Կիրակի, 16. 03. 2025

spot_img

Հազուագիւտ Հրատարակութիւններ Ազգային Հաստատութիւններու Նուիրաբերելու Ազնիւ Քայլ

Շնորհակալ Նախաձեռնութիւն

Իր կողմէ ազնիւ նախաձեռնութեամբ մը, «Զարթօնք»-ի նախկին աշխատակից, երկարամեայ ազգային-հասարակական գործիչ ընկ. Յովիկ Էօրտէքեան, իր մօտ գտնուող «Զարթօնք» օրաթերթի տարբեր տարիներու բացառիկ համարները, մեզի նախապէս տեղեկացնելով, երէկ սիրով նուիրած է ՀՀ Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի հիմնարար գրադարանին:

Այս մասին իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ յայտարարած է նաեւ ՀՀ ԳԱԱ տնօրէնութիւնը:

Իսկապէս շնորհակալ նախաձեռնութիւն մը ազնիւ հայորդիի մը կողմէ, հնարաւորինս փրկել ջանալու ազգային մեր ժառանգութիւնները, ապագայ սերունդներուն որպէս աւանդ թողնելով զանոնք նշեալ հաստատութեան ապահով յարկին տակ:

Այս առիթով պարտք կը զգանք նաեւ շնորհակալութիւն յայտնելու Հայաստանի տարածքին գտնուող Ազգային եւ հիմնարար գրադարաններուն, որոնք յատուկ հոգածութեամբ եւ գուրգուրանքով կը պահեն ու կը պահպանեն սփիւռքահայ մամուլի ֆիզիքական օրինակները, հնարաւորինս թուայնացնելով նաեւ զանոնք:

Յիշեցնենք, որ Յովիկ Էօրտէքեան կը հանդիսանայ նաեւ այն իրաւ հայրենասէրներէն, որ ընտանեօք հանդերձ տարիներ առաջ հայրենադարձուած է, անձնական օրինակով հայրենասիրութեան իրաւ տեսակը ցուցաբերելով:

Աւարտին կ՛ուզենք յուշել մօտիկ ու հեռաւոր մեր սիրելի հայրենակիցներուն, իրենց մօտ գտնուող ազգային արժէքները, ըլլան անոնք հրատարակութիւններ, թէ այլ նիւթեր, նուիրաբերել ՀՀ համապատասխան հաստատութիւններուն, ապահով ապաստան շնորհելու անոնց, հեռու Լոս Անճելըսի հրդեհներէն ու Մերձաւոր արեւելքի քաոսային վիճակի պատճառած կամ պատճառելիք կորուստներէն:

Կը մնայ մեր կողմէն ալ յայտարարել թէ, ԶԱՐԹՕՆՔ-ի խմբագրութիւնս պատրաստ է, փոխադրութեան եւ գործնական այլ օժանդակութիւն մատուցելով, օգտակար հանդիսանալու նման օգտաշատ նուիրաբերում ձեռնարկող բոլոր հայորդիներուն եւ ոչ միայն:

Խմբ.

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին