Well-Tempered Armenia
Հայրենիքը Ներսէն Դիտած
«Ոդիսական» 8
Հայաստան, Մեր Օրեր
ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Այսօրուայ բուն նիւթիս չանցած, նախ յիշեցնեմ, որ սոյն պարբերական շարքը կը նպատակադրէ մեր Հայրենիքին մէջ առկայ առօրեայ կարգ մը յոռի երեւոյթներուն յականէ անուանէ մատնանշումը:
Քաղաքավարութեան սահմաններուն մէջ, խօսքի ազատութեան եւ ազատ կարծիքի վրայ հիմնուած սոյն երգիծական ոճով սիւնակին մէջ տեղ գտնող նիւթերը, երբեմն անձնական վկայութեան վրայ հիմնուած թեմաներ են: Ան նաեւ համեստ փորձ մըն է դրական որոշ փոփոխութիւն մտցնելու, գոյութիւն ունեցող ոչ անպայմանօրէն գովելի մշակոյթի մը մէջ, կողքէն դիտողի անաչառ ու մտահոգ մօտեցումով:
Հաւատալով, որ հասարակութեան մը դէպի աւելի լաւը փոփոխութեան նախապայմաններէն է քարացած մտայնութեան փոփոխութիւնը ինչպէս նաեւ կարգ մը բարդոյթներէ ձերբազատւում, կը հրապարակենք շարքին ութերորդը, որ վերի վերնագրին տակ պարբերաբար պիտի պարփակէ 4 դրուագներ:
***
Իմ սերնդակիցներէս կամ մեզ նախորդող սերունդներէն ո՞վ չի յիշեր «կարմիր մարլպորօ»ի, ճինզ տաբատի, կամ ընդհանրապէս ամերիկան ու արեւմուտքը յատկանշող ոեւէ ապրանքի հրաշագործութիւնը Խորհրդային Հայաստանի մէջ: Անցան այդ օրերը, սակայն ըստ երեւոյթին տուեալ բարդոյթէն շատ բան փոխուած չէ այսօր: Ան ստացած է տարբեր դրսեւորումներ, ընդ որում արեւմտեան կամ ամերիկեան անուանումները, որ սակայն երանի ճիշդ կերպով օգտագործուած ըլլային, այլ ոչ թէ «անգլերէն. ամէն գնով» տրամաբանութեամբ:
Դրուագ Ա.
Վերջերս հանդիպեցայ Հայաստանի մէջ բաւական շատ գովազդուած հետեւեալին.«Defanse Housing Բազմաֆունկցիոնալ, պրեմիում դասի նորակառոյց թաղամաս»…: Առաջին ակնարկով ուշադրութիւնս գրաւեց անոր անունը, որ ենթադրաբար եւ տրամաբանականօրէն պաշտպանութիւն պիտի նշանակէր եթէ ճիշդ ուղղագրութեամբ գրուէր:
Անմիջապէս գրեցի խնդրոյ առարկայ ընկերութեան պատկան կողմին, հարց տալով, որ իրենց ընկերութեան համար ընտրուած անունը ի՞նչ կը նշանակէ: Պատասխանը չուշացաւ. «Defanse» անուանումը նպատակ ունի արտայայտել ժամանակակից քաղաքի ոճը, գործարար միջավայրի և բնակելի թաղամասի համադրութիւնը մէկ վայրում, ինչպէս Փարիզի «La Défense» թաղամասի մօտելը՝ անփոփոխ պահելով հին քաղաքի ճարտարապետութիւնը, ստեղծելով ժամանակակից պահանջներին համապատասխանող նոր միջավայր։ Սքանչելի… սակայն կարելի չէ՞ր նման համալիրի մը տալ հայկական անուն կամ նուազագոյնին մէջ անոր անունը ճիշդ գրել, որովհետեւ պաշտպանութիւն բառը, ո՛չ անգլերէնի եւ ո՛չ ալ իրենց մտայղացումին պատճառ հանդիսացած Փարիզի թաղամասին համար օգտագործուած ֆրանսերէնին մէջ այդպէս կը գրուի..: Ի դէպ եւ առ ի գիտութիւն, նշեալ La Défense մայրաքաղաքային ոստանը Ֆրանսայի մէջ կառուցուած խոշոր գործարար շրջան է, որ կը գտնուի Փարիզի տարածքին մէջ։ La Défense-ը այնտեղ անուանուած է ի պատիւ Լուի-Էռնեստ Պարիասի La Défense de Paris արձանին (կը գտնուի թաղամասին մերձակայքին), որ կանգնեցուած է 1883 թուականին՝ ի յիշատակ ֆրանս-փրուսիական պատերազմի ժամանակ Փարիզը պաշտպանած զինուորներուն:
Մինչ ֆրանսայի մէջ թաղամասը կ՛անուանուի ազգային-գաղափարական հիմքերով, մեր մօտ պարզապէս կ՛ընդօրինակուի անպայման սակայն անգլերէնով, ան ալ սխալ գրուած:
Պիտի անպայման կապկե՞նք. գոնէ ճիշդ կերպով գրենք…: Իսկ ինչ կը վերաբերի նշեալ հաստատութեան գովազդին մէջ տեղ գտած ընկերութեան գործարքը յուշող բազմաֆունկցիոնալ եւ պրեմիում բառերը քննադատելուն (որոնք այս պարագային անգլերէն ալ չեն), ապա այդ՝ այս պահուն, պիտի սեպեմ չափազանց բծախնդրութիւն…:
Այս դրուագը աւարտելու համար նշեմ, որ վերոյիշեալ բարդոյթէն յառաջացած նման անուանում մը, որ կ՛ենթադրեմ թէ ընկերութիւնը ընտրած է զուտ շուկայական (marketing) նկատառումներով, իմ եւ իմ նմաններուն մօտ ճիշդ հակառակ նպատակին կը ծառայէ, քանի որ բնաւ պիտի չուզէի սխալ ուղղագրութեամբ գրուած՝ Defanse անուանումով թաղամասի մը մէջ բնակարան կամ այլ տարածք ունենալ:
Շարունակելի յաջորդիւ