Ինչպէս նախապէս «Խմբագրական Ազդ»-ով մը ծանուցած էինք, թէ օգտուելով արհեստագիտութեան նորագոյն պայմաններէն, խմբագրութիւնս ԶԱՐԹՕՆՔ-ի Կայքէջը օժտած է ՌԱԿ-ի եւ ԹՄՄ-ի Ելեկտրոնային Գրադարանի Բաժնով:
Այսու կու գանք ուրախութեամբ յայտարարելու, որ մեր կայքէջին նշեալ բաժինը իր ենթամասերով հանդերձ արդէն իսկ սկսած է լիարժէք գործել:
Փափաքողներուն համար այստեղ կը տրամադրենք մեր կայքէջին վրայ դէպի նշեալ Ելեկտրոնային Գրադարանը հասնելու յղումը, ուր (աջին տեղադրուած հատուածով) ըստ նախասիրութեան կարելի է ընտրել ընթերցողին նախընտրած մասնաբաժինը:
ԶԱՐԹՕՆՔ-ի կայքի Ելեկտրոնային Գրադարանի մասնաբաժիններն են
- Գիրքեր
- Ռամկավար և գաղափարակից մամուլի արխիւ
- Տեսալսողական արխիւ
- Արխիւային լուսանկարներու ալպոմ
- Արխիւային այլ նիւթեր
Սեղմելով համապատասխան բաժինը ընթերցողը այնտեղ պիտի գտնէ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան եւ Թէքէեան Մշակութային Միութեան շարքերուն պատկանող, նշեալ կառոյցներուն համակիր, թէ բարեկամ՝ անցեալի եւ ներկայի բազմաթիւ երախտաւոր գրողներու եւ մտաւորականներու հեղինակած, խմբագրած, կամ հրատարակած գիրքերը, ուսումնասիրութիւնները եւ գաղափարախօսական նիւթեր ու խոհեր:
Յաւակնութիւնը բնաւ չունինք ելեկտրոնային ամբողջական գրադարան մը ստեղծած ըլլալու: Մեր ծրագիրը տակաւին ունի բացթողումներ, որոնց վրայ կ՛աշխատինք տակաւին, մինչ տուեալ մասնաբաժինները ամէնօրեայ դրութեամբ կը թարմացուին եւ այնտեղ տեղադրուած նոր նիւթին մասին ամենօրեայ ծանուցագիրներով կը տեղեկացուին մեր սիրելի ընթերցողները:
Հպարտ ենք նշելու, որ առ այսօր մեր նախաձեռնութիւնը բաւականին դրական արձագանգ գտած է ամեն շրջանակներու մէջ եւ մենք ամէն օր այս մասին կը ստանանք ազնիւ նամակներ ինչպէս նաեւ անկեղծ եւ կառուցողական առաջարկներ, ինչպէս նաեւ համապատասխան նիւթեր, որոնց համար անհունօրէն շնորհակալ ենք:
Այս առիթով անգամ մը եւս, գրասէր եւ ընթերցասէր հայորդիներէն, ինչպէս նաեւ մեր գրող ընկերներէն ու բարեկամներէն պիտի խնդրենք մեզի հետ կիսուիլ, իրենց տրամադրութեան տակ գտնուող առնչակից գիրքի մը կամ նիւթի մը ելեկտրոնային տարբերակը, զայն ուղարկելով մեր հասցէին՝ zartonkadl@gmail.com , առ ի աւելի եւս հարստացում մեր կեդրոնացուած ելեկտրոնային գրադարանին:
Դարձեալ նշենք, որ մեր կայքի նշեալ բաժինին՝ ինչպէս միւս բոլոր բաժիններուն մուտքը անվճար է եւ բաց բոլորին համար:
Խմբ.