

Կոչ Միջազգային Հանրութեան

Որպէս համաշխարհային սփիւռքահայ կազմակերպութիւններ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող Ոչ-Կառավարական Կազմակերպութիւններ, ստորագրեալներս այսու կոչ կ’ուղղենք ձեզի անմիջական միջոցառումներու ձեռնարկել, դադրեցնելու համար Ազրպէյճանի քաղաքական հետապնդումը համաշխարհային ճանաչումի եւ յարգանքի արժանացած բարեսէր Ռուբէն Վարդանեանի նկատմամբ:

Այսօր 18 ամիսներէ ի վեր ամենավատ պայմաններու տակ արգելափակուած Պրն. Ռուբէն Վարդանեան, որ 2020-ի պատերազմին եւ անոր յաջորդող շրջանին Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան կողքին կանգնած ըլլալուն համար Ազրպէյճանի դէմ ոճրային արարք կատարած ըլլալու յանցանքով կը դատապարտուի, վերջերս հացադուլի դիմեց: Իր նպատակն է բարձրաձայնել Միջազգային անմիջական միջամտութեան անհրաժեշտութիւնը, դադրեցնելու համար իր նկատմամբ արդար դատավարութեան  միջազգայնօրէն ընդունուած մարդու տարրական իրաւունքի զլացումը:

Իր ընտանիքին հետ Պաքուի բանտէն կատարուած հեռաձայնային կարճ խօսակցութեան մը ընթացքին, 19 Փետրուար 2025-ին, Պրն. Վարդանեան նշած էր Ազրպէյճանի կողմէ ի գործ դրուող միջազգային չափանիշերով օրինական գործընթացի բացայայտ զանցառումները: Ան մատնանշած էր արդարադատութեան գործընթացի լուրջ օրինազանցութիւնները որոնցմով արատաւորուած էր իր դատավարութիւնը, ինչ որ կը հաստատէր թէ իր նկատմամբ հետապնդումը մէկ մասն էր աւելի լայն ծրագրի մը, որուն նպատակն է ոճրականացնել բոլոր այն հայերը որոնք զօրակցութիւն ցուցաբերած էին Լեռնային Ղարաբաղի (Արցախ) հայութեան:

Պրն. Վարդանեան նկարագրած էր արգելափակման տակ իր նկատմամբ ցուցաբերուած վատ վերաբերումը, թէ ինչպէս պարտադրած էին իրեն ստորագրել դատին վերաբերեալ կեղծուած փաստաթուղթեր, նաեւ զլացուած էր պաշտպանութեան համար պատրաստուելու իր իրաւունքը՝ նշելու համար միայն մի քանին այն միջոցառումներէն, որոնք Ազրպէյճան ի գործ կը դնէր անտեսելու համար իր մարդու իրաւունքը, իր դատապարտումը կատարուած իրողութեան վերածելու միտումով:

Ցաւալի է, որ հայ արգելափակեալներու նկատմամբ մարդու իրաունքներու լայնածաւալ խախտումներուն մասին Պրն. Վարդանեանին կողմէ ատենին միջազգային կազմակերպութիւններու եւ լրատուական միջոցներու ուղղուած կոչերը անպատասխան մնացած էին, աւելի ծանր հետեւանքներու յանգելով: Իր ներկայ հացադուլը ոչ միայն բողոք մըն է, այլեւ լրջագոյն զգուշացում մը՝ թէ շարունակուող լռութիւնը եւ յանձնառութեան բացակայութիւնը աելի եւս պիտի վատթարացնէ Ազրպէյճանի կողմէ անօրինաբար պահուող հայ ռազմագերիներու կացութիւնը:

Մենք կոչ կ’ուղղենք ձեզի վճռական կեցուածք որդեգրելու Ալիյէւի վարչակարգին դէմ, պաշտպանելու համար արդարութիւնը, մարդկային արժանապատուութիւնը եւ օրէնքի գերակայութիւնը, քանի դեռ ուշ չէ: Մեր ակնկալութիւնն է որ դուք պահանջէք՝

•           Արդարութիւն հայ քաղաքական բանտարկեալներու եւ ռազմագրիներու նկատմամբ, որոնք ապօրինաբար արգելափակուած են Ազրպէյճանի կողմէ

•           Անմիջական եւ ամբողջական իրաւաքննութիւն Ռուբէն Վարդանեանին նկատմամբ ի գործ դրուող վատ վերաբերումին եւ արդար դատավարութեան իր մարդու իրաւունքի զլացման օրինազանցութեան շուրջ

•           Ապահովում դատական գործընթացի թափանցիկութեան եւ հաշուետուութեան՝ կարելի դարձնելով միջազգային դիտորդներու եւ օրինական ներկայացուցիչներու մասնակցութիւնը

•           Անյապաղ նախաձեռնութիւն՝ պարտադրելու համար Ազրպէյճանին, որ յարգէ իր միջազգային պարտաւորութիւնները, դադրեցնելով հայ քաղաքացիներու նկատմամբ քաղաքականօրէն միտուած հալածանքը

Յուսով ենք, որ ազդու միջոցռումներու կը ձեռնարկէք, այս անյետաձգելի խնդրին նկատմամբ: Մեծապէս կը գնահատենք եթէ այդ առնչութեամբ հաղորդակցութեան մէջ մնաք մեր հետ:

Յարգանօք՝

Թէքէեան Մշակութային Միութեան Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կեդրոնական Վարչութիւն

Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն

«Աֆեյեան» հիմնադրամ

«ԱՐԲԱՆԷ համահայկական ծրագրեր» հիմնադրամ

«Աւրորա մարդասիրական նախաձեռնութիւն» հիմնադրամ

«Ազնաւուր» հիմնադրամ

Հ. Յովնանեան ընտանեկան հիմնադրամ

«Օրրան»

«Դասաւանդի՛ր, Հայաստան»

Հայկական իրաւական պաշտպանութեան ճակատ

«Թուֆենկեան» հիմնադրամ

«Մենք ենք մեր սարերը» գործակալութիւն

Հայաստանի գիտութեան եւ տեխնոլոգիաների հիմնադրամ (FAST) ViVA.

Doctors and Volunteers for Armenia Society for Threatened Peoples

Հայ օգնութեան միութիւն

Traveling Doctors NGO in Armenia

Traveling Doctors Public Charity US

Artsakh Humanitarian Assistance Initiative

Գերմանահայոց կեդրոնական խորհուրդ (ZAD)

Working Group Recognition – Against Genocide, for International Understanding (AGA) «Տաշիր» հիմնադրամ

«Ակն ընդ ական» վաւերագրողների համայնք

«ՓՄՁ համագործակցութեան ասոցիացիայ» ՀԿ

Իրաւունքի եւ արդարութեան կենտրոն

«Թաթոյեան հիմնադրամ»

Արցախի սոցիալական զարգացման հիմնադրամ

Քերոլայն Քօքսի անուան վերականգնողական կենտրոն

«Արար» հիմնադրամ

«Առաքելութիւն Հայաստան» ՀԿ

«Վիզուալ Հայաստան» զարգացման հիմնադրամ

«Այբ» կրթական հիմնադրամ

«Մենք ենք մեր սարերը» հիմնադրամ

Հարվարդի շրջանաւարտների հայաստանեան ակումբ

Հայ օգնութեան ֆոնտ

Կրթութիւն Հայաստանի Համար

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին