Կիրակի, 30. 06. 2024

spot_img

Ո՞վ Է Սփիւռքահայ Նիկոլականը

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

Մարդ մը, որ բացայայտ ու ամենայն լկտիութեամբ կ՛ոտնակոխէ, կը ծաղրէ ու կը վարկաբեկէ, կը զիջի ու կասկածի առարկայ կը դարձնէ, այն բոլոր արժէքներն ու սրբութիւնները՝ ամբողջական Հայաստան, Հայրենի հող, Մայր Աթոռ, Արարատ լեռ, Հայոց Ցեղասպանութիւն, որոնց մենք՝ (աւանդական) Սփիւռքահայերս, պանծացուցած, երազած ու երկիւղածութեամբ մօտեցած ենք, նաեւ անոնցմով ոգեշնչուած ու  սրբացուցած ենք իրենց յիշատակը: Մարդ մը, որ իր իշխանութեան գալուն առաջին իսկ օրէն, գրչի մէկ հարուածով լուծարած է Սփիւռքի նախարարութիւնը ու տարիներ շարունակ Սփիւռքը հայ պահած ու իրմով ներշնչած Հայ Մշակոյթի պահպանումին հանար ստեղծուած նախարարութեան գերկարեւորութիւնը անտեսելով միացուցած է առնչուած կամ ամենեւին անկապ մի քանի նախարարութիւններու հետ, անոր գլխուն նշանակելով ոլորտին հետ կապ չունեցող մարդիկ:

Ճակատագրի հեգնանքով այս մարդը, Հայաստանի Հանրապետութեան ոչ-բարով Վարչապետն է: Ու ամենազարմանալին այն է, որ ան տակաւին մեր մէջ ունի համակիրներու շարք մը ու զինք արդարացնողներու թէկուզ փոքրաթիւ փաղանգ, ընդ որում սփիւռքահայ համայնքներ ներկայացնող մեծ կամ փոքր հաստատութիւններու կամ կազմակերպութիւններու պատասխանատուներ:

Հանելուկ մը, որ չի կրնար պատահականութիւն սեպուիլ, այլ՝ քանի որ ան կը ներկայացնէ որոշ նախատիպ մը ապա պէտք է զայն համարել երեւոյթ ու զայն փորձել վերլուծել ըստ այնմ: Այս երեւոյթին համար այս գրութեան շարունակութեան համար կ՛ընտրեմ ամենաանմեղ անունը որ կարելի է. Նիկոլականութիւն:

Եւ ուրեմն, հիմնուելով առ այժմ իմ կողմէ անանուն ներկայացուող նմոյշներու ճանաչողութեանս ու իրենց պահուածքին ուսումնասիրութեան վրայ, հետագայ տողերով իմ կողմէ թիւով 12 դասակարգերու բաժնելով, համեստաբար պիտի փորձեմ, մատնանշել, թէ Ո՞Վ է Սփիւռքահայ Նիկոլականը: Պէտք է այստեղ անմիջապէս  նշել, որ բարոյագիտական նկատառումներով, նշեալ 12 դասակարգերէն դուրս պահած եմ Նիկոլականներու այն տեսակը, որոնց բնութիւնը ցաւօք զրկած է բանականութիւն ունենալու շնորհքէն:

Ա. Նուիրեալ Նիկոլական են սփիւռքահայ թունդ հակադաշնակցականները…: Այս մարդիկը պատրաստ են նոյնիսկ, թռչող բանին այծ կոչել, եթէ տուեալ էակին անունը, դաշնակները թռչուն դրած են: Այս մարդիկը համոզուած են, որ քանի Նիկոլն ու դաշնակները այսօր լաւ յարաբերութեան մէջ չեն, ուրեմն իրենք անվարան պէտք է ըլլան Նիկոլին կողմը, դաշնակներուն ղէրէզ: Կարեւոր  բան մը սակայն կը վրիպի նշեալ երդուեալ հակադաշնակցականներէն: Անոնք մոռցած են, որ ի վերջոյ իրենց սիրեցեալ Նիկոլին, Հայաստանի Ազգային Ժողովին մէջ 2018-ին, դաշնակցական պատգամաւորներու պլոքը ընտրեց Վարչապետ, չվարանելով իրենց կուսակցութեան շարքերէն արտաքսելու պատգամաւոր մը, որ սկզբունքային կեցուածքով մերժած էր իր քուէն տալ Նիկոլին: Աւելին, նոյն այդ դաշնակցականներն են, որ դարձեալ 2018-ին, համաձայն եղած էին նոյն իրենց Նիկոլին հետ կազմել քոալիսիոն կառավարութիւն մը, մինչեւ որ ջղային նոպայի մէկ պահուն, վերջինս դաշնակցական նախարարները իր կառավարութենէն դուրս դրաւ: Այս մարդոցմէ դարձեալ կը վրիպի այն փաստը, որ դաշնակները ունակ են (ունին նմանօրինակ պատմական նախադէպներ), ինչ որ գործարքի մը հաւանականութեամբ, դարձեալ Նիկոլին կողմը անցնիլ, բան մը, որ  նեղ պարագաներու բերումով Նիկոլը կրնայ գրկաբաց ընդունիլ, պարզ այն բանին համար, որ Նիկոլի համար ձեռնտու է իրեն ընդդիմադիր դաշտէն կազմակերպուած խումբ մը իր գիրկը, բերել, թքած ունենալով իր գրպանը սեպուած միւս բոլորին վրայ…: Այս երդուեալ հակադաշնակցականները պէտք է վերջապէս հասկնան, որ դաշնակցութեան դէմ կանգնելու ճիշդ ճանապարհը գետնի վրայ անոր հետ մրցունակ ըլլալուն մէջ կը կայանայ եւ ո՛չ թէ անոնց դէմ եղողին փէշին տակ մտնելու վարքագիծին մէջ, որ յատուկ է մանկապարտէզի աշակերտին, որ իր հօր, հօրեղբօր կամ մէկ ազգականին ուժեղ կամ արագ սլացող մեքենայով կը հպարտանայ…:

Բ. Նիկոլական են իրենց պատկանած կազմակերպութեան դաւանանքն ու սկզբունքը սխալ հասկցած սփիւռքահայ ոչ-դաշնակցական կուսակցականներ, որոնց պատճառաբանութիւնը այն է, որ իրենք շառաւիղներն են այն կազմակերպութեան, որուն անցեալի ղեկավարութիւնը,  Հայաստանի խորհրդային տարիներուն, հակառակ առկայ գաղափարական տարբերութեան, Հայրենիքը գերադասած են օրուայ իշխանութեան գաղափարախօսութենէն ու եղած են անոր կողքին: Այս պարզամիտներէն կը վրիպի այն կարեւոր հանգամանքը, որ Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարութիւնը ազգային գաղափարախօսութեամբ կոփուած ղեկավարութիւն էր, որ կարելի չէ համեմատել այսօրուայ իշխանութեան փերեզակներուն հետ: Խորհրդային Հայաստանի ղեկավարները, Հայաստանի խորհրդանիշին վրայ ամէն գնով Արարատը դրոշմած,  Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը կանգնեցուցած, մեզի Հայրենիք ու մշակոյթ ժառանգ ձգող ղեկավարութիւն էին, մինչ այսօրուայ իշխանիկները իրենց աթոռին կամ փորին համար պատրաստ են մեծաքանակ կամ փոքրաքանակ կարգով ծախելու հայրենիքէն անգին բեկորներ իր մէջի ժողովուրդով հանդերձ…:

Գ. Իրենց ծննդավայրերուն մէջ երկրորդ կարգի քաղաքացի զգալու կամ սեփական պետութեան մէջ չապրելու բարդոյթով մեծցած սերունդ մը կայ Սփիւռքի մէջ, որուն համար Հայրենի պաշտօնակատարի մը հետ հանդիպիլը կամ անոր հետ նկարուիլը մեծ փառք կը սեպուի: Ասոնք ալ Նիկոլական են այսօր, որովհետեւ այնպէս պատահեցաւ, որ Հայաստանի այսօրուայ ղեկավարը՝ Նիկոլն է, որուն հետ կամ իրենց ծննդավայրին մէջ գործող կամ հիւրաբար այնտեղ այցելող Նիկոլի գործակիցներուն՝ դեսպան, նախարար, պատգամաւոր, եւայլնին հետ առիթներով պատկեր քաշուիլը, ահագին կը նպաստէ իրենց փոքր անձերուն ինքնահաստատման խնդրին, հետագային հպարտութեամբ ցոյց տալու համար իրենց կողակիցներուն կամ բարեկամներուն…:

Դ. Այսօր Նիկոլական են Հայաստանի մէջ ատենին (նախկիններուն օրօք) ինչ որ գործ հիմնած, սակայն իրենց կողմէ  անոր ապիկար տնօրինման պատճառով մեծ վնասներ ստացած սփիւռքահայերը: Սակայն իրենց սեփական սխալը չընդունելով կը շարունակեն մեղաւոր գտնել «Սերժիկ»ն ու «Սաշիկ»ը: Չմոռնալով «Քոչ»ն ու «Միշիկ»ը:

Ե. Նիկոլական է, այն սփիւռքահայը, որ այսօր Հայաստանի մէջ ինչ, որ պաշտօնի կը ձգտի, կամ պաշտօնի կամ աշխատանքի մը վրայ է եւ չուզեր կորսնցնել: Կամ նպատակ ունի ինչ որ հիմնարկ կամ գործ հիմնել, կամ կապալառուական մրցոյթի (tender) մասնակցիլ ու իր արեւելեան խելապատիկով կը կարծէ, որ կարիքը ունի իշխանաւորներու ուասթային:

Զ. «Ոտքի»ին հետ միշտ ըլլալ ուզող պատեհապաշտ սփիւռքահայերու խումբ մըն ալ կայ, որ այսօր անշուշտ Նիկոլական է:

Է. Նիկոլական են, այն սփիւռքահայերը, որոնց ծննդավայրերը եղած են ցկեանս կամ նաեւ իրենց նախագահութեան պաշտօնը իրենց զաւակներուն ժառանգ ձգող «աստուածատուր» նախագահներ ունեցող երկիրներ: Այս մարդոց  մօտ երկրի ղեկավարի անձին պաշտամունքը դրոշմուած է իրենց մանկութեան դաստիարակութեան մէջ, եւ իրենց համար անհասկանալի ու նաեւ մահացու կարծուող երեւոյթ է Հայաստանի օրուայ իշխանութեան դէմ ըլլալու գաղափարը:

Ը. Նիկոլական են 2018-ի այսպէս կոչուած «Թաւշեայ յեղափոխութենէն» մեծապէս ու անտեղի ոգեւորուածներ, որոնք Հայաստանի փտածութեան կամ «Մերժիր Սերժին» թեման այնպէս մը որդեգրած էին, որ կարծէք իրենք կու գային, ոչ թէ փտածութեան մէջ մինչեւ խորը թաղուած Մերձաւոր արեւելեան կամ ափրիկեան երկիրներէ, այլ՝ մարդկային արդի պատմութեան քաղաքակրթութեան ու զարգացման իտէալը հանդիսացող՝ սքանտինաւեան մայրաքաղաքներէ..:

Թ. Տակաւին Նիկոլական է այն, որ ժամանակին թունդ նիկոլասէր էր, սակայն հակառակ իր ապրած մեծ յուսախաբութեան, այսօր կ՛ամչնայ իր ընկերներուն առջեւ խոստովանելու, որ ինք սխալած էր…:

Ժ. Հին քաղաքակրթութիւններու մէջ պաշտամունքի առարկայ Phallus-ը (տղամարդու սեռային գործարանը ներկայացնող խորհրդանիշ) կամ նշանաւոր հոգեվերլուծաբան Սիկմունտ Ֆրոյտի գործերուն մէջ նշուած Phallus-ի ազդեցութիւնը մարդկային հոգեբանութեան վրայ, ինչ որ չափով առնչուած է Նիկոլականութեան հետ (այս պարագային, ոչ միայն սփիւռքահայ): Այս երեւոյթը աւելի շեշտուած է կարգ մը «ընկճազրկուած» կիներու մօտ: Այս կիներուն (եւ ոչ անպայմանօրէն միայն կիներուն) հոգեմտածողութեան մէջ Նիկոլի super վարչապետի հանգամանքն ու իր հակառակորդները «ասֆալտներուն վրայ փռելու» «գլուխները ջարդելու», կամ «տեղները նստեցնելու» մեծբերան սպառնալիքները, «պողպատեայ մանդատ» ունենալու հեքիաթը եւ նմանօրինակ իբր թէ առնականութիւն յուշող դրուագներ,  ոմանց մօտ զուգորդուած եւ նոյնացուած են վերեւը նշուած Phallus-ի պաշտամունքի երեւոյթին հետ, եւ … ստեղծած Նիկոլականութեան տուեալ դասակարգը:

ԺԱ. Պատահականութեան բերմամբ կամ ինչ որ վրիպումով մը «նախկիններէն» մետալ, շքանշան կամ գնահատանքի գիր մը չստացածներու խումբ մը մարդիկ կան Սփիւռքի մէջ, որոնք իրենց նիկոլականութեամբ կը փորձեն վրէժ լուծել այդ «անփափկանկատ» նախկիններէն, որոնք մետալներ շնորհած են իրենց կողմէ անարժան նկատուած մարդոց, մինչ զլացած են գնահատել իրենց նման «ազգային արժէքներ»-ը…:

ԺԲ. Վերջին դասակարգը վերապահած եմ ամէնավտանգաւոր տեսակի Նիկոլականներուն: Այս մարդիկը իրենց դաստիարակութեամբ ու կազմաւորումով, միջազգայնական (Internationalist) կամ համաշխարհայնական (globalist) են կամ cool կը նկատեն այդպէս ըլլալը: Այս մարդոց հայեցակարգը շրջանցած է ազգայինը եւ իրենք կ՛ապրին ու կը գործեն, որպէս աշխարհաքաղաքացիներ: Նշեալները, ինչպէս նաեւ այս դասակարգէն թէկուզ անկախ՝ աղանդաւորներ, նաեւ սեռային տարբեր հակումներ, ճաշակ ու նախընտրութիւններ ունեցողներ, Հայաստանի այսօրուայ իշխանութեան կարգ մը  ներկայացուցիչներուն այլասեռութեան, աղանդաւորութեան,  «խաղաղասիրութեան», «ազատամտութեան» եւ այլանդականութեան մէջ կը գտնեն իրենց հայեցակարգերուն հետ նմանողականութիւն, հետեւաբար դաշնակից: Այս պատճառով ալ ոգի ի բռին հակած են Նիկոլականութեան:

***

Վերջապէս, տեղ տեղ երգիծական ոճով հրամցուած կամ խոշորացոյցով ներկայացուած, սակայն իրականութեան մէջ գիտնալով կամ առանց գիտնալու, ազգային աննախադէպ ողբերգութեան մը մէջ դերակատարութիւն ունեցող վերոյիշեալ պարագաները դժբախտաբար այնքան կուրցած են իրենց ինքնակեդրոն պահուածքին մէջ, որ չեն ուզեր անդրադառնալ, թէ զուտ անձնական ու շատ յաճախ ճղճիմ հաշուարկներով, անհայրենիք իշխանութեան մը ղեկավարին քաղաքական կեանքը անուղղակիօրէն կ՛երկարաձգեն, նոյն ատեն արդարացնելով իր անհայրենիք ամէն կեցուածքն ու քայլը:

Մեր միակ մխիթարանքը այսօր այն է, որ ի հեճուկս Նիկոլականներուն, իրենց կուռքն ալ ուշ կամ կանուխ պիտի փլի, ինչպէս նմանօրինակ բոլոր «կուռքեր»ուն վերջը խայտառակութիւնը եղած է մարդկային պատմութեան մէջ: Տայ Աստուած, որ սակայն մինչեւ այդ անխուսափելի փլուզումը, Նիկոլի հասցուցած վնասը մեր Հայրենիքին, բացարձակ անշրջելի չըլլայ: Ցաւօք անշրջելի պիտի մնայ սակայն անշուշտ հինգ հազար լոյս տղաներուն կեանքը, որոնց անմեղ արեան պատասխանատուութիւնը ամբողջութեամբ կը կրէ Նիկոլը եւ մասամբ մըն ալ կը կրեն անշուշտ 12 գլխանի Նիկոլաճիւաղները:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին