Տոքթ. Պետրոս Գարաճրճեանի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Կիրակի 12 Յունուար 2025-ի առաւօտեան, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, Անթիլիաս, յաւարտ Ս. Պատարագի:
Նշենք, որ Կիրակի 24 Նոյեմբեր 2024-ին իր մահկանացուն կնքած, վաստակաշատ Տոքթ. Գարաճրճեանին մահը գուժած էր Լիբանանահայ Բժշկական Միութեան Վարչութիւնը: