Չորեքշաբթի, 09. 10. 2024

spot_img

Վայ Այն Ազգին, որ Կ՛ուտէ Իր Չցանածը

Փուշքինոն Հայաստանի Լոռի մարզի Գյուլագարակ համայնքին մէջ գտնուող գիւղ մըն է: Կը գտնուի Ստեփանաւան քաղաքէն 4 քլմ. հարաւ-արեւելք, Վանաձորէն 15 քլմ. հիւսիս-արեւմուտք, Ձորագետի աջակողմեան Գարգառ վտակի ափին:

Փուշքինոն կը գտնուի ծովու մակերեսէն 1450 մեթր բարձրութեան վրայ եւ ունի ընդամէնը 339 գրանցուած բնակիչ:

Բնակչութեան մեծամասնութիւնը կ՛ապրի երկու փողոցներու երկու կողմերուն վրայ գտնուող տուներու մէջ: Իւրաքանչիւր տնամերձ շուրջ 2000 մեթր մշակելի տարածութիւն ունի: Հայաստանի անկախացումով, իւրաքանչիւր գիւղացիին բացի տնամերձէ,  շնորհուած է նաեւ հեկտարներով վարելահողեր եւ խոտհարքներ:

Այս նկարը նշեալ գիւղին մէկ փողոցին մէջ առնուած է վերջերս, ուր շրջուն վաճառորդ մը ամէն օր կու գայ բանջարեղէն եւ միրգ վաճառելու գիւղացիներուն: Մինչ գիւղացի կանայք, որոնցմէ իւրաքանչիւրին տան այգին եթէ ինքն ու իր ընտանիքը ցանկանան մշակել, կրնայ ամբողջ տարուան ընթացքին կերակրել ամբողջ գիւղին բնակչութեանը:

Ահաւասիկ իրավիճակ մը, որ կ՛ամփոփէ մեր ազգին գիւղաբնակ հատուածին ամբողջ ողբերգութիւնը, որ բնականաբար միայն Փուշքինոյին չի վերաբերիր: Եթէ նման պատկեր քաղաքի մը մէջ տրամաբանական է, ապա անհաւատալի եւ անընդունելի է գիւղի մը պարագային:

Այս վիճակը նկարած պահուս, յիշեցի Լիբանանցի մեծ փիլիսոփայ, Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի նշանաւոր խօսքերը, իր «Մարգարէին Պարտէզը» գիրքին մէջ:

Նշեմ, որ Ժըպրան հետեւեալ տողերը գրած է շուրջ դար մը առաջ՝ 1931-ին: Թարգմանաբար ձեր հետ կը կիսուիմ անկէ հատուածներ: Ափսոս որ որքա՜ն այժմէական են անոնք, որքա՜ն մեզի ալ կը վերաբերին եւ… որքա՜ն ցաւոտ են.

«Վայ այն ազգին, որ լի է կրօններով եւ դատարկ է հաւատքով:

Վայ այն ազգին, որ կը հագնի, այն ինչը, որ ինք չի հիւսեր, եւ կ՛ուտէ այն ինչը, որ ինք չի ցաներ:

Վայ այն ազգին, որ կռուարարին հերոս կը համարէ, եւ զինք նուաճողին՝ յարգանքներ կը մատուցէ:

Վայ այն ազգին, որ իր ձայնը խնայելով զայն չի բարձրացներ երբ պէտք է, կ՛որոշէ քալել միայն յուղարկաւորութեան մը ժամանակ, չի պարծենար բացի իր աւերակներով, եւ կ՛ապստամբի միայն այն պահուն երբ իր վիզը թուրին կամ ժայռին տակ դրուած է արդէն:

Վայ այն ազգին, որուն պետական գործիչը աղուէս է, որուն փիլիսոփան ձեռնածու է, եւ որ նմանակուիլը արուեստ կը համարէ:

Վայ այն ազգին, որ շեփորով կ՛ընդունի իր նոր տիրակալին, եւ բղաւելով հրաժեշտ կու տայ անոր, շեփորներով դարձեալ դիմաւորելու համար իր մէկ այլ տիրակալը:

Վայ այն ազգին, որուն իմաստունները համր են եւ որոնց հերոսները տակաւին օրօրոցին մէջ կը գտնուին։

Վայ բեկորներու բաժանուած այն ազգին, որուն իւրաքանչիւր հատուածը ինքզինք ազգ կը համարէ»:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին