Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

Իմ Չալոյին Թունաւորեցին

Գիւղի մեր տարածքները ամենայն նուիրումով գիշեր ցերեկ հսկող, մեր շուներու լաւագոյններէն մին հանդիսացող՝ Չալոյին թունաւորեցին: Մեր սիրելի ու հաւատարիմ շունը երէկ առաւօտեան մեռած գտանք պառկած իր բոյնին կողքին:

Գիշեր մը առաջ առոյգ եւ կայտառ Չալոյին սառած մարմնին բեռնին մէջ առաւօտեան, ուժեղ թունաւորումի նշանները ակնյայտ էին:

Զինք սիրողներուն թաթով բարեւող ու անոնց հանդէպ այնքան բարի ու ընկերային,  իսկ չարամիտներուն դողացնող, ընդամէնը չորս տարեկան մեր Չալոն չկայ այլեւս:

Ես չեմ գիտեր այս անմարդկային արարքը ընողին որ տեղը զովացաւ, սակայն կ՛ուզեմ ըսել, որ եթէ գողութեան մը նախապատրաստութեան համար էր այս բանը, ապա կարող էր գողնալիքը բացայայտ ուզել ինձմէ եւ սիրով կու տայի: Իսկ եթէ ինձ ցաւեցնելու համար կատարուած արարք է, ապա կ՛ըսեմ, որ Չալոն զոհուեցաւ պարզապէս իմ սիրելի շունը ըլլալուն «մեղքով»:

Առանց ընդհանրացնելու, սակայն գիտեմ որ անբուժելի հիւանդ ժողովուրդ ենք եւ ի զուր չէ այն արհաւիրքը, որ ազգովին կը դիմագրաւենք այսօր ամէն մակարդակի վրայ:

Որքա՜ն իրաւացի է Մահաթմա Կանտին, երբ ըսէր է. «ազգի մը մեծութիւնը եւ անոր բարոյական առաջընթացը կարելի է դատել այն բանէն, թէ անոր զաւակները ինչպէ՞ս կը վերաբերին կենդանիներուն հետ»։

Ս.Յ.

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին