Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Հոգեշարժողական Կրթութեան Կարեւորութիւնը Երեխաներու Համար

ՆԱԹԱԼԻ ԱՒԵՍԵԱՆ

Հոգեշարժողական Կրթութեան մասնագէտ

Վերջին տարիներուն նկատելի է զարգացման յապաղմամբ կամ ուսումնական յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաներու թիւի աճը։ Այս աճը նաեւ կարելի է դիտարկել ծնողներու եւ ընդհանրապէս հաւաքականութեան նմանօրինակ վիճակի նկատմամբ աւելի եւս գիտակցութեամբ եւ ընկալումով, որուն պատճառով նմանօրինակ երեխաներուն  ախտաճանաչումը եւ համապատասխան միջոցառումներու ձեռնարկումը համեմատաբար աւելի կանուխ տարիքին կը պատահի, անշուշտ՝ ի նպաստ տուեալ երեխային:
Այսօր շատ երեխաներ ունին դժուարութիւններ՝ որոնք կրնան ազդել իրենց կրթութեան եւ զարգացման ընթացքին վրայ։ Այս իրավիճակը կը պահանջէ յատուկ ուշադրութիւն ճիշդ լուծման, ինչպէս նաեւ ճիշդ միջոցը գտնելու իրենց աջակցութիւն եւ օգնութիւն ցուցաբերելու համար։


Հոգեշարժողական կրթութիւնը (Psychomotor therapy) առաջնային եւ կարեւոր է տուեալ երեխաներուն համար։ Ան ոչ միայն կ̕օգնէ իրենց զարգացման, այլ կը նպաստէ դպրոցի մէջ իրենց ուսումնառութեան հեզասահ ընթացքին: Հոգեշարժողական կրթութիւնը՝ համապարփակ մօտեցում է, որ կը կեդրոնանայ երեխաներուն հոգեկան, շարժողական եւ ընկերային զարգացման վրայ։ Այդպիսի կրթութիւնը կը ներառէ մեթոտներ եւ միջոցներ՝ որոնք հնարաւորութիւնը կու տան երեխաներուն զարգանալ  բոլոր ուղղութիւններով։

Այսօր ուղղախօսութեան կրթութիւնը մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ, բայց ան բաւարար չէ։ Շատ յաճախ՝ ծնողները եւ մանկավարժները կը կեդրոնանան միայն խօսքի զարգացման՝ մոռնալով, որ հոգեշարժողական զարգացումը նոյնպէս չափազանց կարեւոր է։ Հոգեշարժողական կրթութիւնը ոչ միայն կը լրացնէ ուղղախօսութեան կրթութեան արդիւնքները՝ այլ կ̕օգնէ երեխաներուն ձեռք բերել աւելի մեծ ինքնուրոյնութիւն եւ հմտութիւններ։

Հոգեշարժողական կրթութիւնը համապարփակ մօտեցում մըն է, որ կը նպաստէ երեխաներուն հոգեկան եւ ֆիզիքական զարգացումին շարժման միջոցաւ։ Այս կրթութիւնը կը ներառէ երեք հիմնական ոլորտներ՝ մեծ շարժումներ, մանր շարժումներ եւ գրելու ու մտային կարողութիւններ։ Մեծ շարժումները կը վերաբերին մարմնի լայն ու մեծ մասերու շարժումին՝ ինչպէս վազքը, ցատկելը եւ բարձրանալը։ Մանր շարժումները ընդհակառակը՝ կը պահանջեն աւելի ճշգրիտ ու մանրամասն շարժումներ՝ ինչպէս մատներով գործելը եւ փոքր առարկաներ բռնելը։ Գրելու հմտութիւնները կը ներառեն ձեռքով գրել, գծել եւ այլ մանր շարժումներու հմտութիւններ։ Մտային կարողութիւնները կը վերաբերին ուշադրութեան, յիշողութեան եւ խնդիրներու լուծման կարողութիւններուն։ Հոգեշարժողական կրթութիւնը կ̕օգտագործէ այս ոլորտներուն յատուկ բոլոր միջոցները, յօգուտ՝ յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաներու ընդհանուր զարգացման եւ բարելաւման։

Հոգեշարժողական կրթութեան միջոցով երեխաները կրնան յաղթահարել շարժողական խնդիրները, զարգացնել հոգեկան ինքնատիրապետումը, ձեռք բերել ինքնավստահութիւն եւ աւելի արդիւնաւէտ ներգրաւուիլ դպրոցական կեանքին մէջ։

Աւարտելով, կրնանք ըսել, որ հոգեշարժողական կրթութիւնը անփոխարինելի է զարգացման ուշացումի կամ ուսումնական դժուարութիւններ ունեցող երեխաներուն համար։ Ան պէտք է դառնայ առօրեայ գործիք ծնողներու, մանկավարժներու եւ մասնագէտներու համար, որպէսզի երեխաները կարենան ստանալ անհրաժեշտ աջակցութիւն եւ զարգանալ իրենց ներուժով:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին