Երեքշաբթի, 16. 07. 2024

spot_img

Ազգային Ողբերգութեան Աննախադէպ Ցուցանիշ Մը Եւս

Համաշխարհային Հեղինակաւոր Հիմնարկ  Մը Հայաստանի Վարչապետը Կը Մեղադրէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ժխտման Ծպտեալ Ներգրաւուածութեամբ

Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման Լեմքինի հիմնարկը Նիկոլ Փաշինեանին մեղադրած է Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման ծպտեալ ներգրաւուածութեան մէջ:

Աւելի մեծ ամօթ կարելի չէր երեւակայել ի լուր այս աննախադէպ խայտառակութեան, երբ ո՛չ թէ թուրքիոյ, այլ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետն է մեղադրեալը նման ազգադաւ ընթացքի համար:

Արդարեւ, նշեալ՝ համաշխարհային հեղինակութիւն վայելող լուրջ հաստատութիւնը, հիմնուելով Նիկոլ Փաշինեանի սոյն թուականի Ապրիլ 24-ի առիթով ըրած յայտարարութիւններուն վրայ, լրջագոյն ամբաստանութիւն մը ուղղած է իրեն: Նշեալ հիմնարկը նաեւ անդրադարձած է ՔՊ-ական պատգամաւոր Անդրանիկ Քոչարեանին մէկ ամօթալի խօսքին, որուն մէջ նշեալ «Հայ» պատգամաւորը, կ՛առաջարկէր անուն առ անուն պարզել, թէ ովքե՜ր են Ցեղասպանութեան 1.5 միլոն զոհերը: Մեր կողմէ աւելցնեմ, որ սա, այն խմբակցութեան անդամ պատգամաւորն է, որուն իշխանութեան օրօք տեղի ունեցած 44-օրեայ պատերազմին զոհուած կամ անյայտ կորած մեր մատղաշ սերունդի տղոց յստակ անուանացանկը 4 տարիէ ի վեր չկրցաւ հրապարակել…:

Զեկոյցին մէջ նշուածը, Հայաստանի թիւ մէկ քաղաքական անձնաւորութեան,  Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացման հաստատումն է: Նման վարկ ունեցող Հիմնարկի մը յստակ մեղադրանքին մասին ՀՀ ներկայ իշխանիկները բնականաբար շատ բան չեն կրնար ըսել: Չեն կրնան զայն  5-րդ շարասիւն կոչել, ո՛չ ալ կրնան իրենց յատուկ աժան «շուտասելուկով», «նախկինները» ամբաստանել Լեմքինի հիմնարկին նման հաստատութիւն մը, օրինակ,  կաշառած ըլլալու հեքիաթով…:

Լեմքինի հիմնարկի հրապարակած վերլուծութիւնը իսկապէս ողբերգական է մեր ժողովուրդին համար, որովհետեւ այս հիմնարկը , որուն հիմնարար նպատակը ցեղասպաններու մատնանշումն  է ու ցեղասպանութիւններու կանխարգիլումը,  կը յայտարարէ, որ ՀՀ վարչապետը ապրիլի 24-եան իր յայտարարութիւններով կը հարուածէ ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման հիմնարար պարտաւորութիւնները։ Հրապարակուած յայտարարութիւնը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ հետեւեալ կապով. www.lemkininstitute.com/statements-new-page/statement-condemning-prime-minister-nikol-pashinyan’s-cryptic-engagement-with-genocide-denial

Եթէ պիտի աւելի յստակացնենք յայտարարութեան ահաւորութիւնը, ապա ըստ վերլուծութեան, Հայաստանի Վարչապետի պաշտօնը ունեցող անձը, իր արտայայտութիւններով պաշտօնապէս կ՛ուրանայ Հայոց Ցեղասպանութեան կատարման փաստը: Անհերքելի փաստ մը, որ աշխարհի շատ մը երկիրներ ճանչցած են, ընդ որում նաեւ անոր ժխտումը քրէականացուցած, շնորհիւ Հայ Սփիւռքի տարիներու վրայ երկարող համատեղ ու հետեւողական ջանքերուն։

Ըստ Լեմքինի հիմնարկի սահմանումին, ցեղասպանութեան մը ուրացումը եւ ի հետեւանք, անոր  ժխտումը ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կը դարձնէ տեւապէս գործադրուող: Այսինքն չաւարտած յանցագործութիւն, քանի որ անոր հետեւանքները շարունակական են։

Աւարտին, եթէ ուզենք ամփոփել  համաշխարհային հիմնարկին մեղադրանքին միտք բանին, ապա կը ստացուի, որ Հայաստանի Հանրապետութեան (ոչ բարով) վարչապետը հանդիսացող Նիկոլ Փաշինեանը, իր կեցուածքներով մասնակից կը դառնայ Հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած ու տակաւին գործադրուող Ցեղասպանութեան:

ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին