Կիրակի, 30. 06. 2024

spot_img

Կասկածելի Տողատակով Անտեղի Մեղադրանքի Մը Առիթով

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

Վերջերս ափսոսանքով կարդացինք, ՌԱԿ Հանրապետական Վարչութեան յայտարարութիւնը, մեր թերթին 18 Մայիս 2024-ի թիւին մէջ լոյս տեսած «Հայ Ազգային Ռամկավար Կուսակցութեան» վերջին յայտարարութեան մասին:

Նախ շնորհակալութիւն կ՛ուզենք յայտնել, նշեալ վարչութեան, մեզի տուած առանձնաշնորհումին համար: Իրականութեան մէջ,  «Հայ Ազգային Ռամկավար Կուսակցութեան» յայտարարութիւնը լոյս տեսած էր, տասնեակ մը լրատուական կայքերու վրայ, ընդ որում Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շատ մը օրկաններուն մէջ: Սակայն նշեալ վարչութիւնը հարկ տեսած էր միայն մեր թերթին դէմ յայտարարութիւն մը հրապարակել: Ամէն պարագայի, շոյուած ենք այս անուղակի գովազդին համար: Միւս կողմէ կ՛ենթադրենք, որ նշեալ վարչութեան (որ պարզ է թէ ունի նիկոլամէտ հակումներ) կամ անոր ետին կանգնողներուն նպատակներէն էր «հաղորդում» մը տալ մեր Հայրենիքին իշխանութիւնը զաւթած իշխանութեան, ԶԱՐԹՕՆՔ-ին ընդդիմադիր արեւելումին մասին:

Առ ի տեղեկութիւն նշեալ վարչութեան, յստակացնենք, թէ մեր թերթին ընդդիմադիր արեւելումը նորութիւն մը չէ: Մեր սկզբունքային կեցուածքը հանդէպ այսպէս կոչուած «Թաւշեայ յեղափոխութեան» յստակ էր նշեալ պատմական թիւրիմացութեան առաջին իսկ օրէն: Ի դէպ  մեր հակադրութիւնը անձի մը դէմ չէր, այլ այդ «թաւշեայ» շարժումին մասնակից ու անոր ետին կանգնած աշխարհաքաղաքական ամբողջ համակարգին: Մերձաւոր Արեւելեան քաղաքական մեր հոտառութեամբը մեզի համար յստակ էր, թէ այդ «յեղափոխութեամբ» հաստատուելիք նիկոլիզմը, մեր երկիրը լաւ տեղ պիտի չառաջնորդէր: Հետեւաբար ի զուր է նշեալ վարչութեանը, Հայաստանի իշխանութիւններուն «հաղորդում» մը տալու ճիգը, երբ մեր կեցուածքը արեւի պէս յստակ է վեց տարիներէ ի վեր:

Ինչ կը վերաբերի անոր բովանդակութեան մանրամասնութիւններուն, նախ մեզի կը թուի, որ անոր հասցէն սխալ  է: Կուսակցութեան անուան շուրջ բարձրացուած գանգատը, մեր թերթին չի վերաբերիր: Հետեւաբար լաւ պիտի ըլլար, որ ՌԱԿ Հանրապետական Վարչութիւնը իր հարցերը լուծէր նոր հաստատուող կուսակցութեան հետ՝ հեռու մեր թերթէն:

Մենք ընդամէնը, մեզի գործընկեր մամուլի ներկայացուցիչներուն շարքին յայտարարութիւն մը ստացած էինք, որուն բովանդակութիւնը մենք մեզի համար ճշդած ազգային ուղեգիծին համահունչ համարելով՝ հրատարակած, որուն համար Ո՛Չ մէկուն հաշուետու ենք:

Յայտարարութիւնը հրատարակած ենք սակայն բնականաբար զայն ստորագրողին պատասխանատուութեամբ, իսկ ինչ կը վերաբերի այն յորջորջումին, թէ յայտարարութիւնը ստորագրող կուսակցութիւնը տակաւին պետականօրէն չէ գրանցուած, ապա արդարութեան համար ըսենք, որ այս մանրամասնութիւնը խնդրոյ առարկայ յայտարարութեան մէջ անկեղծ ու յստակ նշուած էր (Տես ԶԱՐԹՕՆՔ 18 Մայիս 2024, էջ 2): Հետեւաբար մեզի չի վերաբերիր անոր անուան շուրջ ստեղծուած աղմուկը (ՌԱԿ Հանրապետական Վարչութիւնը, ինչպէս կ՛երեւի վրդովմունքի իր յայտարարութեան մէջ, ըստ երեւոյթին դժգոհ է գրանցումի գործընթացին մէջ գտնուող կուսակցութեան անուան մէջ Ռամկավար բառին նշումէն):

Բայց քանի, որ մեր կամքէն անկախ մեզի ստիպեցին ներգրաւուիլ այս անհեթեթ մրցակցութեան մէջ, ապա մեզի կը մնայ յուշել հետեւեալները: «ռամկավար» եզրոյթը, յատուկ կամ հեղինակային իրաւունք ունեցող բառ մը չէ: Բառարանային իմաստով, ան կը նշանակէ «Ժողովրդավար», «Դեմոկրատ», մինչ իրենց անուան մէջ այս վերջին բառերուն գործածութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կան թիւով նուազագոյնը տասը կուսակցութիւն: Աւելին, նշենք, որ «ազատական բառի գործածութեամբ կան նուազագոյնը երկու կուսակցութիւն, ինչպէս, որ օրինակի համար իրենց անուան մէջ գաղափարական իմաստ ունեցող «կոմունիստ» բառի գործածութեամբ Հայաստանի մէջ կը գործէն նուազագոյնը երեք կուսակցութիւններ:

Հիմնուելով այս փաստին վրայ, մեզի համար անհասկանալի է ՌԱԿ Հանրապետական Վարչութեան տարտը այս իմաստով, ինչպէս ցաւալի է, որ նշեալ կուսակցութիւնը հակառակ Հայաստանի արդի պատմութեան մէջ իր ունեցած փառաւոր անցեալին, վերջերս ցաւօք, մեր վրայ այն տպաւորութիւնը կը ձգէ, որ իր մտային եւ քաղաքական ամբողջ կառուցուածքը սկսած է հիմնել տակաւին չգրանցուած կուսակցութեան մը հետ մրցակցութեան վրայ, որուն աւարտը եւ ըստ մեր կազմակերպութեան բաղկացուցիչ կամ պատմութեան մէկ պահով իրար հակասող տարրերուն մէջ աճեցուած վերջին 30 տարիներու «բարի» սովորութեան, հեռու չէ, որ ըլլայ  ողջագուրումով ու կարկանդակի հատումով եւ ամէնակարեւորը՝ ժպտերես պատկերներ քաշուելով…:

Հետեւաբար ինչո՞ւ է այս պայքարը, որ կը ջլատէ մեր արդէն իսկ մահամերձ ուժերը, նամանաւանդ մեր ժողովուրդին դիմագրաւած այս արհաւիրքներով լեցուն օրերուն, եւ յօգուտ որո՞ւն է այս մրցակցութիւնը, երբ չունինք բազմահազար շարքայիններ հաշուող ներուժի մը ճոխութիւնը:

Աւարտին նշենք, որ հիմնուելով այն իրողութեան վրայ, թէ խնդրոյ առարկայ յայտարարութիւնը հրապարակող տասնեակ մը լրատուամիջոցներուն մէջ ընտրուած է յարձակիլ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին վրայ, մինչ լրագրական տարրական օրէնքով կարելի էր ընդամէնը նամակ մը յղել խմբագրութեան խնդրելով իրենց դժգոհութիւնը յայտնող յայտարարութեան մը տեղ տալ մեր թերթին մէջ, որ մեր կողմէ փրոֆեսիոնալ պահուածքով մը անպայմանօրէն պիտի ընդառաջէինք: Իսկ թէ ինչո՞ւ ընտրուած է այս ոճը, մենք կը կարծենք, որ ահա այստեղ է թաղուած «շան գլուխը»:

Մենք վստահ ենք, որ ՌԱԿ Հանրապետական Վարչութեան անդամներուն մէջ, ներառեալ կուսակցութեան անունով յայտարարութիւնը ստորագրողները անմեղսունակ են, ի տարբերութիւն իրենց ետին՝  մութին մէջ դաւողներուն: Սակայն այս յայտարարութեան այս ձեւով հրապարակումին ու մեզի թիրախաւորումին փաստը մեզի անխուսափելիօրէն կը յուշէ, որ ան կրնայ նախակարապետը ըլլալ ԶԱՐԹՕՆՔ-ին ու անոր խմբագրութեան դէմ շղթայազերծուելիք յառաջիկայ «յարձակումի» մը, որուն մասին նախօրօք կը վստահեցնենք մօտիկին ու հեռուին, որ ո՛չ միայն ի զուր է, այլ անոր հակադարձութիւնը պիտի ըլլայ աւելի քան ուժգին, ի հեճուկս այն մարդոց, որոնց կուսակցաքանդ մարմաջը 30 տարիներէ ի վեր տակաւին յագուրդ չէ գտած, վերջերս ալ մեղսակից ու գործակից ունենալով թրքաբարոյ իշխանութիւն մը, որուն հետ մենք վստահ ենք, թէ իրենք ալ շուտով պիտի երթան պատմութեան աղբանոցը, ոչ-անպայմանօրէն խաղաղութեամբ հանգչելու հոն:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

Մեկնաբանէ՛

Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր մեկնաբանութիւնը։
Խնդրում ենք այստեղ մուտքագրել Ձեր անունը։

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին